![](/wp-content/uploads/2025/02/653-780x470.jpg)
Պատասխան 2025 թւականի յունւարի 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի Ցեղասպանութեան ժխտման յայտարարութիւններուն
«Եւրոպացիները Յանուն Արցախի» հարթակը զարմացած եւ ցնցւած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անընդունելի յայտարարութիւներէն: Այս յայտարարութիւնները, որոնք կասկածի կենթարկեն հաստատւած պատմական անհերքելի ճշմարտութիւններ եւ փաստեր, կանարգեն Ցեղասպանութեան զոհերը եւ վերապրողներու ժառանգները: Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը կընդգրկէ պատմաբաններու, քաղաքական գործիչներու, մարդասիրական կազմակերպութիուններու եւ Հայ քաղաքացիներու տասնամեակներու վրայ շարունակական նւիրական աշխատանքներ եւ այս անընդունելի յայտարարութիւնները կը փորձեն դրժել այդ ջանքերը:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը ամուր արմատներ ունի Եւրոպահայերու գործունէութեան մէջ, որուն շնորհիւ Եւրոպայի երկիրներու մեծամասնութիւնը ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանը ճանչցած են Հայ ժողովուրդի դէմ կատարւած այդ մեծ յանցագործութիւնը:
Որպէս եւրոպացիներ, վիրաւորական էր տեսնել, որ Հայաստանի վարչապետը կասկածի տակ կը մատնէ այս առաջընթացքը որուն համար Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Եւրոպահայութիւնը համագործակցած են տարիներ շարունակ:
Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերը պէտք չէ ենթարկւին որեւէ ներքին կամ յաւերժ արտաքին քաղաքական դրդապատճառի:
Քաղաքական նպատակներով այս ճակատամարտի որոշ ասպեկտները կասկածի տակ դնելը միայն կը նպաստէ մեր թշնամիներուն ապատեղեկատւական արշաւներուն, որոնք կը ձգտին աղաւաղել ճշմարտութիւնը:
Արցախի ժողովուրդը ենթարկւած է Ցեղասպանութեան եւ էթնիկ զտումի: «Եւրոպացիներ Յանուն Արցախի» հարթակը կը ձգտի միջազգային հարթակներու վրայ ապահովել մարդկութեան դէմ այս ոճիրին դատապարտման եւ պատասխանատուներուն պատժելիութեան:
Պատասխանատւութիւն հաստատելը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումը անհրաժեշտ են արդար խաղաղութիւն հաստատելու համար։
Ընդունւած վարկած է որ երբ ոճրագործը չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղչար իր գարշելի արարքին համար, միշտ կարող է կրկնել այդ մէկը:
Նոյնն է պարագան Թուրքիոյ հետ: Չընդունիր իր ոճիրը եւ չի զղջար: Կրկնութիւնը Ցեղասպանութեան ապրեցան Արցախի մեր հայրենակիցները:
Ցեղասպանութեան ուրացումը Թուրքիոյ կողմէ եւ անոր ներկայիս հարցականի տակ դնելը ՀՀ Վարչապետին կողմէ, լուրջ վտանգի կրնան ենթարկել Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութիւնն ու ապագան:
«Եւրոպացիները Յանուն Արցախի»
10 փետրւարի, 2025 թ.