Նախաքրիստոնէական պատմաշրջան
Արտաշէս Ա (Մեծն Արտաշէսի) գաղափարախօսութիւնը՝ ԱԶԳԱՀԱՒԱՔՈՒԹԻՒՆ
Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ
Արտաշէս Ա (189-160 ք.ա.) գահակալութեամբ սկսաւ Հայոց պատմութեան նոր պատմաշրջան մը, որ կոչւեցաւ հիմնադիրին անունով «Արտաշէսեան»:
Ըստ պատմահայր Մովսէս Խորենացիին Արտաշէս իր արշաւանքներուն ընթացքին փորձեց գրաւել այն հողամասերը, ուր կը տիրապետէր հայերէնը, այսինքն ան կը շարժւէր լեզւական սկզբունքով, բոլոր հայերէն խօսողները հաւաքելու իր հիմնած թագաւորութեան սահմաններէն ներս:
Արտաշէսի հրամանով հայերէնը դարձաւ Հայաստանի արքունիքի պետական լեզուն. բոլոր պետական պաշտօնեաները, բանակը եւ քուրմերը կը գործածէին հայերէնը:
Արտաշէսի այս լեզւական քաղաքականութեան մասին անդրադարձած է Ստրաբոնը, «Պատմում են, որ Հայաստանը սկզբում փոքր է եղել եւ աճել է Արտաքսիասի եւ Զարիադրիսի միջոցով…: Երկուսն էլ աճեցին շրջակայ ազգերից հողեր գրաւելով. Մարերից՝ Կասպեանէն, Փաւնիտիսը եւ Բասորոպեդան, Իբերներից՝ Պարիադրես լեռան ստորոտները, եւ Խորզենէն եւ Գոգարենէն, որը գտնւում է Կուրի միւս կողմը, Խաուբներից եւ Մոսիւնոյկներից՝ Կարենտիսը եւ Դերքսենէն, որոնք Փոքր Հայքին սահմանակից են եւ կամ նրա մասն են կազմում, Կատաոններից՝ Ակիլիսենէն եւ Անդիադավրոսի շրջանը, Ասորիներից՝ Տամոնիտիսը, ուստի եւ բոլորը միալեզու են»:
Արտաշէս Ա-ի գրաւած նահանգներու բնակչութեան մեծ մասը, բացի Կասպեան երկրամասէն, հայեր էին: Այդ ճիշտ չէ կոչել գրաւում, քանի որ այդ տարածքներուն մէջ հայեր կը բնակէին. Արտաշէսի ըրածը կը կոչւի ազգահաւաքութիւնը:
Արտաշէսեան թագաւորութիւնը տեւեց 190 տարի (189 ք. ա.- 1 ք. ե.). թագաւորեցին ընդհանուրը 10 արքաներ, որոնցմէ երկուքի անունը Արտաշէս էր:
Տիգրան Բ (Մեծն Տիգրան) կը ներկայանայ հայկական Արտաշէսեան թագաւորութեան 4-րդ արքան, որ հռոմէական կայսրութեան հզօրութեան պատմաշրջանին յաջողեցաւ հիմնել Հայկական կայսրութիւնը, որ տեւեց 22 տարի:
Մեր պատմութեան մէջ Տիգրան անունը՝ երկու հազար տարիներէ ետք կը մնայ մեծ թիւով գործածական, իսկ Արտաշէս անունը շատ քիչ կը գործածւի…:
Միջին դարեր
Աբբասեան Խալիֆայութեան անկումը,
եւ հայոց մասնակցութեան հարցը 1258 թ.
Այս յօդւածով պիտի փորձենք լուսաբանել՝ հայոց մասնակցութեան հարցը Աբբասեան Խալիֆայութեան անկման` Բաղդադի գրաւումով մոնղոլներու կողմէ 1258 թ., որովհետեւ այս առնչութեամբ շատ անճիշտ կարծիքներ յայտնւած են, եւ չափազանցւած ոճով յիշատակութիւնները կը խեղաթիւրեն պատմութիւնը:
Մեր կարծիքով Մոնղոլները, մէկէ աւելի պատճառներով, որոշած էին գործադրել Բաղդադի գրաւումը եւ Աբբասեան Խալիֆայութեան կործանումը: Բաղդադի նւաճումը քաղաքական եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն կունենար եւ մեծապէս պիտի դիւրացնէր մոնղոլներու տիրապետութեան ընդարձակումը տարածաշրջանին մէջ, ինչ որ հսկայ ներուժ պիտի տար իրենց աշխարհակալութիւններուն: Միւս կողմէն, մոնղոլները տնտեսապէս մեծ օգուտներ պիտի քաղէին Բաղդադի գրաւումով, որ անցեալ հինգ դարերուն համաշխարհային առեւտուրի խոշորագոյն կեդրոնն էր Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, եւ առեւտրական բոլոր ճանապարհները անպայման պիտի անցնէին Բաղդադով: Ինչպէս եւ Բաղդադի գրաւումով հսկայական կուտակւած հարստութիւն պիտի անցնէր Մոնղոլներու ձեռքը: Այս եւ այլ պատճառներ, մեզի կը թելադրեն, թէ մոնղոլները կարիքը չունէին այլ թագաւորէ մը Բաղդադը գրաւելու առաջարկ լսելու, ըլլար ան Հեթում Ա-ը, կամ մէկ ուրիշը:
Կիրակոս Գանձակեցի յիշած է, թէ հայ եւ վրացի իշխանները մասնակցած են մոնղոլական մեծ արշաւանքին Բաղդադի վրայ. անոնք ստիպւած էին իրենց մասնակցութիւնը բերելու: Ըստ Կիրակոս Գանձակեցիի, Շահնշահի որդի Զաքարէ իշխանը եւ Հասան-Պռօշ իշխանը մասնակցեցան այդ մեծ արշաւանքին: Զաքարէ իշխանը մասնակցեցաւ հայ-վրացական զօրքերով: Իսկ Հասան-Պռոշը Հուլաղուի կողմէ Աբբասեան վերջին խալիֆային ալ-Մուսթաըսմ (1242-1258) ղրկւած պատւիրակութեան անդամներէն էր: Պատմականօրէն որեւէ յիշատակութիւն չկայ հայկական զօրագունդերու լուրջ մասնակցութեան մասին, նոյնը չէր պարագան վրացական զորագունդերու պարագային:
Անհրաժեշտ է այստեղ լուսաբանել շատ կարեւոր հարց մը. Աբբասեան Խալիֆայութեան անկումը ճիշտ չէ ամբողջութեամբ նկատել, որպէս արշաւանք մը մահմետականութեան դէմ, այսինքն կրօնական ազդակը հիմնական դրդապատճառը չէր ինչպէս անդրադարձանք: Մոնղոլական արշաւող զօրքերուն մաս կը կազմէին մեծ թիւով թուրքեր: Ճիշտ է մոնղոլները այդ ժամանակ մահմեդական չէին, բայց անոնք քրիստոնեայ ալ չէին. աւելին Բաղդադի վրայ արշաւող զօրագունդերուն մէջ կային նաեւ մահմետական զօրագունդեր:
Որպէս եզրակացութիւն նշենք, թէ Աբբասեան Խալիֆայութեան կոծանման հարուածը եկաւ մոնղոլներէն եւ անոնց դաշնակից թուրք եւ մահմետական զօրագունդերէն, իսկ հայկական մասնակցութիւնը շատ աւելի խորհրդանշական էր, եւ պարտադրւած քաղաքական (ինքնապաշտպանական) դրդապատճառներով ինչպէս լուսաբանեցինք, եւ ոչ թէ աւարի եւ կողոպուտի նպատակներով, ինչպէս էր պարագան մոնղոլներուն եւ թուրքերուն համար:
Նոր շրջան
Աշխատասէր եւ նւիրւած ժողովուրդ
Ռուս-պարսկական երկրորդ պատերազմը 1826-1828 թւականներուն վերջ գտաւ ռուսերու յաղթանակով: Ռուսիոյ մեծ յաղթանակէն ետք պարսիկները ստիպւեցան ընդունելու իրենց պարտութիւնը, «Պարսկական շահը առաջարկեց հաշտութիւն, որը ընդունւեց ցարական կառավարութեան կողմից: 1828 թ. փետրւարի 10-ին Թաւրիզից Թեհրան տանող ճանապարհի վրայ գտնւող Թուրքմենչայ գիւղում կնքւեց պայմանագիր, որը եւ այդ գիւղի անունով կոչւեց Թուրքմենչայի պայմանագիր:
Թուրքմենչայի պայմանագրով Երեւանի եւ Նախիջեւանի խանութիւնները միացւեցին Ռուսաստանին: Իրականացաւ ցարական կառավարութեան վաղեմի նպատակը՝ Արեւելեան Հայաստանը միացուեց Ռուսաստանին»:
Ռուսաստանի կողմէն պայմանագիրը ստորագրեցին գեներալ Պասկեւիչը եւ պետական խորհրդական Ա. Օբրեզկովը, իսկ Պարսկաստանի կողմէն՝ գահաժառանգ Աբաս-Միրզան:
Թուրքմենչայի պայմանագիրի 15-րդ յօդւածով պարսկահայերուն իրաւունք տրւեցաւ գաղթելու Ռուսաստանին միացւած Արեւելեան Հայաստան: Այդ դաշնագրով հայոց գաղթի համար սահմանւեցաւ մէկ տարի ժամանակ: Գաղթողներուն իրաւունք տրւեցաւ առանց մաքս կամ հարկ վճարելու իրենց հետ տանիլ որեւէ շարժական հարստութիւն կամ ունեցւածք, իսկ անշարժ ունեցւածք վաճառելու համար տրւեցաւ մինչեւ հինգ տարի ժամանակ:
Հայերու ներգաղթը Պարսկաստանէն դէպի արեւելեան Հայաստան, որ Թուրքմենչայի պայմանագրով կը գտնւէր Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ կը ծառայէր նաեւ ռուսերու վարած քաղաքականութեան. մէջբերենք Թուրքմենչայի պայմանագիրը ստորագրող՝ ռուս զօրավար Պասկեւիչի զեկուցումէն հետեւեալը, «Մեր սահմանի ամայի հողերի բնակեցումը հնազանդ, աշխատասէր եւ հաւատով մեզ նւիրւած ժողովրդով կարող է մեծ օգուտ բերել»:
Հայոց պատմութիւնը ցուցակներով
Հայկական ծագումով Աբբասեան խալիֆաներու ժամանակակից խալիֆայութիւնները, թագաւորութիւնները եւ իշխանութիւնները
Ըստ Արաբական հռչակաւոր պատմիչներուն՝ Աբբասեան խալիֆաներէն երեքին մայրերը հայուհիներ էին: Անոնք էին, Ալ-Կաըմ (1031-1075), Ալ-Մուգթադի (1075-1094) եւ Ալ-Մուսթադիը (1170-1180):
Գծացուցակին մէջ կարելի է տեսնել, Հայկական ծագումով Աբբասեան խալիֆաներու գահակալութեան տարիները մութ կանանչով, ինչպէս եւ Ֆաթիմեան խալիֆայութեան հայկական ազդեցութեան պատմաշրջանը մութ մանուշակագոյնով. սպիտակով գրւած են ազդեցութեան թուականները:
Նաեւ կարելի է տեսնել ժամանակակից հայկական իշխանութիւնները եւ թագաւորութիւնները, ինչպէս եւ Սելջուկեան, Դանիշմաններու եւ Եդեսիոյ պետութիւններու ու իշխանութիւններու տեւողութեան հանգրւանները:
Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 48, 9 յունիսի 2024 թ.