Ներկայ պատերազմէն պէտք է դուրս գանք ազգային միասնականութեան հասած նւազագոյն վնասներով, որովհետեւ Լիբանանի ապագան վտանգւած է
ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական բլոկի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի հոկտ. 29-ին «Էլ.Բի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու մէջ 5 նոյեմբերին նախատեսւած նախագահական ընտրութեան եւ Լիբանանի ու Գազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումին վրայ անոր ունենալիք ազդեցութեան մասին հարցումի մը յայտնեց, որ ընտրութիւնները ընդհանրապէս ոչինչ կը փոխեն, առաւելագոյն պարագային միայն մօտեցումներն են, որ կը փոխւին, որովհետեւ որոշումը ի վերջոյ ռազմավարական է, «խոր պետութիւն»-ն է, որ կիշխէ, եւ պետական շահերը գերակայ են: Ան նաեւ նշեց. «Չեմ կարծեր, որ 5 նոյեմբերէն առաջ որեւէ բան փոխւի»:
Անդրադառնալով զինադադարի հաստատման համար թափւող ջանքերուն` Բագրատունի ըսաւ. «Զինադադարի հաստատման ամէն ջանք ողջունելի է: Կը մաղթենք, որ լուծումի նախերգանքին հասնինք, սակայն բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չենք նկատեր»:
«ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 որոշումի ամբողջական գործադրութիւնը առանց առաւելի կամ նւազի Լիբանանի համար առաւելագոյն ընդունելի լուծումն է: Որեւէ այլ բան Լիբանանի գերիշխանութեան իսրայէլեան ոտնահարումներուն օրինականացում է»,- յայտնեց ան` նշելով, որ Լիբանանի պաշտօնական դիրքորոշումը «թիւ 1701 որոշումի գործադրութիւն եւ վերջակէտ» է:
Բագրատունի շեշտեց, որ ներկայ պատերազմէն պէտք է դուրս գանք ազգային միասնականութեան հասած նւազագոյն վնասներով, որովհետեւ Լիբանանի ապագան վտանգւած է:
Անդրադառնալով պատերազմի աւարտէն ետք վերակառուցման աշխատանքին` ան հարց տւաւ. «Ո՞ր պետութիւններն են, որոնք պիտի աջակցին վերակառուցման աշխատանքին եւ ի՞նչ նախապայմաններով»:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան հարցին, Բագրատունի յայտնեց. «Նախագահը պիտի ընտրւի զինադադարի հաստատումէն եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրումէն ետք: Նախագահ չընտրւելուն պատճառը համաձայնութիւն գոյացնելու համոզումին բացակայութիւնն է»:
Ան աւելցուց, որ նախագահը համաձայնական պիտի ըլլայ, իսկ եթէ նախագահ չընտրւի, խորհրդարանական ընտրութիւններ պիտի չըլլան` շեշտելով. «Երկիրը վտանգւած է: Ես ահազանգ կը հնչեցնեմ»: