Միջազգային

Ակնարկ. Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Անկախութեան Միջազգային Ընկալումը

Ֆրանսայի վարչապետին կատարած յայտարարութիւնները բնականաբար կ՛արտացոլացնեն իր երկրի արտաքին քաղաքականութեան ուղղութիւնները: Հայկական գործօնին նկատմամբ Փարիզի դիրքորոշումները քաղաքական տրամաբանութեամբ կ՛ընկալուին այդ պարունակին մէջ:

Ակնկալելի էր, որ վարչապետը խօսի Հայաստանի անկախութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, գերիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը պաշտպանելու հրամայականի մասին:

Առաջադրանքի այս բաղադրիչները ընդհանուր ընկալումով Ազրպէյճանի վտանգին ուղղուած ըլլալով, այս պարագային նոյնքան ուղղուած են Ռուսիոյ: Ֆրանսական կամ ընդհանրապէս եւրոպական ու արեւմտեան ընկալումով Հայաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան եւ ժողովրդավարութեան սպառնացողը Մոսկուան է: Նոյնիսկ տարածքային ամբողջականութեանը թերեւս, եթէ այնպէս վերլուծենք, որ Արեւմուտքը կ՛ընդդիմանայ Սիւնիքի ճանապարհի թէական բացումի պարագային ռուսական ուժերու վերահսկողութեան:

Համոզիչ կը դառնայ այս մօտեցումը, որովհետեւ պաշտպանելու յանձնառութեան անմիջապէս կը հետեւի միւս միտքը: Ըստ վարչապետին Ռուսիան կը ցանկայ պատժել Հայաստանը իր խաղաղութեան ձգտման, իր ինքնիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի, այն սկզբունքներուն համար, որոնք Մոսկուան կ՛անարգէ Ուքրանիոյ մէջ:

Այս տրամաբանութեամբ խաղաղութիւնը արգելակողը Մոսկուան է. այսինքն` արգելք է, որ Եւրոպական Միութեան միջնորդութեամբ ընթանան բանակցութիւնները, եւ կնքուի խաղաղութեան պայմանագիրը: Ուքրանիոյ հետ համեմատումը ահազանգային է: Դարձեալ թիրախը Ռուսիան է: Ըսել կ՛ուզուի, որ Ռուսիան կ՛ուզէ երկրորդ Ուքրանիոյ վերածել Հայաստանը, որուն դիմաց Հայաստանը պաշտպանութեան կարիք ունի:

Այս բոլորէն ետք է, որ կարգը կու գայ Ազրպէյճանին, ուր դարձեալ Մոսկուան պատասխանատուութեան առջեւ կը դրուի: Կը շեշտուի, որ Մոսկուան չէ դատապարտած Պաքուի կողմէ ուժի կիրարկումը Արցախի մէջ, որ պատճառ դարձած է հայաթափման, մարդասիրական աղէտի յառաջացման, ռուս խաղաղապահ ուժերու ներկայութեան: Ուղերձը այն է, որ ռուս խաղաղապահ առաքելութիւնը ձախողած է տարածաշրջանին մէջ:

Բնականաբար չէ մոռցուած նաեւ Երեւանի միանալը Միջազգային քրէական դատարանին, որ նկատուած է Երեւանի կողմէ առնուած կարեւորագոյն քայլ` ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան կայացման գործընթացին մէջ:

Այս բոլորը ուղենիշեր են Ֆրանսա-Հայաստանի Հանրապետութիւն կամ առհասարակ Պրիւքսել-Երեւան համագործակցութեան խորացման քաղաքականութեան, որ քաղաքական տրամաբանութեամբ արագօրէն կ՛ընկալուի ռուսական ազդեցութենէ դուրս բերման գործողութիւններու շարք:

Ամէնէն ուշագրաւը այն է, որ Ֆրանսայի վարչապետը Ազրպէյճանէն պահանջած է իր ուժերը հեռացնել Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներէն:

Այս պահանջը սեպտեմբեր 2022-ի ներխուժման գործողութիւններէն ետք հնչած էր թէ՛ Միացեալ Նահանգներէն եւ թէ՛ Եւրոպական Միութենէն: Ապա, հետզհետէ մարած էր եւ տեղի տուած համեմատաբար չէզոք յայտարարութիւններու, միջնորդական առաքելութեան վերստանձնման ճիգերու շրջածիրին մէջ:

Պաքու-Մոսկուա դիրքորոշումներու համատեղման կամ գործակցութեան դրսեւորումներու տեսանելիութեան զուգահեռ այս պահանջը կը թուի, որ պիտի վերարծարծուի:

Այս մէկը եւս կրնայ առնչուած ըլլալ ռուսական թիրախ խփելու քաղաքականութեան: Ըսելու համար, որ ՀԱՊԿ-ի պարտականութիւնն էր զսպել ներխուժումը կամ հակազդել ներխուժման, մինչ առ այսօր նոյնիսկ գնահատական չէ տրուած այս կառոյցին կողմէ կատարուածին: Հետեւաբար Երեւանը ոչ միայն իր անդամակցութիւնը սառեցնելու հիմնաւորում ունի, այլ նաեւ ընդհանրապէս դուրս գալու այդ կառոյցէն:

Պաքուի հակազդեցութիւնը արագ է: Վերջերս արդէն իսկ Փարիզը կը նկատուէր Ազրպէյճանի թշնամին պետական շրջանակներու կողմէ: Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը կը պատասխանէ Ֆրանսայի վարչապետին` ըսելով, որ Ազրպէյճանը գործողութիւններ իրականացուցած է իր ներքին գերիշխան տարածքներուն մէջ:

Պատասխանին ուշագրաւ բաժինը այն է, որ, ըստ պաշտօնական Պաքուին, Ֆրանսան կը շարունակէ լռել «Հայաստանի կողմէ ազրպէյճանական 8 գիւղերու շարունակուող բռնագրաւումին դէմ»:

Եթէ Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ յարաբերակցութեամբ դիտարկենք յայտարարութիւնները, հայելային գիծեր կ՛երեւին: Այն առումով, որ Ֆրանսան կ՛ամբաստանէ Մոսկուան, որ լուռ մնացած է Արցախի հայաթափումին եւ հայաստանեան տարածքներու դէմ Ազրպէյճանի բռնագրաւումներուն դիմաց, մինչ Պաքուն «ազրպէյճանական գիւղերու բռնագրաւումին» դիմաց նոյն լռութիւնը պահելու համար կ՛ամբաստանէ Փարիզը:

Այս գործընթացները մտաբերել կու տան, որ արեւմտեան կեդրոններուն մօտ հետզհետէ աւելի բարձր պիտի հնչէ Հայաստանի գերիշխանութեան, անկախութեան պաշտպանութեան հրամայականը: Ի հարկէ ամէնէն առաջ այդ գերիշխանութեան ու անկախութեան սպառնալիք տեսնելով Ռուսիան: Եւ ասիկա փաստօրէն միջազգային ընտանիքի ընկալումին կը վերաբերի:

«Ա.»
«Ազդակ»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button