Հայաստան - ԱրցախՍփիւռքՔաղաքական

«Կիլիկիա Վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա Վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստը կայացաւ կիրակի, 1 փետրւարի 2026-ի երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ։

Նիստի առաջին օրակարգով քննարկւեցան Սիրիոյ, Իրանի եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութիւնները։ Վեհափառ Հայրապետը պարզեց թէժ իրավիճակներու մէջ գտնւող մեր թեմերու եւ ազգային կառոյցներու պատասխանատուներուն հետ իր ունեցած բազմաթիւ հաղորդակցութիւնները։

Ժողովականները քննարկեցին այս իրադարձութիւններու մէջ քրդական գործօնի դերակատարութեան վերափոխման, Անկարայի աշխուժացման եւ այդ երեւոյթներու հետ կապւած հաւանական հետեւանքները։

Յատուկ օրակարգով քննարկւեցաւ նաեւ Իրանի եւ յատկապէս մեր համայնքին հետ աղերս ունեցող խնդիրները, նկատի ունենալով իրանահայ երեք թեմերու կացութիւնը։

Օրակարգի առանձին կէտ էր Հայաստանի իշխանութիւն-եկեղեցի խորացող տագնապն ու էջմիածնական սրբազաններու դէմ յարուցւող քրէական դատերը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ յաճախակի կապի մէջ է Գարեգին Բ Կաթողիկոսին, ինչպէս նաեւ սփիւռքահայ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ, աննախընթաց այս տագնապի յաղթահարման համար։ Ժողովականները անընդունելի գտան իշխանութեան կողմէ պառակտիչ այս ընթացքին շարունակութիւնը՝ ընդգծելով, որ պառակտումի ալիքը հասած է նաեւ Սփիւռքի մէջ գործող էջմիածնական թեմեր, եւ շեշտելով, որ հայ եկեղեցւոյ բարեկարգումը, եկեղեցական կանոններու համաձայն, եկեղեցւոյ ներքին խնդիրն է։

Ժողովի աւարտին Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը իրազեկ դարձուց ժողովականները Կանադա այցելութեան ընթացքին վարչապետին հետ ունեցած հանդիպումին մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանին մէջ նախաձեռնւած տարբեր եկեղեցիներու ղեկավարներուն կողմէ Լեւոն ԺԴ Պապին կատարւած գրաւոր դիմումին մասին՝ Արցախի ղեկավարութեան եւ ռազմագերիներու ազատ արձակման պահանջով։

Related Articles

Back to top button