Միշիկընի Հայ Դատի ձեռնարկը՝ ի նպաստ Հայկական օրէնսդրական կենտրոնին

Ֆարմինկթըն Հիլզ, Միշիկըն․- Վերջերս, Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը կազմակերպեց ձեռնարկ մը, նիւթ ունենալով միջազգային դատարաններուն մէջ, հայ գերիներու իրաւունքները հետապնդող եւ պաշտպանող Հայկական Օրէնսդրական կենտրոնը, որ աշխարհի մէջ գործող միակ օրէնսդրական հաստատութիւններէն մէկն է։
Ձեռնարկին բացումը կատարեց, տեղւոյն Հայ Դատի նախագահ Ծովինար Համակործեան, որ շեշտեց այս կարեւոր աշխատանքին եւ օրէնսդրական պաշտպանութեան կարեւորութիւնը հայ ժողովուրդին համար։ Ան ներկայացուց Հայկական Օրէնսդրական կենտրոնի նախագահ Քէն Խաչիկեանն ու կենտրոնի գործադիր տնօրէն եւ Միջազգային համեմատական իրաւունքի կենտրոնի (International Comparative Law Center․- ICLaw) նախագահ Սիրանուշ Սահակեանը։
Իր խօսքին մէջ, Խաչիկեան ընդգծեց շարունակական օրէնսդրական գործողութիւններու հրատապ անհրաժեշտութիւնը՝ նշելով, որ Հայկական Օրէնսդրական կենտրոնը աշխարհի մէջ գործող այն սակաւաթիւ օրէնսդրական մարմիններէն մէկն է, որ միջազգային դատարաններու ճամբով, պայքար կը մղէ հայկական գերիներու ազատ արձակման համար։
Սահակեան՝ որ մարդու իրաւունքներու բնագաւառէն ներս մասնագիտացած է եւ հայ գերիներու ազատ արձակման հարցերով, ունեցած է երկարամեայ փորձառութիւն, ներկայացուց իր հիմնական գաղափարները։ Ան մանրամասն տեղեկութիւններ տւաւ Ադրբեջանի մէջ պահւող հայ գերիներու ներկայ վիճակին մասին՝ բացատրելով օրէնսդրական խոչընդոտները, որոնք կը բարդացնեն անոնց վերադարձը։ Սահակեան նշեց, որ մարդասիրական հսկողութիւնը խիստ սահմանափակւած է՝ Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէին արտաքսւելէն եւ Ադրբեջանի իշխանութիւններուն կողմէ միջազգային դիտարկման կամ օրէնսդրական ներկայացուցչութեան դէմ դրւած արգելքէն ի վեր։
Ան նաեւ շեշտեց, թէ Ադրբեջան կը շարունակէ միջազգային օրէնսդրութեան խախտումներ կատարել, ներառեալ հիւպատոսական մուտքի մերժումը եւ դատավարութիւններու հետեւողական հսկողութեան արգելքը։ Ան նշեց Եւրոմիութեան Խորհուրդի մէկ ենթայանձնախումբին վերջին հրապարակային քննադատութիւնը՝ ուղղւած Ադրբեջանի բանտերու պարզած իրավիճակին։
Սահակեան ընդգծեց, որ Եւրոպայի Մարդու Իրաւունքներու Դատարանը հետեւողական դրութեամբ զեկուցումներ կը պահանջէ Բաքւէն, հայ գերիներու առընչութեամբ, յաւելեալ մանրամասնութիւններ փոխանցելով մարդասիրական օրէնսդրութեան խախտումներուն, փոխհատուցման պահանջներուն, հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան եւ տեղահանւածներու ապահով վերադարձի երաշխիքներու մասին։
Ան անդրադարձաւ նաեւ վերջին քաղաքական համաձայնագիրներու ձախողութիւններուն, մասնաւորապէս գերիներու հարցին եւ վերադարձի իրաւունքին բացակայութեան՝ Թրամփի միջնորդութեամբ կնքւած «խաղաղութեան համաձայնութեան» մէջ, որ դժբախտաբար կոչ կընէր հրաժարիլ օրէնսդրական պահանջներէն։
Սաահակեան տեղեկացուց, թէ կը հետապնդւին ազերի այն պետական պաշտօնեաները, որոնք պատասխանատու են բռնութիւններու եւ չարաշահումներու համար։
Միշիկընի Հայ Դատի յանձնախումբը իր գնահատանքը փոխանցեց Սահակեանին եւ Խաչիկեանին իրենց կատարած աշխատանքին ։ Երեկոն ծառայեց իբրեւ զօրակցական հարթակ՝ միաժամանակ վերահաստատելով Միշիկընի հայ համայնքին նւիրումը՝ արդարութեան, պատասխանատւութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին։
Arfd.am



