ՍփիւռքՔաղաքական

Արամ Ա կաթողիկոսը ցաւակցագիր է յղել Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդ այաթօլլահ Ալի Խամենէիին

Երկուշաբթի՝ մայիսի 20-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հոգեւոր առաջնորդին՝ այաթօլլահ Ալի Խամենէիին յղած նամակով, իր խոր ցաւակցութիւնը յայտնեց ուղղաթիռի արկածի հետեւանքով իրենց կեանքը կորսնցուցած Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Սէյէդ Իբրահիմ Ռէյիսիի, արտաքին գործոց նախարարի, Արեւելեան Ատրպատականի կառավարիչի եւ անոնց ուղեկցող պետական անձնաւորութիւններու մահւան առիթով:

Նորին Ս. Օծութիւնը նաեւ իր վշտակցութիւնը յայտնեց յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի հայ համայնքին, զոհւածներու ընտանիքներուն եւ Իրանի ժողովուրդին:

Վեհափառ Հայրապետը յիշեց, որ Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից ներկայ ժամանակներուն Իրանի պետական պատասխանատուներուն ողբերգական մահը կրնայ նոր դժւարութիւններ ստեղծել՝ ի խնդիր արդարութեան ու խաղաղութեան համար տարւող աշխատանքներուն: Վստահ ենք, որ Աստուծոյ օժանդակութեամբ կարելի պիտի ըլլայ յաղթահարել ներկայ տագնապը եւ երկիրը առաջնորդել դէպի առաւել զարգացում, ինչպէս նաեւ շրջանէն ներս արդարութեան վրայ հիմնւած ամբողջական ու մնայուն խաղաղութիւն,- ըսաւ ան:

Related Articles

Back to top button