Սփիւռքահայ թատրոնը կորսնցուց Զօհրապ Եագուպեանը
Աւելի քան երկու ամիս առաջ, 2023 թւականի նոյեմբերի առաջին օրերուն, ճակատագիրին եւ առողջութեան հասած հարւածներէ ետք, Լոս Անջելէսի մէջ աչքերը փակեց հայկական բեմին նւիրեալ մը՝ Զօհրապ Եագուպեանը: Օրին, անոր վաստակին մասին երկու հակիրճ արձագանգ արձանագրւեցաւ «Ազդակ»-ի մէջ (Բէյրութ), կատարւեցաւ ըստ արժանւոյն գնահատական, մէկը՝ լիբանանահայ բեմին սպասարկող վաստակաւորէ մը՝ Յարութ Գնդունիէն, երկրորդը համազգայնական արւեստասէրէ մը՝ Յակոբ Լատոյեանէն: Առաջինը իր ակնարկը եզրափակած էր հետեւեալ տողով. «…քեզ պիտի յիշէ լիբանանահայ թատրոնի պատմութիւնը», իսկ երկրորդը թարգմանը եղած էր թատերասէրներու եւ գործակիցներու երախտագիտական զգացումներուն ու եզրափակած. «Վարձքդ կատա՛ր»: (Եթէ այլք արձագանգեցին, թող ներող ըլլան, ինձմէ վրիպած են):
Մեր այս սիւնակին նպատակը յիշեալ գնահատականներուն կրկնութիւնը ընել չէ, այլ կուզենք կարկինի քիչ մը աւելի լայն բանալ, լուսարձակի տակ բերելու համար թատերական արւեստին նւիրեալ Զօհրապին կեանքի ճանապարհը, շեշտելու՝ որ ան ո՛չ միայն լիբանանեան արժէք էր (ո՛չ միայն հայկական իմաստով), այլ նաեւ՝ Սփիւռքի մէկ արժէքն էր, ու անոր կորուստով, Հայ Սփիւռքն է որ ցաւ կապրի:
Շարունակելէ առաջ, արձանագրենք բաղձանք մը, որ Լիբանանի Հայ բեմը ունենայ իր պատմագիրը, վերջերս լոյս տեսած՝ երգչախումբերու պատմութեան հետեւողութեամբ, որպէսզի այս կալւածն ալ գտնէ զինք վաւերագրողն ու Հայ Թատրոնի անվերջանալի պատմութեան էջերուն տեղադրէ Լիբանանի Հայ բեմը՝ իր բոլոր տաղանդաւոր սպասարկուներով: Իսկ նման բաղձանք կարելի է տարածել արւեստի այլ կալւածներու վրայ եւս…
Լիբանանի թատրոնը՝ 70-ականներու սկիզբին
Որպէսզի կարելի ըլլայ ուրւագծային կերպով ներկայացնել Զօհրապին դերն ու վաստակը՝ մեր թատերական կեանքին մէջ, կարժէ պահ մը կանգ առնել այն մթնոլորտին առջեւ, որ կը տիրէր Լիբանանի մէջ, 70-ականներու սկիզբներուն, երբ հրապարակ եկան Զօհրապն ու իր ընկերները, նոր ուղիներ կերտելու կամքով եւ տեսլականով:
Ընենք քանի մը ընդհանրական հաստատում: Թատրոնը բազմարւեստ կալւած է. կը կարօտի թատերագիրի, դերակատարներու, բեմադրիչի եւ լծակիցներու (բեմավար, դիմայարդար, զգեստներ հոգացող, երաժշտութիւն եւ ձայնային սարքեր կառավարող, լուսաւորումի պատասխանատու, քուլիսային «խուլ աշխատանք» տանող եւ այլն): Առանց այս «տարրերուն» (բեմադրիչին գլխաւոր, ո՛չ միակ գործը՝ այս բոլորը համակարգել ու կառավարելն է), թատերական գործ մը բեմ չի կրնար բարձրանալ, անկախ անկէ, թէ բեմ բարձրանալն ալ յաջողութեա՞մբ, թէ՞ ձախորդութեամբ կաւարտի: Փակագիծ մը բանալով, արձանագրենք նաեւ, թէ թատերական գործ մը վէպ, բանաստեղծութիւն կամ պատմւածք չէ, որ բաւականանայ ընթերցող գտնելով: Անոր բեմ հանւի՛լն է, որ պիտի երախշաւորէ անոր արժէքը, յաջողութիւնը կամ ձախողութիւնը, եւ հոն, բանալի դերը կիյնայ բեմադրիչի ճիտին: (Հազւադէպ չեն այն համեստ թատերակները, որոնք վարպետ բեմադրիչի մը պրիսմակէն անցնելով՝ մեծ յաջողութիւն գտած են, ճիշտ է նաեւ հակառակը՝ ձախլիկ բեմադրիչներ ողջակիզած են վարպետներու գործերը: Շարժապատկերն ալ թատրոնին մէկ տարբերակն է):
Երկրորդ կարեւոր հաստատումը այն է, որ թատերական արւեստը մարմին կը ստանայ ՈՐՈՇ ՉԱՓՈՎ ԻՆՔԶԻՆՔ ԳՏԱԾ, ՈՐՈՇ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌՈՒԹԻՒՆ ԱՊԱՀՈՎԱԾ հաւաքականութեան մը մէջ. հաւաքականութիւնը կրնայ ըլլալ քաղաք, գաղութ, երկիր եւ այլն: Իսկ երբ կըսենք «որոշ կայունութիւն եւ հաւասարակշռութիւն հաստատած» կեանք, ի մտի ունինք թէ՛ նիւթական, եւ թէ՛ մշակութային որոշ՝ տանելի մակարդակի մը նւաճումը:
Կանգ առնելով հայութեան կեանքին վրայ, աւելորդ է յիշեցնելը, թէ յետցեղասպանութեան առաջին տարիներուն, կարելի չէր երեւակայել ընկալեալ իմաստով թատերական կեանք ու բեմ, երբ զանգւածը ինկած էր ապրուստի տարրական կարիքներու ապահովման տենդին մէջ:
Ցեղասպանութենէն մինչեւ Բ Աշխարհամարտ եւ անկէ ալ ետք, սփիւռքեան գաղութները ապրեցան ինքզինք վերագտնելու եւ հասարակական-նիւթական եւ մշակութային բարենպաստ պայմաններու ապահովման փուլեր: Միջին Արեւելեան գաղութները, ըլլալով ամենէն բազմամարդն ու փոքր տարածութիւններու մէջ վերականգնողը, այս իմաստով աւելի՛ բախտաւոր եղան, քան հեռակայ գաղութներ (չենք ուզեր մտնել յաւելեալ մանրամասնութիւններու մէջ): Այդ՝ վերակազմաւորման եւ «կռնակը շտկելու» տարիներուն, արւեստի այս կամ այն կալւածը դուրս չէր նետւած մեր կեանքէն: Կային գրողներ, անհատ նկարիչներ, երաժիշտներ, սակայն, ինչպէս նշեցինք քիչ առաջ, այդ կալւածները ԱՆՀԱՏԱԿԱՆ կառոյցներ են, մինչդեռ թատրոնը բազմարւեստ է, եւ կը կարօտի շատ աւելի լայն ու ամուր յենարաններու: Այդպէս եղած է ամէն տեղ, սկսելով Լեհաստանի մեր թատրոնէն՝ մինչեւ Թիֆլիս, Պոլիս եւ այլուր (Մխիթարեաններու թատրոնը իւրայատուկ է, իսկ Հայաստանի պարագան բոլորովին տարբեր է, հոն խորհրդային տարիներէն ի վեր արհեստավարժութիւնը կերտած է իր ճամբան եւ արձանագրած՝ նւաճումներ, բեմերէն անդին տարածւելով սպիտակ պաստառի աշխարհ): Թատրոնը անշուշտ կարօտած է – եւ կը կարօտի – նա՛եւ տարբեր նախադրեալներու, սակայն ամենէն հիմնական ենթահողը կապահովւի գաղութի մը կեանքին մէջ նշւած կայունութեան եւ հաւասարակշռութեան ապահովումով:
Ցեղասպանութենէն փրկւած հայ բեկորները, գաղութ դարձողներն ու կազմակերպողները բոլորովին մէկդի՞ նետած էին թատրոնը: Բնականաբար ո՛չ: Կային հայրենակցական միութիւններու թատերախումբեր, դպրոցներ ու շրջանաւարտից միութիւններ, որոնք բառին ամենէն պարզ առումով ունէին սիրողական խումբեր: Թէեւ Լիբանանի եւ այլ գաղութներու թատերախումբերը յաջորդող տասնամեակներուն ալ առաւելաբար սիրողական էին, սակայն չմոռնանք, որ սիրողականն ալ ունի ի՛ր տարբերակներն ու մակարդակները: Այս ծիրին մէջ դիտելով թատրոնի զարգացումը, կը տեսնենք, որ մշակութային միութեանց թատերախումբերը, որոշ հանգրւանէ մը ասդին, ունեցան ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺ, ՎԱՐՊԵՏ բեմադրիչներ ու բեմի մարդիկ, որոնք իրենց շուրջ խմբւած ՍԻՐՈՂԱԿԱՆ-ներուն հետ թատրոնի շէնքը օժտեցին նոր յարկերով: Եւ ահա հո՛ս է որ կը շեշտւի մեր սկզբնական բաղձանքը, թէ՝ Լիբանանի եւ այլ գաղութներու թատրոնը պէտք է ունենայ իր պատմագիրը (ծանօթ է որ, օրինակի համար, «Համազգային»-ը եւ այլք հրատարակած են յուշամատեաններ, որոնք հսկայական հում նիւթ կապահովեն պատմագիրին): Աւելորդ չըլլար աւելցնել, որ Սիրիոյ մեր գաղութը եւս ունեցած է զուգահեռ զարգացում՝ թատրոնի կալւածին մէջ…
Բաւարարւելով ու կենտրոնանալով Լիբանանի մեր գաղութին եւ անոր ծոցէն ծնած թատերական կեանքին վրայ, կրնանք արձանագրել, որ Ցեղասպանութեան 50-ամեակին բերած զարթօնքին ալիքները իրենց ներգործութիւնը ունեցան նա՛եւ թատերական կալւածին վրայ: Եթէ նոյնինքն Լիբանանը, իր անկախութեան յաջորդած առաջին տասնամեակներուն այլապէս քալած էր դէպի բարօրութիւն եւ տարբեր գիծերու վրայ զարգացում, այդ երկրին հայութիւնն ալ ապրած էր այդ բարիքները (իսկ մօտաւորապէս 50 տարիէ ի վեր բաժնեկից է տառապանքներուն): Կարելի չէ արհամարհանքով դիտել, օրինակի համար, Լիբանանի մէջ պատկերասփիւռի կայանին հիմնադրութիւնը: Կարճ ատեն ետք, փոքր պաստառը տուներէն ներս փոխադրեց որոշ չափով արհեստավարժ խումբեր, որոնք բարոյական եւ երգիծական (երբեմն խեղկատակութեան սահմաններուն մէջ) պատկերներով անուղղակի բաժին ունեցան ԹԱՏՐՈՆ-ին զարգացման մէջ (Լիբանանեան պատկերասփիւռի կարգ մը վաստակաւորներ իրենց անունը արձանագրած են նաեւ Լիբանանեան Թատրոնի պատւոյ տոմարներուն մէջ): Այս գործօններուն վրայ պէտք է աւելցնել բարձրագոյն ուսման մատչելի դառնալը: Նախապէս, եթէ նախակրթարանի վկայական մը կամ քանի մը տարի ալ անկէ անդին երթալը պերճանք էր, երկրորդականի վկայականն ու համալասարանական ուսումը դարձան աւելի ընդհանրական:
Կար նաեւ այլ կարեւոր յաւելում մը՝ նոյնինքն ԹԱՏՐՈՆ-ՇԷՆՔ-երու մուտքը մեր կեանքէն ներս: Նախապէս, պատկառելի բեմադրութիւններ կը կատարւէին դպրոցներու կամ շարժապատկերի սրահներու մէջ (օրինակ, պատմութիւն կերտւած է Բէյրութի կենտրոնական հրապարակներու շրջանին մէջ գտնւող՝ երբեմնի «Կրան Թէաթըր» սրահին մէջ): Թատրոնի զարգացման իրենց անփոխարինելի նպաստը բերին մասնաւորաբար «Յակոբ Տէր- Մելքոնեան», Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի (պատերազմին հետեւանքով պատմութեան անցած) սրահներն ու Բէյրութի Համալսարանական կոլէջի (նախկին Բի. Իւ. Սի.-ի) ամփիթատրոնը:
Ահաւասիկ այսպիսի գործօններու գումարն էր, որ Լիբանանի մեր գաղութը բերաւ-հասցուց յետ-50-ամեակի փուլ, այսինք, 60-ականներու երկրորդ կէսը եւ տարաւ անկէ անդին:
Եթէ մինչ այդ, միութենական թատրոնները ստեղծած էին իւրայատուկ դպրոցներ, ու սիրողը մուտք կը գործէր ու փորձառութիւն, նաեւ համբաւ կը շահէր, այդ փուլին էր որ կարգ մը սիրողներ ձեռք առին ուսանողական ցուպը եւ գացին եւրոպական եւ այլ ոստաններ, ուղղակի առնչւելու Արեւմտեան թատրոնին (Անգլիա, Ֆրանսիա, Միացեալ Նահանգներ…) ու անոր կերտիչներուն հետ (գրող թէ բեմադրիչ-դերասան: Այդ խմբակին առաջիններէն էր (ոչ միակը) Վարուժան Խտշեան, որ Բէյրութ վերադարձին, սկսաւ բեմ հանել արեւմտեան ոստաններու մէջ անուն ու հռչակ ունեցող նա՛եւ ժամանակակից թատերագիրներու գործեր, առանց անտեսելու «վետերաններ»-ը: Այս դիտանկիւնէն, Զօհրապն ու քանի մը ուրիշներ կարելի է դասել երկրորդ ալիքին մէջ: Չենք կրնար անտեսել այն տղաքը, որոնք արհեստավարժութեան հեռանկարով գացին Հայաստան եւ հետեւեցան թատերական ուսումի, վերադարձան Բէյրութ եւ իրենց ներդրումը ունեցան Լիբանանի Հայ Թատրոնի կեանքին մէջ:
Զարգացած երկիրներէ լոյս բերելու շարժումը միայն թատրոնի կալւածով չէր սահմանափակւած, ձեւով մը կը յիշեցնէ այն ալիքը, որ 19-րդ դարու կէսերուն Պոլիսէն եւ մայր Հայաստանէն երիտասարդներու փաղանգներ տարաւ եւրոպական փարոսներ ու զանոնք դարձուց մեր Զարթօնքի սերունդին ներկայացուցիչները: Աւելի չմանրամասնենք ու չտարածւինք:
Զօհրապի թատերական կեանքը
Այսօր, երբ կը յիշենք բեմադրիչ-դերասան Զօհրապ Եագուպեանը, ընդհանրապէս լուսանցքի վրայ կը մնայ անոր աշակերտական օրերու բեմական կեանքը: Սա բնական է, որովհետեւ իրեն պէս շատեր բեմ ելած են դպրոցներու մէջ, սակայն յետոյ, չեն մտածած մասնագիտանալու մասին, կարեւոր թիւ մը՝ անոնցմէ, մտած է աշխատանքի տարբեր ասպարէզներ, սակայն դպրոցին մէջ իր ունեցած սեղմ փորձառութիւնը զինք դարձուցած է յաջորդ մակարդակի սիրողականը. այսինքն՝ անոնք բոլորւած են ծանօթ, արհեստավարժ եւ թատերական ուսումով օժտւած արւեստագէտներու շուրջ, կանգուն պահած ու առաջդիմութեան տարած մեր թատրոնը:
Զօհրապին «ալիք»-ին մաս կազմած են Սիմոն Մնակեանը եւ Վահէ Պէրպէրեանը, որոնք եղան ասպարէզին մէջ յարատեւողներէն: Անոնք ազնիւ մրցակցութիւն մը ստեղծեցին Գասպար Իփէկեանի «ժառանգորդ» Ժորժ Սարգսեանի, Վարուժան Խտշեանի, Գրիգոր Սաթամեանի պէս արդէն իսկ ներկայութիւն եղողներուն հետ, առանց մոռնալու Թաթուլ Այնէճեանը եւ ուրիշներ: Անոնք իրենց կողքին ունեցան ո՛չ միայն բեմ ելլելու պատրաստ սիրողներ, այլ նաեւ նորարարութեան հետամուտ գրողներ, ինչպէս Արա Արծրունին:
Արհեստավարժ Զօհրապին բեմ մուտքով էր որ Բէյրութի մէջ – մասնաւորաբար՝ Բուրջ Համուդի – ծանօթութիւն գտաւ «Փորձառական Թատրոն» եզրը: Սկզբնական օրերուն, հանդիսականին տպաւորութիւնը այն էր, որ այս տղաքը կը փորձէին ստեղծել թատերախումբ մը, ուր մտնողը ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆ պիտի շահէր: Թատրոնի պատմութեան ծանօթներուն, իսկ աւելի ուշ՝ նաեւ աւելի լայն հասարակութեան ծանօթ դարձաւ, որ «Փորձառական Թատրոն»-ը շարժում մըն է, որուն արմատները կերկարին մինչեւ 19-րդ դար, այն օրերը, երբ Եւրոպան զարթօնքի նոր ալիք մը ապրած է, եղած են թատրոնի մարդիկ, որոնք ճիգ ըրած են այս կալւածին մէջ հաստատուն դարձած, որոշ կաղապարում ստացած հասկացութիւնները փոփոխելու, ձեւով մը՝ յեղափոխելու եւ նոր մղում տալու Թատրոն-ին: Յաջորդ տասնամեակներուն, թատերական այս շարժումը պիտի գտնէր տարբեր արտայայտութիւններ, սկսելով գրողէն, նիւթէն ու մատուցման ձեւերէն, մինչեւ հասարակական, յուսկ՝ քաղաքական հարցերու ներգրաւումը հոն:
Եւ ահա ա՛յս կէտն է որ Զօհրապն ու իր թատերական շարժումը զատորոշեց այլ արւեստագէտներէ: Ու եթէ աչքի առջեւ ունենանք անոր լուրջ գործերը (լուրջ-ով՝ ի մտի ունինք նաեւ կատակերգական գործերը), կը տեսնենք, որ Փորձառական-ը հոն բազմած է լայնքին ու երկայնքին: Ու եթէ արժեւորումի նժարով պիտի մօտենանք անոր վաստակին, ա՛յս գիծն է, որ իրեն պատւանդան մը պիտի ապահովէ Լիբանանի մեր թատրոնի պատմութեան մէջ: Այս նորարարութեան առաջին եւ այլապէս յիշատակելի նմուշներէն էին «Մըթթըրին երգը», «Վահագն»-ը եւ «Պուրջ Համուդ-78»ը: Անոր ճիգը՝ եղածը մերժել կամ դրժել չէր, այլ նիւթի եւ արտայայտութեան տարբեր ուղի մը բանալը, մեր թատերական կեանքին մէջ նոր գիծ մը բանալը: Ծանօթ խօսք է այն, որ նորարար արւեստագէտը ա՛ն է, որ կրնայ ՆՈՐ ԳԻԾ մը աւելցնել եղածներուն վրայ:
Ճամբորդութեան ելեւէջները
Քիչ առաջ առաւելաբար կանգ առինք այն դրական գործօններուն վրայ, որոնք նպաստեցին Լիբանանի մեր գաղութին, հետեւաբար նաեւ՝ թատրոնին ծաղկումին: Այս սիւնակը տեղը չէ վեր առնելու իւրաքանչիւր բեմադրիչի կամ տաղանդաւոր դերասանի վաստակն ու արժանիքները (ի դէպ, բոլոր բեմադրիչներն ալ եղած են դերասան ու դերուսոյց, նաեւ թատրոնի այլ մարզերուն մէջ «խոհարար»), որովհետեւ կիզակէտ ընտրած ենք Զ. Եագուպեանը:
Այս «բեմի տղուն» ասպարէզի առաջին տարիները, պարզ բառերով՝ զուգադիպեցան Լիբանանի եւ անոր թատերական կեանքի աշխուժ ամրան: Սկզբնական տարիներուն, ան գործակից ունեցաւ սերնդակիցներ (Սիմոն Մնակեան) եւ համախոհներ, սակայն յետոյ ճամբան շարունակեց առանձինն:
Քանի մը տարի ետք, պայթեցաւ Լիբանանի «քաղաքացիական պատերազմ»-ը (Ապրիլ 1975): Կարգ մը բեմակիցներ հեռացան Լիբանանէն (աւելի ուշ նաեւ կեանքէն՝ կանխահասօրէն), ուրիշներ այլազան պատճառներով կլանւեցան առօրեայի յորձանուտին մէջ. արւեստի եւ ուսումնական բազմաթիւ կալւածներու շարքին, տուժեց – ու նահանջեց -նաեւ թատրոնը:
Լիբանանի տագնապալի վիճակը իր ուղղակի ազդեցութիւնը ունեցաւ Զօհրապի (նաեւ այլ բեմադրիչներու) մատուցման որակին վրայ. մատուցում՝ իբրեւ նիւթ եւ բեմին վրայ տեսնւած խաղ:
Նկարագիրով զւարթախոհ եւ կատակասէր՝ Զօհրապի նախասիրութիւնը կերթար կատակերգական գործերու: Սակայն, եթէ պատրաստւի ցանկը իր բեմադրած գործերուն, պիտի տեսնւի, որ դրամն ու ողբերգութիւնը իրենց կարեւոր տեղերը գտած են հոն: Սկզբնական շրջանի «Վահագն»-էն ետք, իսկ քիչ մը աւելի ուշ, մինչեւ իսկ Լիբանանի ծանրագո՛յն օրերուն՝ երբ ռումբերն ու կրակոցները շատ ալ առիթ չէին տար հանդիսականներուն, որ թատրոն երթային (ալ ո՜ւր մնաց՝ որակաւոր գործ փնտրէին), Զօհրապը հաւատարիմ մնաց ի՛ր ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ-ին: Բեմ հանեց Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները», Գոգոլի «Խենթի մը օրագիրը» եւ այլ «հարւածային» գործեր: Փանիոլի դասական գործը, ի դէպ, այսօր ալ այժմէական է մեր կեանքին դիտանկիւնէն: Իսկ Գոգոլի գործը՝ շուրջ երկու ժամ տեւողութեամբ ծանր մենակատարութիւն մըն էր: Ինչպէս ակնարկեցինք, թատերասէրը այդ օրերուն (նաեւ անկէ ետք, հաւանաբար այսօր ալ) աւելի հակամէտ դարձած էր զւարճալիքներ դիտելու, մինչեւ իսկ եթէ այդ զւարճալիքը խեղկատակութիւն էր, անմակարդակ խնդուք եւ մասամբ նորին (այս տարօրինակ ախտով միայն հայ բեմը չէ որ վարակւած է…): Եւ խեղկատակութիւնը (թող ներւի մեզի, եթէ ըսենք՝ պօշ-պօղազութիւն) առատօրէն տրամադրողները իրարու հետ մրցումի ելած էին եւ… քաջալերանք կը գտնէին: Մեր յիշողութեան մէջ երէկի պէս կը հնչեն Զօհրապի դառնութիւնն ու հիասթափութիւնը արտայայտող քանի մը խօսքերը: Յիշեալ երկու գործերը ներկայացուց փոքրաթիւ հանդիսականներու առջեւ. երեկոյ մը, ընկերոջ մը հետ միասին ներկայ էինք այդ գործերէն մէկուն ներկայացման: Ճշտւած ժամուն, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին աթոռներէն հազիւ 10-ը գրաււած էին: Կը զգայինք, որ վարագոյրին ետին արտասովոր շարժում կար. բեմին աջ կողմը, տախտակէ սիւնին վրայ «պատուհանիկ»-էն աչք մը քանի մը անգամ ստուգումներ կատարեց. հաւանաբար կը սպասէին ուշացած թատերասէրներու, որոնք չէին գար: 20 վայրկեան ետք, Զօհրապը բացաւ վարագոյրը եւ յայտարարեց մօտաւորապէս հետեւեալը. «Մենք այսօր այս թատրոնը պիտի խաղանք, մինչեւ իսկ եթէ սրահը ամբողջութեամբ պարապ ըլլար: Շնորհակալ ենք, որ դուք հոս էք»: Ու խաղը սկսաւ:
Յետո՞յ: Այս տղան ալ յաճախ ստիպւեցաւ զիջումներ կատարելու եւ բեմ գալու «հասոյթ ապահովող» զւարճալիքներով: Ան եզակի չէր իր այս ընթացքին մէջ: Ուրիշ վաստակաւոր մըն ալ, մօտաւորապէս նոյն վիճակին մատնւելէ ետք, ինքզինք գտած էր լուրջ գործերէ հրաժարելու եւ թեթեւ կատակերգութիւն խաղալու հարկադրանքին տակ, նոյն բեմէն յայտարարած՝ առանց բառերը ծամծմելու. «Ժողովո՛ւրդ, դուք լուրջ բաներ չէ՞ք սիրեր: Լա՛ւ ուրեմն, ձեզի պիտի ներկայացնեմ խնդալիք բաներ: Դուք ինծի տւէք ձեր դրամը, եւ ես ձեզ խնդացնեմ՝ որքան որ կուզէք…»:
Արւեստագէտները իրենց դառնութիւնը արտայայտելու ձեւերը կը գտնեն, մանաւանդ երբ իրենց սիրահարը զոհ կերթայ իրենց ուժերէն ու կամեցողութենէն դուրս սահանքներու:
Մանկական-պատանեկան թատրոն
Զօհրապ Եագուպեանի վաստակին մէջ իւրայատուկ տեղ ունեցաւ մանկական-պատանեկան թատրոնը: Ճիշտ է, պատերազմի տարիներ էին, սակայն հոն ալ տարբեր խիզախում մը արձանագրւեցաւ, շնորհիւ Զօհրապին եւ «Համազգային»-ի Բուրջ Համուդի մասնաճիւղին միջեւ գործակցութեան: Իրեն հետ գործած նախկին դերակատարներէն մէկ քանիին կողքին, ան իր շուրջ խմբեց պատանիներ ու ներկայացուց հեքիաթներէ եւ պատումներէ մշակումներ: Մանուկներն ու պատանիները սորվեցան ԹԱՏՐՈՆ ՍԻՐԵԼ, որովհետեւ «Զօհրապ ամմօ»-ն զիրենք հոն համախմբած էր: Իսկ տարիներու գործակիցներէն՝ իր տիկինը՝ Մեխակը առաջիններէն էր, որ շնչաւորեց բեմը, նմանապէս համակրանք վաստկեցաւ դերատի դերակատարներէն:
Զօհրապ Եագուպեանի անունը տեղ գտաւ Լիբանանի ոչ-հայկական թատրոնի տարեգրութեան մէջ. գործակցեցաւ նշանաւոր դերակատարներու եւ բեմի մարդոց հետ (այլ վաստակաւորի մը՝ Պերճ Ֆազլեան ունեցած էր ի՛ր փորձառութիւնը, որ զինք տարած էր նաեւ սպիտակ պաստառ): Այս գիծին վրայ չենք ուզեր երկար կանգ առնել, որովհետեւ մեզ հետաքրքրողը՝ Լիբանանի Հայ թատրոնն ու անոր մէջ Զօհրապին գրաւած տեղն են:
Լիբանանէն անդին
Զօհրապ Եագուպեան Բէյրութէն հեռացաւ մօտաւորապէս 20 տարի առաջ, հաստատւեցաւ Լոս Անջելէս: Հոս, ան ստիպւած էր ապրուստ ապահովել իր կեանքի ասպարէզէն՝ թատրոնէն այլ բաւիղներու մէջ: Լոս Անջելէսը կամ արեւմտեան այլ ոստաններ երբեք չեն կրնար բաղդատւիլ Բէյրութի եւ Բուրջ Համուդի հետ: Հոս կայ երկար եւ յաճախ տխուր պատմութիւն…
Սկզբնական շրջանին, Զօհրապ չէր կրնար բոլորովին թողլքել իր «առաջին սէրը»՝ թատրոնը: Կապ հաստատեց կարգ մը դպրոցներու հետ, որպէսզի թատրոն դասաւանդէ: Սկզբնապէս խանդավառութիւն ստեղծւեցաւ, սակայն շատ մը այլ բաներու պէս, անիկա երկար շունչ չունեցաւ:
Յետոյ, գործակցութիւն ստեղծւեցաւ «Համազգային»-ին հետ, գործակցութենէն ծնան կատակերգական պահեր, որոնք նոյնպէս շնչասպառ եղան կարճ ատեն ետք: Բեմի այս տղան կարծէք թէ կտրւած էր զինք շնչաւորող հողէն՝ Բէյրութէն ու բուրջ-համուդեան բեմէն, դարձած էր հարազատ ջուրերէ դուրս ինկած ձուկ մը:
Աւելի ուշ, դիմագրաւեց առողջական դժւարութիւններ, յաղթեց, նահանջեց, դիմադրեց, բայց ի վերջոյ Միւսը իր կամքը պարտադրեց իրեն: Եւ օր մըն ալ, 2023-ի նոյեմբերի առաջին օրերուն, մեկնեցաւ այս աշխարհէն, մասնաւորաբար Լիբանանի հայկական բեմի պատմութեան մէջ ձգելով բազմագոյն յիշատակներ: Կրկնենք՝ Սփիւռքն ու հայութիւնը կորսնցուցին Հայ թատրոնին շուրջ կէս դար սպասարկող մը:
Այս տողերով արդարութիւն կընե՞նք իր վաստակին: Հազիւ թէ: Սա համեստ ճիգ մըն էր ուրւագծային ակնարկ մը նետելու Լիբանանի Հայ թատրոնի կեանքին վրայ ու Զօհրապը գտնելու այդ գիծերուն շարքին: Ու երբ Լիբանանի Հայ բեմը ունենայ իր պատմագիրը, ան վստա՛հաբար լայն տեղ պիտի տրամադրէ Եագուպեան Զօհրապին ու գործակիցներուն:
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Լոս Անջելէս, յունւարի 2024