ՄԻՍԱՔ ՄԵԾԱՐԵՆՑ
Հարաւի մեղմ ու լիաշունչ հովին հետ,
Որ վաղուց երազւած համբոյրի մը պէս,
Իմ սիրակարօտ հոգիս հեշտանքով կը լիացնէ,
Շողա՛, ո՜վ արեւ, շառափներովդ ոսկեծայր,
Մառախլապատ Երկունքիս մէջ`
Ուր Մտածումը կը դեգերի ուղեմոլար,
Շողա՜, շողա՜, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…։
Պատուհանիս հեղուկ ծոցին մէջ ինկած խելայեղ,
Միջօրէի հեշտադալար ու բոցակապ երազին գիրկը,
Թեւատարած կը սպասե՜մ.
Պլլէ՜ զիս բոցեղէն ցանցերուդ մէջ,
Ու օրօրէ՜ ջերմագին
Ու կիզանուտ համբոյրիդ տակ
Թող հոգւոյս մէջեն անցնին կարգաւ
Մանուկներն ընդարմացած:
Մինչեւ որ
Կանգնիմ նորէն ու անցնի՜մ դարձեալ
Տարփանքիս խանդաղատ ճամբաներէն:
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՛…
Հոգիս թռչնիկ մըն է,
Օդ ու լոյսի, երգ ու ծիծաղի կարօտ,
Բայց երգը, որ իր ալուցքէն կը թռչի,
Անտես ու ստւերոտ սանդուխներու վրայ
Կ’իյնայ շնչահեղձ:
Շողա՜, շողա՜, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…
Ճառագայթող գոլիդ մէջ հեշտագրգիռ,
Մինչ կը խժայ տարօրինակ, խոլ պարը զամբուռներուն`
Հուրքե՛դ գինովցած`
Ու, մինչ թուփ ու ծաղիկ ծարաւէն կը մարմըրին,
Ես կ’ըմբոշխնեմ խտղտանքն անանուն` երջանիկ տիւանդորրիս
Յամրօրէն ու գիտակից
Գինովութեամբ հեշտագին:
Քի՜չ մըն ալ դեռ,
Ա՜հ, շողա՜, շողա՜, բարի՜ արեւ, հիւա՜նդ եմ…
Վերջին անգա՜մ մըն ալ,
Դեռ իրիկո՜ւն չեղած,
Ու, դեռ տամուկ գիշերին վըհուկը զիս չընդգրկած,
Վերջին անգա՜մ մըն ալ
Փարէ հոգւոյս խանդաբորբ ու կաթոգի՜ն,
Հիւա՜նդ եմ, բարի՜ արեւ, շողա՜, շողա՜…