Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոս. ««Քրիստոնէութիւնը Ադրբեջանի մէջ» թեմայով գումարւող միջազգային համագումարը Վատիկանի կրէկորեան համալսարանին մէջ, խոր ցաւ ու ընդվզում յառաջացուց մեր ժողովուրդին մօտ»

Ուրբաթ, 11 ապրիլ 2025-ին, Վատիկանի Արեւելեան Կաթոլիկ Եկեղեցիներու բաժանմունքի ընդհանուր պատասխանատուին՝ քարտինալ Ք. Կիւճերոթիին ուղղած իր նամակին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը անդրադառնալով Վատիկանի Կրէկորեան համալսարանին մէջ այս օրերուն տեղի ունեցող «Քրիստոնէութիւնը Ադրբեջանի մէջ» անունը կրող համագումարին, իր խոր ցաւն ու ընդվզումը յայտնեց: Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ յիշեալ համագումարին միակողմանի կերպով կազմակերպումը, առնչւած անոր քննարկելիք նիւթերուն ու դասախօսներուն, յատկապէս հայ եկեղեցւոյ հետ աղերս ունեցող նիւթերուն, եւ հայ դասախօսներուն բացակայութիւնը, բացայայտ անարդարութիւն մըն է պատմական ճշմարտութեան դէմ:

Վեհափառ Հայրապետը քարտինալ Կիւճերոթիին, որ յայտնի հայագէտ մըն է, յիշեցուց, որ քրիստոնէութեան առաջին դարերէն սկսեալ սերտ յարաբերութիւն գոյութիւն ունեցած է հայ ու աղւանից եկեղեցիներուն միջեւ, ինչպէս նաեւ հայ եկեղեցւոյ գործօն ու կազմակերպ ներկայութիւնը Արցախի մէջ մինչեւ ներկայ օրերուն: Նոյն նամակին մէջ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց Ադրբեջանի իշխանութեան կողմէ կազմակերպւած բռնի տեղահանումը Արցախի հայ ժողովուրդին, որպէս արդիւնք անոր ցեղասպանական քաղաքականութեան: Միաժամանակ Նորին Սրբութիւնը ընդգծելով Վատիկանի իշխանութիւններուն ցուցաբերած դրական մօտեցումը Արցախի հայութեան առնչւած հարցերուն նկատմամբ՝ ըսաւ, թէ վստահ ենք, որ Վատիկանի իշխանութիւնները չեն բաժներ յիշեալ համագումարին միակողմանի ու անճիշդ մօտեցումները:

Related Articles

Back to top button