Մենք հայրենիքի պէտք չունի՞նք

ՍԵՒԱԿ ԱՐՈՅԵԱՆ
Այսօր հինգ տարի եղաւ Հայաստան եմ:
Որոշեցի բան մը գրեմ, երկու անգամ գրեցի ջնջեցի, յետոյ մտածեցի, որ բոլոր մտածածներս ուրիշ բան չէ, ինչ որ Լիզպոնի տղաքը ըսած են 37 տարի առաջ: Բայց մենք, չեմ գիտեր ինչու, միշտ կարդալով իրենց 1 ժամնոց հարցազրոյցին այդ մի քանի տողերը, մի քանի մտքերը, ո՛չ մէկը կեանքի իմաստ չենք դարձուցած, կեանքի նպատակ չենք դարձուցած, թէեւ յուլիս 26-էն 28, ամէն տարի, մե՛նք ենք Լիզպոնի խորհուրդի «ջահակիրները», մե՛նք ենք իրենց գործը եւ պայքարը «ընդարձակողները», առանց երբեք յիշելու, որ Լիզպոնի ամբողջ խորհուրդը Հայրենիքի գաղափարի շուրջ է, որ կը դառնայ. Հայրենիք չունենալու արդիւնք էր Լիզպոնը, ինչպէս հարցազրոյցի սկիզբը Սագօն կըսէ «Եթէ մենք այսօր հայրենիքնիս մէջ ըլլայինք, այս մէկը պիտի չմտածէինք»:
Այսօր ունինք հայրենիք, մէկ ոտքը կաղ, մէկ աչքը կոյր, մէկ ձեռքը ծանր ու տկար, բայց ունինք, մերն է, եղածը սա է, ուրիշը չկայ: Եթէ ձեր զաւակները մինչեւ հիմա չդաստիարակեցիք ազատագրւած Արցախի մէջ, կամ գոնէ Հայաստանի մէջ ապրելու գաղափարով, արդեօք ինչպէ՞ս կը մտածէ այն մարդը, ով կը կարծէ թէ 100 տարի ետք, այս տիրող համաշխարհային գործընթացներուն զուգահեռ, սփիւռքի մէջ մենք այնքա՛ն հայ պիտի մնանք, որ մեր զաւակները Լոս Անջելէսի փողոցները, Լիբանանի ծովափները, Ֆրանսայի ինչ գիտնամ ինչերը պիտի ձգեն եւ գան Սասունի կամ Վանի մէջ ապրին…:
Կը փորձե՞նք միջոցներ ստեղծել, կը փորձե՞նք մօտենալ Հայրենիք հաստատւելու երազին, քայլ մը մենք, քայլ մը մեր զաւակները… ի՞նչ կը սպասենք, Դաշնակցութի՞ւնը, կաթողիկոսարա՞նը, առաջնորդարա՞նը կամ առաւել եւս Հայաստանի եկած եւ գալիք իշխանութիւննե՞րը մեր փոխարէն աշխատին, օդանաւ ղրկեն կարմիր գորգերով, շեփորախումբով, դրամական հաշիւ բանան մեզի հոս, որ գանք. անո՞ր կը սպասենք: Դեռ շա՜տ պիտի սպասենք… Սեդրակին խօսքերը՝ «Մենք այսօր օտարութեան մէջ կապրինք, ատ յոյսը ունինք որ հայրենիք մը ունինք, օր մը պիտի երթանք: Բայց այդ օրը ինքնիրեն չի գար, մենք մեր ձեռքերով է որ պէտք է ընենք: Մենք պիտի փորձենք ամէն ինչը, պիտի փորձենք կարելին, եւ պիտի փորձենք անկարելին կարելի ընել»:
Մենք նոյնն ենք տակաւին 37 տարիէ ի վեր, ոչ մէկ բան չէ փոխւած մեր մէջ. Լիզպոնը ո՛չ մէկ բան չէ աւելցուցած մեր մէջ որպէս հաւաքականութիւն, որպէս ազգային հաւաքական մտածելակերպ: Փա՞ստը, Սփիւռքի վիճակը, Հայերէն լեզւէն սկսեալ մինչեւ հեռաւոր սփիւռքեան երկիրներ, որտեղ սկսած են ուրիշ լեզւով ՄՏԱԾԵԼ, ուրիշ լեզւով շատո՜նց կը խօսէին արդէն: Փա՞ստը, նոյն հարւածներն են այսօր Միջին Արեւելքի մէջ, ինչ որ 30-40 տարի առաջ, ճիշտ Լիզպոնի օրերուն, եւ Հայութեան ուղղութիւնը այդ հարւածներէն խուսափելու, տակաւին նոյնն է՝ Լիզպոնէն առաջ, եւ Լիզպոնէն ետք, որը շատ բան կու տայ այդ տղոց մտածելու, խորհելու (յուսով եմ, որ չեն տեսնէր այս բոլորը): Վաչէն է՝ «պզտիկ հարւած մը, որ կու գայ, ժողովուրդը, որեւէ պզտիկ նեղութիւն մը այդ օտար պետութիւններուն մէջ, որ մենք կը բնակինք, կը փորձէ ուղղակի, ետ կը զգայ պակասը իր հողին, կը զգայ պակասը իր հայրենիքին: Ժողովուրդը միայն հարւած ուտէ, միայն այն ատէն է որ կը զգայ: Ատկէ ետք, երբ որ խաղաղ է, բան մը չկայ այդ երկրին մէջ, կարծես ինքը հող մը չունի կամ չի մտածեր հողին մասին: Մենք կուզենք մեր ժողովուրդին իրենց հանգստութիւնը տալ, ինչպէս որ ուրիշ ժողովուրդներ հանգիստ կապրին, մենք ալ կուզենք տեսնել մեր ժողովուրդը խաղաղ, հանգիստ իր հայրենիքին մէջ եւ միայն իր հոգը իր հայրենիքով, իր հողով, աշխատելով եւ ապագայ հայ սերունդը աւելի լաւ պատրաստելով». եւ ասոր վրայ կաւելցնեմ Արայի խօսքը՝ «Առանց հայրենիքի, առանց մեր հողերուն ո՛չ ապագայ կայ, ո՛չ կեանք կայ, ո՛չ ընտանիք կըլլայ: Առանց մայր հողին, կամ առանց մայր ազգին, որ մէկտեղ է, ոեւէ մէկ պզտիկ ընտանիքներ գոյութիւն չունենար»:
Մարդիկ կան, եթէ կարդան այս բոլորը, պիտի մտածեն թէ ինչպէ՞ս եղաւ, որ ես այսպէս հանգիստ նստած կը գրեմ Հայաստանէն, երբ ուրիշներ դժբախտաբար ծանր վիճակի մէջ են: Ըսեմ, որ ես մինակս չեմ որ գոհ եմ կացութենէն, կամ մինակս չեմ, որ աւելի փայլուն ապագայ մը կը տեսնեմ այստեղ առանց ծնողքի աջակցութեան եւ ներկայութեան:
Եթէ այսպէս չըլլար, եթէ այդպէս չըլլար, եթէ …. եթէները շատ են, պատմութիւնը «եթէ»-ներ չի սիրեր:
«Եթէ»-ները մտածէք դուք ձեր անձին համար, եթէ Լիզպոնը չըլլար արդեօք ի՞նչ պիտի ըլլայիք դուք, պիտի ըլլար Սփիւռքը, կամ մենք որպէս սփիւռքահայութիւն. աւելի ճիշտ, ի՞նչ տարբերութիւն, Լիզպոնը ըլլար թէ չէ, եթէ Լիզպոնի տղոց որեւէ ըսածը ղուրուշի մը արժէք չունի մեզի համար որպէս հաւաքականութիւն…
Արայի խօսքով աւարտեմ. «Եթէ ըսենք, թէ մենք հանգիստ ենք Լիբանանի մէջ, ուրիշ մը ըսէ, մենք Ֆրանսայի մէջ հանգիստ ենք, ուրիշ մը ըսէ մենք Ամերիկայի մէջ հանգիստ ենք, կը նշանակէ, որ մենք հայրենիքի պէտք չունինք»:
28.07.2020 թ.
«Ապառաժ»



