Մշակութային

Հայոց պատմութիւնը ցուցակներով

Ուրարտու-Ասորեստան պայքարը եւ Ասորեստանի արշաւանքները Արեւմուտքի վրայ

Այս ցուցակին մէջ նշւած են Ասորեստանի արշաւանքները Արեւմուտքի վրայ. եւ պատերազմները Ուրարտուի եւ Ասորեստանի միջեւ: Ընտրւած է 860-710 Ք.Ա. պատմաշրջանը:

Երբ Ասորեստանը ի զօրու էր արշաւելու Սիրիոյ վրայ, ապա շատ հաւանաբար հրէական երկու փոքր թագաւորութիւնները՝ Իսրայէլ եւ Յուդայ կենթարկւէին անոր ոտնձգութիւններուն: Իսկ երբ Ասորեստանը զբաղւած էր Ուրարտուի հետ իր պատմական պայքարով, ան ռազմականօրէն անկարող էր Արեւմուտքի վրայ արշաւելու:

Շատ յստակ կարելի է տեսնել, թէ ընդհանրապէս Ասորեստանի կողմէ ռազմական արշաւանքները տեղի ունեցած են Արեւմուտքի վրայ (Սիրիա, Իսրայէլ եւ Յուդայ) այն տարիներուն, երբ ան զբաղւած չէր պատերազմներով Ուրարտուի դէմ:

Այսպէս, կարելի է նշել, թէ Ուրարտուն իր հզօրութեամբ մեծ բարիք էր Սիրիոյ, Իսրայէլի եւ Յուդայի թագաւորութիւններուն համար:

ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ

Հայոց Հայրապետական աթոռի Հաստատումը

Ս. Էջմիածինի մէջ 1441թ.

Կիլիկիոյ մէջ հիմնւած Հայկական թագաւորութեան անկումէն ետք 1375 թ., եւ անոր յաջորդող տասնեակ տարիներուն, բազմահազար հայութեան հեռացումը Կիլիկիայէն՝ աւելի տկարացուցին եւ Հայ ժողովուրդի մեծամասնութենէն մեկուսացուցին Կիլիկիոյ մէջ հաստատւած Մայր Աթոռը: Միւս կողմէն Հայաստանը զուրկ էր ղեկավարող կենտրոնէ, ոչ թագաւորութիւն կար, ոչ ալ կաթողիկոսական աթոռ. միակ աթոռը Աղթամարինն էր, որ Ս. Էջմիածինէն բաւական հեռու էր, եւ համահայկական չէր:

Հայկական պետականութեան բացակայութեան հետեւանքով, հայ ժողովուրդը իրար միացնելու միակ հաստատութիւնը կը ներկայանար հայ եկեղեցւոյ Մայր Աթոռը: Վերջինս, գտնւելով Հայաստանէն դուրս, եւ պետականութեան բացակայութեան պատճառով կը գտնւէր վտանգւած վիճակի մէջ:

Պատմութիւնը մեզ կը յուշէ, թէ Բագրատունեաց հարստութեան անկումէն ետք, 1066 թ. Մայր Աթոռը Հայաստանէն տեղափոխւեցաւ հեռաւոր Կիլիկիա, հիմնականօրէն գտնւելու հայկական իշխանութեան պաշտպանութեան ներքոյ: Այժմ 15-րդ դարուն, պատկերը փոխւած էր՝ հակառակ ուղղութեամբ. Կիլիկիոյ մէջ Մայր Աթոռը վտանգւած էր մահմետական ուժերէն, եւ ենթակայ էր Հռոմի պապի կաթոլիկ եկեղեցւոյ ճնշումին: Միւս կողմէն թուրքմէն Կարակոյունլուներու իշխանութիւնը, որուն իշխանութեան ներքեւ կը գտնւէր Հայաստանի մեծագոյն մասը, իր Ջահանշահ թագաւորին օրով՝ կը քաջալերէր այդ քայլը, յաւելեալ սիրաշահելու հայութիւնը:

Դէպքերը զարգացան եւ 1441 թ., Ազգային-հոգեւորական ընդհանուր ժողով մը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, ապա փոխադրւեցաւ Ս. Էջմիածին: Պատմիչ Թովմա Մեծոփեցին, ներկայ եղած է այդ ժողովներուն, եւ ատոր պատմականը գրած է իր «Յիշատակարանը» երկին մէջ, որ կը վերաբերի Հայոց Մայր Աթոռը Կիլիկիոյ մայրաքաղաք՝ Սիսէն Վաղարշապատ տեղափոխելուն։ Ըստ անոր, պատւիրակներու թիւը 300-էն աւելի էր, որոնց մէջ կային նաեւ աշխարհիկ դէմքեր: Ժողովականները որոշեցին չճանչնալ Սիսի կաթողիկոսը, որպէս Ամենայն Հայոց կաթողիկոս, եւ նոր կաթողիկոս ընտրեցին Կիրակոս Վիրապեցին, «Նոր պատմութեան նախօրեակին հայ եկեղեցական կազմակերպութեան մէջ տեղի ունեցաւ մի շարժում, որ ունէր ազգային խոշոր նշանակութիւն»:

Պատմական այս զարգացումին նպատակներէն մէկն էր, Հայ ժողովուրդը հեռու պահել Արեւմտեան երկիրներու եւ Հռոմի պապական ոտնձգութիւններէն, նաեւ Հայաստանը տիրացած Արեւելեան մահմետական իշխանութիւններուն հաստատել, թէ հայ ժողովուրդը կուզէ պահպանել իր ինքնութիւնը առանց օտարներու եւ կամ քրիստոնէական պետութիւններու միջամտութեան: Ու վերջապէս գրեթէ չորս դար ետք (1066-1441), Կաթողիկոսական Մայր Աթոռը վերահաստատւեցաւ հայոց նւիրական հողին վրայ՝ Արարատեան դաշտին մէջ:

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

ՄԱՐՏԵԱՆ ՄԵԾ ՆԱՀԱՆՋԸ (1918 թ.)

ՊԱՏՄԱՔԱՂ Թիւ 45-ի մէջ անդրադարձանք՝

ԱՌԱՋԻՆ ՆԱՀԱՆՋԸ (1915 թ.)

Համաշխարհային Առաջին պատերազմը շարունակւեցաւ. ռազմական գործողութիւնները Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը շարունակւէին ի յօգուտ ռուսերուն: Ռուսական առաջին յեղափոխութեամբ 1917 թ. (2 Ց.Ե.) Մարտի 1-ին, վերջ տրւեցաւ ցարական իշխանութեան. Անդրկովկասի համար կազմւեցաւ յատուկ իշխանութիւն, ՕԶԱԿՈՄ կրճատեալ անունով: Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներուն մէջ, որոնք կը գտնւէին ռուսական բանակի իշխանութեան ներքոյ ստեղծւեցաւ ժամանակաւոր կառավարութիւն: Թուրքահայաստանը բաժնւեցաւ չորս նահանգներու, Վասպուրական, Տրաբիզոն, Էրզրում եւ Տարօն. Վասպուրականի նահանգապետի օգնականն էր Գոստի Համբարձումեանը:

Քաղաքական այս զարգացումները մեծ յոյսեր յառաջացուցին հայոց մօտ, սակայն այդ երկար չտեւեց: 1917 թ., հոկտեմբերի 25-ին, տեղի ունեցաւ ռուսական երկրորդ յեղափոխութիւնը, իշխանութիւնը անցաւ բոլշեւիկներուն եւ Անդրկովկասը մատնւեցաւ անիշխանութեան: ՕԶԱԿՈՄ-ին յաջորդեց ՍԷՅՄ-ը 1917 թ., նոյեմբերի 27-ին: Ռուսաստանը պաշտօնապէս դուրս եկաւ Աշխարհամարտէն, ռուս բանակը նահանջեց, եւ ռազմական գործողութիւնները շարունակւեցան Օսմանեան Թուրքիոյ եւ ՍԷՅՄ-ի միջեւ:

Թուրքական բանակը թիւով եւ զէնքով կը գերազանցէր հայկական հայդուկային ուժերուն, ՍԷՅՄ-ը ի զօրու չէր կռւելու, վրացիներն ու ազերիները չէին ուզեր կռւիլ…: Այսպէս, 1918 թ. (3 Ց.Ե.) յունւարի 31-ին թուրքերը գրաւեցին Երզնկան, փետրւարի 11-ին գրաւեցին Տրաբիզոնը, փետրւարի 26-ին Էրզրումը: 1918 թ. մարտի 3-ին, Ռուսաստանը կնքեց Պրեսթ Լիթովսքիի դաշինքը. Սովետական Ռուսաստանը հրաժարեցաւ Արեւմտեան Հայաստանէն, եւ օսմանցիներուն զիջեց Կարսը, Արտահանը եւ Բաթումը:

1918-ի մարտին (3 Ց.Ե.), մօտ 40 հազար հայ ժողովուրդ ստիպւեցաւ հեռանալ Վան քաղաքէն եւ շրջակայ տարածքներէն, դէպի Սալմաստ եւ Ուրմիա: Այդ Մարտեան մեծ նահանջէն ետ մնացին 8-10 հազարի չափ հայեր, որոնք սովէն եւ թուրքերու ճիրաններուն մէջ ընգնելով կոտորւեցան, անոնցմէ մաս մը ապաստանած էր Վանայ լիճի Կտուց ու Լիմ կղզիները:

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

ՍԷՅՄ-էն Հայաստանի Հանրապետութիւն

Ռուսական առաջին յեղափոխութեամբ 1917թ. (2 Ց.Ե.) Մարտի 1-ին, վերջ տրւեցաւ ցարական իշխանութեան. Անդրկովկասի համար կազմւեցաւ յատուկ իշխանութիւն, ՕԶԱԿՈՄ կրճատեալ անունով:

1917 թ. հոկտեմբերի 25ին, տեղի ունեցաւ ռուսական երկրորդ յեղափոխութիւնը, իշխանութիւնը անցաւ բոլշեւիկներուն եւ Անդրկովկասը մատնւեցաւ անիշխանութեան: ՕԶԱԿՈՄին յաջորդեց ՍԷՅՄ-ը:

Ռուսաստանը պաշտօնապէս դուրս եկաւ Աշխարհամարտէն, ռուս բանակը նահանջեց, եւ ռազմական գործողութիւնները շարունակւեցան Օսմանեան Թուրքիոյ եւ ՍԷՅՄ-ի միջեւ:

Թրքական բանակը թիւով եւ զէնքով կը գերազանցէր հայկական հայդուկային ուժերուն, ՍԷՅՄ-ը ի զօրու չէր կռւելու, վրացիներն ու ազերիները չէին ուզեր կռւիլ…: Այսպէս, 1918 թ. (3 Ց.Ե.) յունւարի 31-ին թուրքերը գրաւեցին Երզնկան, փետրւարի 11-ին գրաւեցին Տրապիզոնը, փետրւարի 26-ին Էրզրումը: 1918 թ. մարտի 3-ին, Ռուսաստանը կնքեց Պրեսթ Լիթովսքիի դաշինքը. Սովետական Ռուսաստանը հրաժարեցաւ Արեւմտեան Հայաստանէն, եւ օսմանցիներուն զիջեց Կարսը, Արտահանը եւ Բաթումը: Ի վերջոյ դէպքերը զարգացան եւ ՍԷՅՄ-ը կազմալուծւեցաւ եւ ստեղծւեցան Վրաստանի, Ադրբեջանի եւ Հայաստանի անկախ հանրապետութիւնները:

Այսպէս դարեր ետք հիմնւեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը (ՀՀ). եւ այդ տեղի ունեցաւ ի հետեւանք պատմական մեծ փոփոխութիւններուն, որոնք տեղի ունեցան Առաջին Համաշխարհային պատերազմին՝ սկսեալ ցարական Ռուսաստանի անկումով, ապա ՕԶԱԿՈՄ, ապա ՍԷՅՄ եւ վերջապէս ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ:

Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ

«ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 57, 13 հոկտեմբերի 2024 թ.

Related Articles

Back to top button