Արցախեան դատը չէ փակուած

Ճեպազրոյցի մը ընթացքին, պատասխանելով լրագրողի մը հարցումին, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան վրդոված պատասխանած է, որ արդէն ութ անգամ յայտարարւած է, որ Արցախի հարց գոյութիւն չունի Հայաստանի համար: Հայաստան վերջնականապէս ընդունած է Ադրբեջանի հողային ամբողջականութիւնը, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղը:
Աւելի առաջ, նոյն Ալէն Սիմոնեանը յայտարարած էր, որ Արցախի իշխանութիւններու գոյութեան շարունակումը Հայաստանի մէջ կը հակասէ Հայաստանի ապահովութեան, վտանգ կը հանդիսանայ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան: Ուրիշ խօսքով, եթէ ընդունինք, որ Արցախի իշխանութիւնները շարունակեն գործել, օրինակ ապահովելու համար արցախցիներու վերադարձը որոշ երաշխիքներու առկայութեամբ, Ադրբեջան կրնայ բարկանալ ու արգելք ըլլալ «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի իրականացման:
Արցախի իշխանութիւնները զգոյշ են ու թոյլ չեն տար որեւէ հրապարակային մեկնաբանութիւն Հայաստանի իշխանաւորներու` հանրապետութեան նախագահի, վարչապետի եւ խորհրդարանի նախագահի Արցախի գոյութիւնն իսկ ժխտող յայտարարութիւններուն: Եթէ կայ հակասութիւն, ու չի կրնար գոյութիւն չունենալ, պէտք չէ դրսեւորւի, որպէսզի այս կենսական մարզին մէջ հրապարակ չգայ պառակտումի որոմը:
Հայաստանի իշխանութիւնները Արցախը Ադրբեջանի անբաժան մաս յայտարարելէն ետք, հիմա կըսեն, որ արցախցիներուն կը մնայ իրենց գլխուն ճարը տեսնել: Հայաստանէն որեւէ տեսակի օժանդակութիւն չակնկալեն: Հարցը փակւած է. վե՛րջ:
Երկու ամիսէ ի վեր կը սպասենք գիտնալու համար, որ ի՞նչ կը մտածեն արցախցիները իրենց ապագային մասին: Ի՞նչ պիտի ընեն: Իսկ մենք ինչո՞վ կրնանք օգտակար դառնալ իրենց: Մենք, այսինքն` հայութիւնը Հայաստանի ու Սփիւռքի մէջ: Որոշումը իրենց կը պատկանի. մենք կրնանք միայն խորհուրդ տալ ու օժանդակելու մեր պատրաստակամութիւնը յայտնել:
Ահաւասիկ լաւ լուր մը: Կիրակի, դեկտեմբերի 3-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցեր է Արցախի խորհրդարանի նիստը: Ժողովը գումարւեր է գաղտնի ու առայժմ քննւած հարցերուն ու կայացած որոշումներուն մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն չկայ: Կըսւի միայն, որ ստեղծւեր է աշխատանքային խումբ, որ միջազգային հարթակներու վրայ աշխատանք տանի ապահովելու համար արցախցիներու վերադարձը իրենց բնակավայրերը:
Վերջապէս, Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները իրազեկեցին իրենց գործունէութեան շարունակման մասին: Արցախի հարցը չէ փակւած. պարտութենէն եւ աքսորէն ետք, գաղթական դարձած իշխանութիւնը պատասխանատւութիւն կը վերցնէ գործելու ի խնդիր միջանկեալ լուծումի մը, որ գէթ կապահովէ արցախցիներու բնակեցումը իրենց հողին վրայ, ինչպէս եղած էր խորհրդային շրջանի տարիներուն:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ, ժխտողական յայտարարութիւններէ ետք, Հայաստանի իշխանութիւններու դիրքորոշումը: Պիտի փորձե՞ն արգիլել սկսող գործընթացը, թէ՞ պիտի հանդուրժեն, որ արցախցիները Հայաստանը իբրեւ խարիսխ օգտագործելով հետապնդեն իրականացումը իրենց կենսական շահերուն: Առայժմ, արձագանգ չկայ: Մաղթենք, որ Հայաստանի ու Արցախի իշխանութիւններուն միջեւ հակասութիւններ չյայտնւին, եւ թոյլ տրւի արցախցիներուն ազատօրէն աշխատիլ ի նպաստ արցախեան դատին, որ մէկ մասն է Հայ Դատին:
Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւնները կուզեն աշխատանք տանիլ միջազգային հարթակներուն վրայ: Այդ հարթակները, աւա՜ղ, զբաղւած են Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ ու Ռուսիա-Ուկրանիա պատերազմներով: Վերջինը կարծես խրւած է դիրքային պատերազմի անվերջանալի ճահիճին մէջ: Իսրայէլ-ՀԱՄԱՍ հակամարտութիւնը տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներու մահւան պատճառ կը դառնայ ու հանգուցալուծման յոյսեր չի ներշնչեր: Երկուքին ալ պարագային, Միացեալ Նահանգները դաշնակից են կողմերէն մէկուն` Իսրայէլին ու Ուկրանիոյ, եւ կը յայտարարեն, որ պիտի չհանդուրժեն իրենց դաշնակիցին պարտութիւնը: Արդարութեան ու իրաւունքին մասին չէ խօսքը, այլ դաշնակիցը նպաստաւորելու մասին:
Միացեալ Նահանգները կը հանդիսանան միջազգային հարթակներէն մէկը, կարեւորագոյնը հաւանաբար: Այս հարթակները, որոնք կառաջնորդւին իրենց սեփական շահերով, պիտի լսե՞ն Արցախի հայութեան ճիչը: Արդարութեան կողմնակից պիտի ըլլա՞ն:
Համայն հայութեան պարտականութիւնն է, իրենց բնակած երկիրներուն մէջ, մղելու համաշխարհային հարթակին մասնակից երկիրներուն իշխանութիւնները, դիրքորոշւելու ի նպաստ արցախեան դատին:
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
«Ազդակ»