ՀԱՄԱ-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու բացման մեծաշուք հանդիսութիւն՝ Երեւանի մէջ

Երեք օրւան մրցումներէ ետք, շաբաթ, 26 յուլիսի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Երեւանի «Հանրապետութեան» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ Ամենայն Հայոց եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչներ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանի եւ Արտաւազդ վրդ. Շառոյեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արսէն Համբարձումեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Յակոբ Խաչերեանի եւ անդամներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ Արթիւր Մկրտչեանի եւ անդամներու, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի եւ ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներ Իշխան Սաղաթէլեանի եւ Արա Պուլուզեանի, «Համազգային»-ի եւ ՀՕՄ-ի Կենտրոնական վարչութիւններու անդամներու, Լիբանանի մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի, հիւրերու, մարզախաղերու մասնակից 15 շրջաններու ներկայացուցիչներու եւ ժողովրդային հոծ բազմութեան մը։
Ջահավառութիւնը
Բացման հանդիսութիւնը ընթացք առաւ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, երեք վայրէ ջահավառութեամբ։ Առաջին ջահը վառեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի անմար կրակէն, ի յարգանք Ցեղասպանութեան զոհ գացած եւ հայրենազուրկ դարձած մեր նախնիներու յիշատակին։ Ջահը վառեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի կրտսերագոյն գայլիկ եւ արծւիկ Խաչիկ Տէր Ներսէսեան եւ Հուրի Ջաղացպանեան։ Ջահավառութեան ներկայ գտնւեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան անդամները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետը։
Երկրորդ ջահը վառեցաւ Ս. Էջմիածինի մայր տաճարի կանթեղէն, իբրեւ աստւածային օրհնութեան, մշտանորոգ հաւատքի եւ քրիստոնէական ինքնութեան հոգեւոր անմար լոյսի խորհրդանիշ։ Մինչ երրորդ ջահը բոցավառեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնի Սրբոց Վարդանանց մատրան կանթեղէն, օրհնութեամբ Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի։ Ջահը վառեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի Արցախեան պատերազմներու նահատակներու ծնողները, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական Վարչութեան անդամներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետին։
Այնուհետեւ, երեք ջահերը միանալով դարձան մէկ բոց, ուժեղ կրակ, մեծ ջահ՝ բոցավառելու համար համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերու մասնակիցներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի անդամներուն եւ բազմահազար համակիրներուն սիրտերը։ Ջահը, փոխանցքավազքով, 17 մարզիկներու ձեռամբ երեկոյեան 7:30-ին հասաւ «Հանրապետութեան» հրապարակ։
Տողանցքը
Մարզախաղերու ջահին փոխանցքավազքէն կարճ ժամանակ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ ընթացք առաւ մարզախաղերու մասնակից 15 շրջաններու պատւիրակութիւններուն տողանցքը՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անւան Մատենադարանէն մինչեւ «Հանրապետութեան» հրապարակ։ Աւելի քան 700 մարզիկ-մարզիկուհիներու եւ մարզախաղերու կազմակերպման մասնակից կամաւորներու հետ տողանցքին վերջին մասին միացան 200 «Հրաշք»ներ՝ յատուկ կարիքներու կարօտ պատանիներ Երեւանէն եւ Սպիտակէն։
Բացումը
Տողանցքի մասնակիցներուն «Հանրապետութեան» հրապարակ մուտքով սկսաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզախաղերու բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի շեփորախումբին եւ դրօշակակիրներու առաջնորդութեամբ, խանդավառ ու խիտ շարքերով, հրապարակին վրայ իրենց տեղերը գրաւեցին մարզական պատւիրակութիւնները.- Աւստրալիա, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Արցախ, Բաղդադ, Երուսաղէմ, Լիբանան, Կահիրէ, Կանադա, Հարաւային Ամերիկա (Արժանթին եւ Ուրուգուէյ), Սթոքհոլմ, Քուվէյթ, Մարսէյ, Փարիզ, Հայաստան։
Հնչեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայլերգները։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.–ի խօսքը
Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետ Արթիւր Մկրտչեան։ Ան ըսաւ, որ «Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը շատոնց արդէն կայացած իրողութիւն են, սպասւած ձեռնարկ՝ աշխարհասփիւռ հայութեան համար, այնպէս ինչպէս կայացած փաստ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը այն եզակի կազմակերպութիւններէն մէկն է, որ ունի համահայկական տարողութիւն»։
Մկրտչեան ներկայացուց մարզախաղերու նպատակը եւ հաստատեց. «Այսօր եւս, ինչպէս միշտ, Հ.Մ.Ը.Մ. իր կամաւոր բանակով, բնական եւ արհեստական բոլոր խոչընդոտները յաղթահարելով, իրականութիւն կը դարձնէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական 12-րդ մարզախաղերը։ Փաստելով իր աննկուն կամքը յառաջ ընթանալու, իրարու սատարելու, յաղթանակներով տոգորւելու եւ նախկինէն աւելի ուժեղ դուրս գալու։ Մենք կը գիտակցինք մեր առաքելութեան, գիտենք մեր նպատակին ու զրկանքներուն արժէքը, մեր երկրին ու ազգին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները, մեր համերաշխութեան եւ ի հարկէ Հայրենիք-Սփիւռք ամուր կապերու գինն ու արժէքը»,- նշեց ան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետը յիշեց մարզախաղերու հիւրընկալ շրջանին ամիսներու տքնաջան աշխատանքը եւ խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Լիայոյս ենք որ մենք կը յաջողինք եւ դուք ձեր շրջանները կը վերադառնաք ձեզի հետ տանելով նոր լիցքեր, նոր եռանդ եւ նոր աւիւն՝ իրականացնելու այն մեծ առաքելութիւնը, որուն համար կաշխատի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը 107 տարիէ ի վեր: Ա՛յս է մեր յաղթանակը, եւ անկախ այս օրերու մարզական տարբեր մրցումներու արդիւնքներէն՝ մենք բոլորս յաղթանակով կաւարտենք այս մարզախաղերը»։
ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը
Յանուն ՀՅԴ Բիւրոյի խօսք առաւ Արսէն Համբարձումեան։ Ան ըսաւ, որ հայրենիքի մէջ մէկ դրօշի ներքեւ տարբեր ցամաքամասերէ այսքան հայ երիտասարդներու հաւաքման փաստը ինքնին ոգեւորիչ է։ Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը լաւ առիթ են ո՛չ միայն մարզական ասպարէզներու մէջ ինքզինք դրսեւորելու, այլեւ՝ ճանաչողութեան մակարդակը բարձրացնելու, կամքը կոփելու եւ մարզական ոգին ամրացնելու համար, դիտել տւաւ ան։
«Հայրենիքի մէջ համահայկական երիտասարդական հաւաքները մեր միասնութեան, մեր հաւատքի, մեր ուժի վկայութիւնն են։ Միասնութիւն յանուն մեր ազգային արժէքներու, մեր ինքնութեան, հաւատք՝ յանուն մեր իրաւունքներու հաստատման եւ ուժ ՝ դիմագրաւելու մեր ներքին ու արտաքին սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները»,- շեշտեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը։
Շարունակելով, Արսէն Համբարձումեան ըսաւ. «Հակառակ Հայրենիք-Սփիւռք յարաբերութիւններու խաթարման բոլոր փորձերուն եւ մեր ազգային արժէքներուն եւ ինքնութեան դէմ շարունակւող ոտնձգութիւններուն, Հայաստանը, մեր պետականութիւնը կայ եւ պէտք է մնայ աշխարհասփիւռ հայութեան հարազատ տունը, սրբութիւն սրբոցը։ Ճիշտ այս գիտակցութեամբ է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերը կը կատարւին հայրենիքի մէջ։
Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասին խօսելով, Արսէն Համբարձումեան նկատել տւաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը սոսկ կազմակերպութիւն չէ, այլ՝ իւրօրինակ դպրոց, մնայուն արժէքներու, սիրոյ, եղբայրութեան, հայրենասիրութեան դպրոց եւ այդ դպրոցէն անցած իւրաքանչիւր անձ իր կեանքին մէջ կը կրէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհընկալման ու կենսակերպին դրոշմը»։ Համբարձումեան նաեւ շեշտեց, որ հայրենասէր, կարգապահ, ոգեղէն, պայքարող սերունդներ կերտելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի բարերար սերմերը անցնող աւելի քան հարիւր տարիներուն արդիւնաւորւած են եւ հարիւր հազարաւոր հայ երիտասարդներ անցած են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դպրոցէն, դաստիարակւած, կրթւած, բարձրացած ու բարձրացուցած են, եւ այսօր կարգը նորերունն է՝ ազգանւէր գործերով հաւատարմօրէն ծառայելու հայութեան, Հայաստանին եւ Հայ Դատի պայքարին»։
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը
Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ կաթողիկոսին ողջոյնի խօսքը փոխանցեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան։ Ան ըսաւ, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր հայրական օրհնութիւնն ու ուղերձը մարզախաղերու մասնակիցներուն անձամբ կը փոխանցէ, երբ անոնք 29 յուլիսին Ս. Էջմիածին այցելեն։
Աբրահամեան եպս. իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզախաղերու կազմակերպիչներուն, հովանաւորներուն եւ բոլոր աջակիցներուն։ Ան ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւնները կը նպատակադրեն աշխարհասփիւռ հայութեան սիրտերուն մէջ վառ պահել հայկականութեան եւ նախնիներու հետ հոգեւոր կապի ճրագը։ «Մեր բոլորին սրբազան պարտքն է, ուր որ գտնւինք, երբեք չմոռնանք, թէ ո՞վ ենք, ուրկէ՞ կու գանք եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ ո՞ւր կերթանք», ըսաւ ան։
Ապա, Աբրահամեան եպս. կարեւոր նկատեց մարզախաղերու ջահին բոցավառումը նւիրական երեք վայրէ։ Ան ըսաւ, որ Եռաբլուրի ջահը կը խորհրդանշէ մեր բոլորին սէրն ու նւիրումը մեր պետականութեան։ Թող միշտ վառ մնայ Հայաստանի պետականութեան հանդէպ մեր սէրն ու նւիրումը՝ ամէն հանգամանքէ ու պարագայէ վեր։
Շարունակելով, ան հաստատեց, որ եթէ պետութիւնը ազգի մարմինն է, եկեղեցին անոր հոգին է։ Մեր ինքնութեան, մեր դարաւոր աւանդութիւններու եւ մշակոյթի լուռ վկան է Էջմիածինը։ Իւրաքանչիւր հայու հոգեւոր ծննդավայրն է մայր տաճարին 1700-ամեայ սուրբ աւազանը։ Հաւատարիմ ըլլանք եւ սիրենք մեր եկեղեցին, որպէսզի աշխարհի մէջ որեւէ բաժանարար միջոց չկարողանայ հեռացնել մեզ իրարմէ ու մեր հայրենիքէն։
Խօսելով Ծիծեռնակաբերդէն բերւած ջահին մասին, Աբրահամեան եպս. յայտնեց, որ Ցեղասպանութեան հետեւանքով աշխարհասփիւռ դարձած հայերուն Ծիծեռնակաբերդը կը յիշեցնէ իրենց բնօրրանին, իրենց պապերուն, իրենց ընտանիքներուն սրբութիւնը։ Ծիծեռնակաբերդը մեզի կը մղէ յաւիտենացնելու մեր նախնիներու յիշատակը։ Ցեղասպանութիւնը սոսկ հայու կեանքին հանդէպ ոտնձգութիւն չէ, այլ՝ հայու ինքնութեան եւ ընտանիքի հանդէպ գերագոյն ոճիր է։ Հետեւաբար, Աբրահամեան եպս. թելադրեց ամուր ըլլալ սիրտով ու հոգիով եւ զօրանալ հաւատքի ու հայրենիքի ոգիով։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին օրհնութեան գիրը
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին Հայրապետական օրհնութեան գիրը ընթերցեց կաթողիկոսութեան միաբաններէն Արտաւազդ վրդ. Շառոյեան։ Արամ Վեհափառ իր օրհնութեան գիրին մէջ նկատել կու տար, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.-ի աշխարհացրիւ միաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք յիշեալ մարզախաղերը առաջին հերթին շօշափելի արտայայտութիւնն են Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մեծ ընտանիքին ներքին կազմակերպչական ոգիին ու ուժականութեան։ Այլ խօսքով՝ ուր որ ալ գտնւին Հ.Մ.Ը.Մ.-ականները, ինչ միջավայրերու մէջ ալ ապրին ու գործեն, անոնք կը պատկանին նոյն ու մէկ ընտանիքին, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս միշտ եղած է հաւատարիմ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն»։
Ապա, 107-ամեայ միութեան բնորոշումը կատարելով, Արամ Վեհափառ կը հաստատէր, որ «Դպրոց եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ը եւ է՛, որուն մաս կազմող անդամները մարդակերտումի ու հայակերտումի հաւատքով ու նւիրումով կը կազմաւորւին։
«Մեր ազգի իդէալներուն ջատագովը եղած է եւ է՛ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, որուն անդամները գործնապէս մասնակից եղած են միշտ մեր ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։
«Վերջապէս, տասնամեակներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հայրենիք դարձած է հայրենիքէն դուրս ապրող Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներուն համար, եւ այսօր ազատ ու անկախ Հայաստանի հզօրացման ու անոր անկախութեան, գեիշխանութեան ու ամբողջականութեան նախանձախնդիր է ու հաւատարիմ»։
Իր օրհնութեան գիրին աւարտին, Արամ Վեհափառ կը թելադրէր. «Այսպէս պէտք է մնայ միշտ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, հաւատարիմ իր դաւանած սկզբունքներուն, արժէքներուն ու իտէալներուն։ Մեր սպասումն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 12-րդ մարզախաղերուն մասնակիցները այս գիտակցութեամբ վերանորոգեն իրենց պատկանելիութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ին։ Թող Աստւած միշտ զօրեղ ու կազմակերպ պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը»։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան պատգամը
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան պատգամը արտասանեց ատենապետ Յակոբ Խաչերեան։ Եղբայրը խօսքին սկիզբը նշեց, որ բացման հանդիսութիւնը իր թւականով ամէն բանէ առաջ կը պարտաւորեցնէ մեր սրտի ու հոգիի պարտքը կատարելու՝ յիշելու եւ վեր առնելու հայոց պատմութեան դարձակէտերէն երկուքը՝ Խանասորի արշաւանքը եւ Լիզբոնի հինգին հերոսական գործողութիւնը։ Ան յայտնեց, որ այսօր մենք բացակայ չենք արձանագրեր Վարդան Բախշեանին, Վիգէն Զաքարեանին, Վաչէ Ռոստոմեանին, Մոսիկ Սեքլեմեանին, Գէորգ Հաճեանին, Հայկ Դերիկլեանին, Յարութ Բանոյեանին, Յակոբ Ասթարճեանին, Գրիգոր Ղազարեանին, Էրիք Գալստեանին, Արտակ Մարտիրոսեանին, Արտակ Իշխանեանին եւ Արմէն Առուստամեանին, որոնք հայրենի հողը համբուրեցին եւ մտան քուն։
Խաչերեան ներկայացուց մարզախաղերու երեք ջահերու բոցավառման վայրերու ընտրութեան պատճառները եւ նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Համահայկական ընտանիքի մարզիկներու կամաւոր բանակին այս հաւաքը, որ կերկարի 24 յուլիսէն 2 օգոստոս, կամբողջացնէ վերջին մէկ տարւան օղակներու շարքը միութեան համահայկական նախաձեռնութիւններու երկար շղթային՝ խմբապետական համագումար, միջդիւանական խորհրդաժողով, ամերիկեան եւ Միջին Արեւելեան ցամաքամասերու բանակում եւ այլն։
«Կը հաւաքւինք եւ կը միանանք մշակելու ուղեգիծներ եւ զանոնք իրականացնելու ծրագիրներ հայը հա՛յ պահելու, հայու ինքնութիւնը հաստատելու, ձուլումի վտանգին ենթակայ հայորդիները փրկելու, ազնիւ ու ծառայասէր պատանին ու վաղւան երիտասարդը պատրաստելու համար։ Այս բոլորը կը կատարենք նւիրումով, անշահախնդիր ու ինքնաբուխ։
«Աննման այս միութեան հաւատոյ հանգանակը մէկ ու միակ է՝ ծառայել հայ ազգին ու հայրենիքին։ 107 տարեկան ամենակազմակերպ, ամենաբազմանդամ, ամենաբազմաճիւղ երիտասարդ այս միութիւնը պիտի մնայ ապահով փարոս բոլոր անոնց, որոնք կը հաւատան որ մասնիկն են ՀԱՅ զարմին, պահապանը հայ հոգեւոր ժառանգին, պահակը հայ եկեղեցւոյ ու կամաւոր զինւորը ամբողջական, ազատ ու անկախ Հայաստանը իրականացնող բանակին», եզրափակեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետը:
Մարզախաղերու գլխաւոր ջահին բոցավառումը
Խօսքերէն ետք հասաւ մարզախաղերու գլխաւոր ջահին բոցավառման պահը։ Ս. Էջմիածինի, Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի երեք բոցերէն մէկ բոցի վերածւած ջահը, 17 մարզիկներու փոխանցավազքով «Հանրապետութեան» հրապարակ հասնելէ ետք, «Հրաշք»-ի մարզիկներէն Անիթա Եղոյեանի ձեռամբ փոխանցւեցաւ մարզախաղերու գլխաւոր ջահակիր, Հ.Մ.Ը.Մ.-ական բազմավաստակ մարզիկ, վարչական, բարերար, Կենտրոնական վարչութեան երկարամեայ նախկին անդամ եւ միութեան «Արժանեաց» շքանշանակիր Հրաչ Սիսեռեանին, որ յամրաքայլ քայլերով մօտեցաւ ջահի պատւանդանին եւ ջերմ ծափողջոյններու ներքեւ վառեց զայն՝ ազդարարելով մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը։
Յաջորդեց մարզախաղերու մարզիկներու եւ իրաւարարներու ներկայացուցիչներուն երդման արարողութիւնը։ Իրաւարար Դրօ Մուրատեան եւ ատլետ Զուլալ Պէզճեան կատարեցին երդումը՝ յանուն 12-րդ մարզախաղերու մասնակիցներուն։
Երեկոյեան ժամը 9-ին հանդիսութիւնը փակւեցաւ խանդավառ համերգով՝ կատարողութեամբ «Արցախի ձայներ», «Երեւան փրոճէքթ» խումբերուն եւ Արաբօ Իսպիրեանին։ Համերգը շարունակւեցաւ մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր։