Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Ալիեւի դիմակը վար առնող մը

France 24 պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, փետրւարի 12-ին, տեղեկագրական-վաւերագրական հաղորդումներուն շարքին (Reporters), լուսարձակի տակ բերաւ Ադրբեջանի բռնատիրական վարչակարգին եւ անոր բռնապետին հակաժողովրդավար ընթացքը, մարդու իրաւունքներու աղաղակող ոտնակոխումի փաստերը եւ այլ բաներ:

Հաղորդումը, անգլերէնով, աւելի քան 22 վայրկեան է եւ խորագրւած՝ Torture in Azerbaijan: Europe looks away (Տանջանքները Ադրբեջանի մէջ. Եւրոպա ուրիշ կողմ կը նայի), կարելի է գտնել հետեւեալ կապով. https://youtu.be/A99kbwShmvI

Ժապաւէնին բացումը կատարւեցաւ Ալիեւի ու վարչախումբին հակառակորդ եւ Ֆրանսիա ապաստանած երիտասարդի մը հետ զրոյցով (որմէ մասնիկներ տրւեցան նաեւ աւելի ուշ): Ան բանտարկւած է եւ ծանր տանջանքի ենթարկւած, որովհետեւ քննադատած է Ալիեւի մենատիրական բռնատիրութիւնը: Ֆրանսիայի մէջ ալ, քանիցս «անծանօթներէ» յարձակում կրած է եւ ծանրօրէն վիրաւորւած: Հաղորդումը զրոյցներ կը բովանդակէր Ադրբեջանի մէջ մարդու իրաւանց պաշտպաններու, նմանապէս բռնադատութիւններու ենթարկւած ու ազերի նախկին դեսպանի մը հետ, որոնք բացայայտեցին Ադրբեջանի իշխանաւորին բեռնատիրութեան տարբեր երեսները: Լուսարձակի տակ բերւեցան Եւրոպական Համայնքին եւ Ադրբեջանի յարաբերութիւններուն մէկ քանի ծալքերը, օրինակ՝ «խաւիարի դիւանագիտութիւն»-ը, Ադրբեջանի հետ բարեկամութեան հիմերն ու նաւթի ապահովումը եւ այլն:

Վաւերագրականը յայտնապէս պատրաստւած էր Ադրբեջանի մէջ նախագահական վերջին ընտրութիւններուն խայտառակութիւնները բացայայտելու միտումով, քանիցս շեշտւեցաւ, որ Ադրբեջանի բանտերուն մէջ կան բազմահարիւր քաղաքական բանտարկեալներ, որոնց մասին միշտ ալ հերքում տրւած է Բաքւէն, եւ սակայն, Եւրոխորհուրդը վերջերս չկրցաւ կուլ տալ սուտերը եւ ժամանակաւորապէս կախակայեց ադրբեջանցիների ներկայացուցիչները: Հպանցիկ ակնարկութիւն կատարւեցաւ նաեւ Հայաստան-Ադրբեջան «պատմական թշնամութեան» ու Արցախի գրաւման:

Եթէ փորձենք խտացնել հաղորդումին միտք բանին, կրնանք ըսել, որ տեղեկագրողները կուզեն ցոյց տալ, որ հոն՝ Կովկասի հարաւային գօտիին մէջ, կայ մենատիրական-բռնատիրական երկիր մը, որուն նկատմամբ Եւրոպա հանդուրժողութիւն ցոյց կու տայ շահադիտական նկատումներով, ընդհանրապէս չուզեր տեսնել դաժան իրականութիւնը եւ հմայւած է նաւթով ու խաւիարով:

* * *

Նման հաղորդումներ, այսինքն՝ Ադրբեջանի ու Թուրքիոյ իրական դէմքը ցոյց տւող փաստագրումներ հազւադէպ են արեւմտեան – եւ ոչ միայն արեւմտեան – աշխարհին մէջ:

Իրականութեան մէջ, եթէ քիչ մը քննական մօտեցումով դիտենք հաղորդումը, կրնանք արձանագրել բազմաթիւ նկատողութիւններ, նա՛եւ թերի մասեր: Սկսելու համար, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն եղաւ մեծ ոճիրին՝ Արցախի պաշարման, անոր վրայ կրկնակի եւ մահասփիւռ յարձակումներուն, հայաթափման՝ որ ցեղասպանական արարք է ի վերջոյ, ո՛չ ալ նոյնինքն նախագահական ընտրութիւններուն խայտառակ բեմադրութեան մասին: Յետոյ, երբ կը խօսւէր բազմահարիւր քաղաքական բանտարկեալներու մասին, որոնց յանցանքը Ալիեւը քննադատել է, ո՛չ մէկ ակնարկութիւն եղաւ այն հայերուն մասին (Արցախի պետական գործիչներ, զինւորներ, պարզ քաղաքայիններ), որոնք գերի ու պատանդ կը մնան Բաքւի մէջ: Եւրոխորհուրդէն արտաքսւած ազերի պատգամաւոր մը, նաեւ ազերի դեսպան մը յայտարարեցին, որ իրենց երկրին մէջ քաղաքական բանտարկեալներ չկան: Ազերի պատգամաւորը մինչեւ իսկ ժպրհեցաւ ըսել հարց տւող լրագրողին, որ թերեւս ձեր երկիրներուն մէջ կան քաղաքական բանտարկեալներ (յստակ չէր, թէ հարցնողը արդեօք Հայաստանէ՞ն էր…):

Իսկ եթէ հարց տանք, որ France 24-ը ինչո՞ւ այս շեղումը կատարած է (չէ՞ որ եւրոպական զանգւածային մամուլը, նոյնինքն Բորէլներ եւ այլ ներկայացուցչական դէմքեր խանդավառ են Ալիեւի վերընտրութեամբ եւ կը յամառին չտեսնել անոր բռնատիրական ընթացքը), կրնանք ատոր պատասխանն ալ գտնել: Վերջին շրջանին, Ադրբեջանի եւ Ֆրանսիայի միջեւ «սեւ կատու» մը անցած է: Ադրբեջան իբրեւ կողմնակալ կը մեղադրէ Ֆրանսիան եւ զայն կը դատապարտէ Հայաստանը զինելու յանցանքով, Ֆրանսիա ալ, իր կարգին, համապատասխան հակադարձութիւններ կը կատարէ: Մանրամասնութիւնները ծանօթ են, այդ թղթածրարին մելանը տակաւին թաց է (հիմա մելան չի գործածւիր, գիտենք):

* * *

Ինչո՞ւ կարձանագրենք այս բոլորը:

Պէտք կա՞յ մանրամասնօրէն բացատրելու: Իբրեւ Ադրբեջանէն ու անոր բռնատէրէն վնասւած կողմ՝ Հայաստան եւ հայութիւն, բոլո՛ր միաւորներով, պարտաւոր ենք ո՛չ միայն հետեւելու նման հաղորդումներու, այլ նաեւ օգտագործելու նման առիթներ՝ վար բերելու համար Ալիեւի ու անոր «մեծ եղբօր»՝ Էրդողանի բազմախաւ դիմակները: Աւելին, մեր դիւանագիտութեան բազուկն ու քաղաքական աշխատանքի դաշտին մէջ եղողները՝ Հայ Դատ եւ նման միաւորներ, պէտք է իրե՛նք ըլլան նախաձեռնող՝ նման հաղորդումներու պատրաստութեան համար: Սա կը նշանակէ մեր ռադարներ-ը բաց պահել բոլոր ուղղութիւններով (չենք ըսեր, որ այդ ռադարները չեն բանիր, սակայն բանողը բաւարար չէ, երբեմն կը մնայ միայնակ): Ամենէն կարեւորը՝ պէտք է վերջ տալ Երեւանի իշխանաւորներուն այն խայտառակութիւններուն, որոնց խորագիրներն են միակողմանի խաղաղութեան հետամտութիւնը, Ադրբեջանի մէջ գործակից փնտրելը, ա՛յն Ադրբեջանին՝ որ ոգի ի բռին կը հետապնդէ Հայաստանն ու հայութիւնը վերջնականապէս բնաջինջ ընելու համաթուրանական ծրագիրը, եւ… գործակիցներ գտած է Երեւանի մէջ:

Ֆրանսիական յիշեալ կայանին նախաձեռնութիւնը՝ Ալիեւի վարչակարգին դիմակը մասամբ վար առնելը բնականաբար ողջունելի է, սակայն կը մնայ կիսկատար: Սպասելի է – եւ ահա հո՛ս է մեր դերը – որ լրատու այլ աղբիւրներ եւս հետեւին այս քայլին, առեւտրական եւ շահակցական հաշիւները տեղ մը բաժնւին քաղաքական հաշւարկներէ (կարելի՞ է. վստահաբար այո, քանզի այլ տեղեր կըլլան, երբ համապատասխան աշխատանք տարւի), սեւն ու սպիտակը զատորոշւին եւ համապատասխան ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ քայլեր առնւին:

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
12 փետրւարի 2024

Related Articles

Back to top button