Արցախի պատւիրակութիւնը հանդիպումներ է ունեցել Եւրոպական խորհրդարանում

Ապրիլի 14-ին, Բրիւսէլի մէջ, Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ կազմակերպւեցան հանդիպումներ Արցախի պատւիրակութեան եւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամներու միջեւ։
Քննարկումներ տեղի ունեցան Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւորներ Լուքաս Ֆուրլասի եւ Եանիս Մանիատիսի հետ։ Զրոյցներու ընթացքին շեշտւեցան Արցախի ժողովուրդին դիմագրաւած հրատապ մարդասիրական եւ քաղաքական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ աւելի հետեւողական ներգրաււածութեան անհրաժեշտութիւնը։
Արցախի պատւիրակութիւն կը գլխաւորէր Արցախի Ազգային ժողովի նախագահ, Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնակատար Աշոտ Դանիէլեան, եւ կը ներառէր մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան եւ Արցախի թեմական խորհուրդի ատենապետ Լեռնիկ Յովհաննիսեան։
Քննարկումներուն ընթացքին, Արցախի պատւիրակութիւնը վերահաստատեց Արցախի ձայնը միջազգային հարթակներու վրայ լսելի դարձնելու հրատապութիւնը։
Պատւիրակութեան կընկերակցէր Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան։



