Մշակութային

Նախաքրիստոնէական պատմաշրջան

Մեծն Տիգրան եւ Սպարթաքոս

Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ

 

Հռոմէական կայսրութեան հարուստ տնտեսական հզօրութեան բանալին ստրուկներու շահագործումն էր: Մեծն Տիգրանի դաշնակից Պոնտոսի թագաւոր՝ Միհրդատ Եւպատորը, երբ մտաւ Յունաստան Հռոմի հզօրութեան զգալի հարւած տալու 89 Ք.Ա. յայտարարեց ստրուկներու ազատութիւնը, «Միհրդատ Եւպատորը յայտարարեց ստրուկներու ազատութիւն որով ծանր հարւած հասցուց Հռոմէական ծերակուտական դասուն, խոշոր կալւածատէրերուն, որովհետեւ տնտեսական բոլոր ձեռնարկներու մէջ աշխատանքը կը կատարէին ստրուկները: Այս ազատագրութեան հետեւանքով 15000 ազատագրեալներ միացան Միհրդատի Եւրոպա արշաւող բանակներուն եւ կռւեցան Յունաստանի մէջ Հռոմի դէմ:

Ընկերային այս յեղափոխութիւնը չտեսնւած երեւոյթ էր արեւելքի պատմութեան մէջ: Միհրդատը իր այս միջոցառումով հանդիսացաւ իրօք ազատարար, արեւելքի ամենէն մեծ յեղափոխական դէմքը»:

Ստրուկներուն Հռոմի դէմ հանելու երկրորդ կարեւոր շարժումը տեղի ունեցաւ 73 Ք.Ա., երբ ստրուկները ապստամբեցան ստրուկ Սպարթաքոսի ղեկավարութեամբ: Մեզմէ շատ շատերը դիտած են ու կը յիշեն Սպարթաքոսի ապստամբութեան մասին պատրաստւած շարժապատկեր (ֆիլմը):

Մեծն Տիգրան ուղղակի շփում չէ ունեցած Սպարթաքոսի հետ: Հռոմը մեծ դժւարութեամբ յաջողեցաւ ճնշել ստրուկներու ապստամբութիւնը, որ սկսաւ 73 Ք.Ա. եւ տեւեց մինչեւ 71 Ք.Ա.:

Սպարթաքոսի ղեկավարած շարժումը (73-71 Ք.Ա.) ճնշելէ ետք միայն Հռոմը ի զօրու եղաւ զբաղւելու Արեւելքով եւ Մեծն Տիգրանի ստեղծած Հայկական կայսրութեան դէմ քայլ առնելով: 69 Ք.Ա. Հռոմէացի նշանաւոր զօրավար Լուկուլոսը անակնկալօրէն յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ, երբ Մեծն Տիգրան հեռու կը գտնւէր Տիգրանակերտ մայրաքաղաքէն: Սպարթաքոսի ապստամբութիւնը պատճառ եղաւ, որ Հռոմի յարձակումը Մեծն Տիգրանի վրայ ուշանայ երկու տարի:

Պոնտոսի Միհրդատ Եւպատորին եւ Մեծն Տիգրանին յաղթելէ ետք, Հռոմի մէջ 60 Ք.Ա. քաղաքական դաշինք մը կազմւեցաւ Հռոմի երեք կարեւոր անձնաւորութիւններու միջեւ՝ Յուլիոս Կեսար, Մարկոս Կրասոս եւ Պոմպէոս. դաշինքը պատմութեան մէջ կոչւեցաւ «Առաջին Եռապետութիւն»:

Հռոմի երեք մեծերը իրարու մէջ բաժնւեցան Հռոմէական կայսրութեան կառավարումը. Մարկոս Կրասոսն ալ ի շնորհիւ իր յաղթանակին Սպարթաքոսի վրայ ստացաւ Արեւելքը. սակայն ան սպանւեցաւ իր կազմակերպած անյաջող արշաւանքին Պարթեւաստանի դէմ 53 Ք.Ա.: Պարթեւ Սուրէն զօրավարը Կրասոսի գլուխը կտրելով ղրկեց Հայաստանի մայրաքաղաք՝ Արտաշատ, ուր պարթեւներու Որոդէս թագաւորը կը գտնւէր Մեծն Տիգրանի զաւակ եւ յաջորդ՝ Հայաստանի թագաւոր Արտաւազդ Բ մօտ՝ թատերական հանդէսի մէջ:

 

Մարզպանական Հայաստան

Հայոց մասնակցութիւնը Կադիսիեայի ճակատամարտին

Ճակատագրական հարւածը Սասանեան Կայսրութեան տեղի ունեցաւ, երբ 637ին, արաբական մեծ բանակ մը Սաադ իբն աբի Ուակկասի հրամանատարութեամբ Կադիսիեայի ճակատամարտի մէջ ջախջախեց Սասանեան բանակը, եւ գրաւեց Տիզբոնը:

Կադիսիեայի ճակատամարտի Սասանեաններու օգնութեան եկած էին Արեւելեան Հայաստանէն հայկական գունդեր, «637 թ. տեղի ունեցաւ Կադիսիեայի ճակատամարտը, որին մասնակցեցին Սիւնեաց Գրիգոր իշխանը՝ 1000, եւ Մուշեղ Մամիկոնեանը՝ 3000 ռազմիկներով»:

Ու թէեւ մասնակցող հայկական գունդերու փոքրութիւնը մեզ կը թելադրէ թէ այդ ձեւական մասնակցութիւն մըն էր, սակայն պէտք է յիշել, որ հայերը կարեւոր զոհեր տւին Կադիսիեայի ճակատամարտին. մէջբերենք Սեբէոսէն, «Այնտեղ էին նաեւ Մուշեղ Մամիկոնեանը՝ Դաւիթի որդին՝ հայոց զօրավարը՝ երեք հազար սպառազէններով, Գրիգոր իշխանը՝ Սիւնեաց տէրը՝ հազար մարդկանցով: Միմեանց դէմ յարձակում սկսեցին, եւ պարսից զօրքերը նրանց առջեւ փախան: Իսկ նրանք հետապնդելով՝ կոտորեցին նրանց իրենց սրերով: Բոլոր անւանի նախարարները սպանւեցին. զոհւեց զօրավար Ռոստամը եւս: Սպանեցին նաեւ Մուշեղին երկու քեռորդիների հետ եւ Սիւնեաց տէր Գրիգորին մի որդու հետ: Իսկ միւսները փրկւելով փախան գնացին իրենց աշխարհը»: Անհրաժեշտ է յիշել, որ Արեւելեան Հայաստանը ստիպւած էր մասնակցելու Կադիսիեայի ճակատամարտին պաշտպանելու Սասանեան Կայսրութեան մայրաքաղաք՝ Տիզբոնը, որովհետեւ Արեւելեան Հայաստանը այդ պատմական հանգրւանին կը գտնւէր Սասանեաններու գերիշխանութեան ներքեւ:

Այս ճակատամարտին մասնակցող թիւերու առնչութեամբ, ըստ արաբ յայտնի պատմիչ Բէլադըրիին, Սասանեան բանակը մօտաւորապէս 120000 էր, եւ ունէր 30 փիղ. Արաբական բանակը 9-էն 10 հազար: Եթէ ընդունինք այս թիւերու ճշտութիւնը, ապա ճակատամարտին մասնակցող հայկական բանակը՝ 4000 անձ, գրեթէ Արաբական բանակի կէսն էր. այդ պարագային հայոց մասնակցութիւնը զգալի կը դառնայ:

 

ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ

Թուրքմէնական նշանաւոր ԵՐԿՈՒ ցեղերը

Մոնղոլական ուժերուն հետ Միջին Ասիայէն մեր տարածքաշրջան խուժեցին թուրքմէնական ցեղերը եւ շուտով գրաւեցին Հայաստանի արօտավայրերը: Այդ ցեղերէն պատմութեան մէջ նշանաւոր եղան երկու ցեղեր, որոնց անունները իրենց քաղաքակրթական յետամնացութեան հետեւանքով, առնչւեցաւ իրենց պահած ոչխարներու գոյնին հետ. Կարակոյունլուներ (սեւ ոչխարներ կամ սեւախոյ) եւ Ակկոյունլուներ (սպիտակ ոչխարներ կամ սպիտակախոյ):

Մոնղոլներուն յաջորդեցին մեր տարածքաշրջանին մէջ թուրքմէնական երկու ցեղերու հիմնած կայսրութիւնները-

Կարա-կոյունլուներ 1411-1469 թ.

Ակ-կոյունլուներ 1469-1508 թ.

Այս երկու ցեղերը 14-րդ դարու վերջերը գրաւած էին Հայաստանի մեծ մասը. «Դեռեւս XIV դ. վերջերին կարակոյունլիները հաստատւեցին Վանայ լճի շրջակայքում Վասպուրականում, Տուրուբերանում եւ այլուր. իսկ Աղկ-Կոյունլիները՝ Մոկսի ու Աղձնիքի նահանգներում եւ Ծոփքի արեւելեան գաւառներում: 1378 թ. Կարա-կոյունլիների ցեղապետներ Ղարա-Մահմադը եւ սրա որդի Ղարա-Իւսուֆը հիմնեցին իրենց իշխանութիւնը Տարօնի, Սասունի եւ Քաջբերունքի շրջանում, իսկ ակ-կոյունլուները Օսմանի գլխաւորութեամբ՝ Հայաստանի հարաւային մասերում, կենտրոն դարձնելով Դիարբեքիր կամ Ամիդ քաղաքը»:

Թուրքմէն կարա-կոյունլուներու եւ ապա ակ-կոյունլուներու տիրապետութեան տարիներուն. հայ ժողովուրդին համար հիմնականօրէն շատ բան չփոխւեցաւ: Երկու տիրակալներն ալ կը վարէին քոչւորական կենցաղ եւ չկրցան ստեղծել սեփական տնտեսութիւն: Անոնք տիրացան Հայաստանի հողերուն, արտօնեցին որ հայերը մշակեն այդ հողերը եւ ստիպեցին, որ իրենց վճարեն բերքի կէսէն մինչեւ հինգի երեք մասը: Այնպէս, հայ ազգը իր պապենական հողին վրայ դարձած էր մեղու. տքնաջան կը գործէր, մեղր կը պատրաստէր, եւ օտար տիրակալները կը վայելէին…:

 

Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 59, 10 նոյեմբերի 2024 թ.

Related Articles

Back to top button