Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

«Մենակ չէք, միասին ենք, մէկ ենք» Խորագրով եւ նախաձեռնութիւններով լիբանանահայութիւնը իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց մարտնչող ու խիզախ արցախահայութեանը

Լիբանանահայութիւնը սեպտեմբերի 1-ին լրիւ օրւան մը ստորագրահաւաքով, երեկոյեան համախմբումով եւ գիշերւան մոմավառութեամբ եկաւ իր զօրակցութիւնը յայտնելու Արցախի հողին իրաւատէր ու պաշտպան արցախահայութեան, որ, հակառակ Ադրբեջանի կողմէ պարտադրւած շրջափակումին, մարդասիրական ծանր ճգնաժամին, հացի, դեղորայքի եւ կենսական նշանակութեան պայմաններու բացակայութեան, կը շարունակէ ապրիլ իր հարազատ հողին վրայ, կառչած է իր զաւակներուն արեամբ եւ Բիւրաւոր Նահատակներուն շնորհիւ ձեռքբերւած հողին, կը մերժէ ադրբեջանական ամէն տեսակի կեղծ օժանդակութիւն, խիզախօրէն կը պայքարի եւ դժւարութեամբ կը գոյատեւէ` հաւատալով, որ պիտի գայ օրը, երբ արդարութիւն պիտի հաստատւի, իր մարտնչումը պիտի աւարտի յաղթանակով եւ ինքնորոշման իրաւունքի հաստատումով:

Սոցիալ դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ, սեպտեմբերի 1-ի առաւօտից սկսեալ լիբանանահայ պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, համայնքապետներ, պատասխանատուներ, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու անդամներ, հայորդիներ, նոյնիսկ օտարներ իրենց ստորագրութիւնը զետեղեցին Բուրճ Համուդի հրապարակին վրայ տեղադրւած Արցախի դրօշակին վրայ` հաստատելով, որ իրենք եւս պահանջատէր են արցախահայութեան իրաւունքներու յարգումին եւ զօրակից իրենց արցախահայ քոյր-եղբայրներուն:

Արցախի սրբազան դրօշակին վրայ ստորագրելէ ետք «Վանայ ձայն»-ի ճամբով իրենց խօսքերը ուղղեցին հայկական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, ինչպէս նաեւ երեք համայնքապետները:

«ԱԶԴԱԿ» ԼԻԲԱՆԱՆ
(Այս մասին առաւել մանրամասն մեր առաջիկայ համարներից մէկում)

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button