Հասարակական

Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ

Հայ Օգնութեան միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, վերահաստատեց մեր կազմակերպութեան մարդասիրական եւ ազգային առաքելութեան շարունակութեան հրամայականը։

Ոգեկոչումի ձեռնարկներու եւ հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Կենտրոնական վարչութիւնը, Կենտրոնական գրասենեակը, զանազան երկիրներէ Երեւան ժամանած մեծ թիւով ՀՕՄ-ականներ, հիւրեր եւ բարեկամներ։

14 հոկտեմբերին, Կենտրոնական վարչութիւնը գումարեց իր լիագումար նիստը։

15 հոկտեմբերին, ՀՕՄ-ի կենտրոնի «Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեան» սրահին մէջ բացումը կատարւեցաւ կազմակերպութեան հիմնադիր Էդւարդ Ակնունիի կիսանդրիին, որ եղաւ լաւ առիթ մը՝ լուսարձակի տակ բերելու Ակնունիի մեծ իրագործումին մարդկային եւ ազգային տարողութիւնը։

ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւնը նաեւ այցելութիւն մը տւաւ ՀՅԴ Բիւրոյին։

16 հոկտեմբերին, այցելութիւն տրուեցաւ ՀՕՄ-ի «Մօր ու Մանկան» ծննդատան, ուր ՀՕՄ-ականները ականատես եղան կենտրոնին գործունէութեան եւ մամոկրաֆիայի նոր սարքին։

Երկրորդ հանգրւանը եղաւ Շիրակի մարզի Ախուրեան համայնքի ՀՕՄ-ի «Հեքիաթ» մանկապարտէզը, ուր շուրջ 250 ՀՕՄ-ականներ ողջունեցին մանկապարտէզի սաները՝ իրենց ուրախութիւնը եւ գոհունակութիւնը յայտնելով։

Նոյն օրը, Ախուրեան համայնքի Բենիամին բնակավայրին մէջ մեծ շուքով կատարուեցաւ ՀՕՄ-ի «Յոյսի օջախներ» ծրագիրին բնակարանամուտի հանդիսաւոր արարողութիւնը։ «Յոյսի օջախներ»ը մեր կազմակերպութեան կարեւոր ծրագիրներէն մէկն է, որուն նպատակը հայրենազուրկ արցախահայ ընտանիքները երդիքով մը ապահովելն է։ Այս առիթով, Կենտրոնական վարչութիւնը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ բոլոր նւիրատուներուն եւ կամաւորներուն, առանց որոնց զօրակցութեան եւ աշխատանքին անկարելի պիտի ըլլար այս ծրագիրը յաջողութեամբ պսակել։

17 հոկտեմբերին, «Կոմիտաս» թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի խորհրդաժողովը, որուն ընթացքին հինգ զեկուցաբերներ հանգամանօրէն լուսարձակի տակ առին ՀՕՄ-ի ընդհանուր գործունէութեան ծիրին մէջ ինկող թեմաներ, ինչպէս նաեւ հայ կնոջ եւ արցախահայութեան իրավիճակին վերաբերող հարցեր եւ մարտահրաւէրներ։

18 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ 115-ամեակի կալա-ընթրիքը՝ առաւել քան 400 ներկաներով։

19 հոկտեմբերին, Երեւանի Յակոբ Պարոնեանի անւան թատրոնին մէջ, մեծ շուքով նշւեցաւ ՀՕՄ-ի 115-ամեակը՝ պաշտօնական հանդիսութեամբ մը, որուն ընթացքին արտասանւած խօսքերուն մէջ շեշտւեցաւ մեր կազմակերպութեան համահայկական առաքելութեան կարեւորութիւնը։ Հանդիսութեան ընթացքին պարգեւատրւեցան ընկերուհիներ Յասմիկ Տէրտէրեան, Անժէլ Մանուկեան եւ Շաքէ Պասմաճեան, ինչպէս նաեւ ՀՕՄ-ի «Արարատ» մրցանակը յանձնւեցաւ «Ազնաւուր» հիմնարկին։

20 հոկտեմբերը յատկանշւեցաւ Լոռիի մարզը այցելութեամբ, որուն ընթացքին ՀՕՄ-ականները անմոռանալի պահեր ապրեցան Հաղբատ եւ Սանահին վանքերուն մէջ։ Նոյն օրը Կենտրոնական վարչութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ Վանաձորի, Սպիտակի եւ Ստեփանաւանի մասնաճիւղերուն հետ։

21 հոկտեմբերը ունեցաւ յատուկ նշանակութիւն մը՝ Եռաբլուր այցելութեամբ։ Նախ մատուռին մէջ կատարւեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն մը՝ ննջեցեալ ՀՕՄ-ականներու հոգիներուն համար, ապա մասնակցողները այցելեցին անյայտ հերոսներու յուշարձանը, Արցախի կանչը յուշահամալիրը եւ Սօսէ Մայրիկի շիրիմը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղւեցան։ Այնուհետեւ ՀՕՄ-ականները այցելեցին յանուն հայրենիքի իրենց կեանքը զոհաբերած հերոսներու շիրիմները՝ յարգանքի տուրք մատուցելով մեր նահատակներուն յիշատակին։

Նոյն օրը, Կենտրոնական վարչութիւնը այցելութիւն մը տւաւ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանին, որ իր գնահատանքը արձանագրեց ՀՕՄ-ի ծաւալած ազգանւէր գործունէութեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Արցախին եւ արցախահայութեան ցուցաբերւած յատուկ հոգածութեան համար։

22 հոկտեմբերին այցելութիւն մը տրւեցաւ Սեւանայ լիճի եկեղեցիներուն, ինչպէս նաեւ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը ՀՕՄ-ի Գաւառի, Սեւանի, Ճամբարակի եւ Վարդենիսի մասնաճիւղերուն հետ։

23 հոկտեմբերին, ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւնը եւ գրասենեակի անձնակազմը այցելութիւն մը տւին Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր ընդունւեցան Մայր աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեանի կողմէ։ Սրբազան Հայրը ՀՕՄ-ականներուն փոխանցեց Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին օրհնութիւնը եւ գնահատանքը։ Սրբազանը ընդգծեց ՀՕՄ-ի մարդասիրական եւ ազգային բեղուն գործունէութիւնը՝ վստահութիւն յայտնելով, որ կազմակերպութիւնը նոյն թափով եւ ոգիով պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը։

24 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ «Լաւագոյն Ուսանող» ծրագիրի Հայաստանէն, Արցախէն եւ Ջաւախքէն հարիւր ուսանողներու դրամական պարգեւներու բաշխման ձեռնարկը, որուն ընթացքին շեշտւեցաւ հայ ուսանողին նեցուկ կանգնելու՝ ՀՕՄ-ի յանձնառութիւնը։

Հայ Օգնութեան Միութեան հիմնադրութեան 115-ամեակի ոգեկոչումը՝ Երեւանի մէջ, եղաւ պատեհ առիթ մը, վերանորոգելու մեր ուխտը, վերահաստատելու մեր յանձնառութիւնը, թէ՝ ՀՕՄ-ը անխափան պիտի շարունակէ իր երթը՝ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան եւ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանին։

ՀՕՄ-Ի ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Related Articles

Back to top button