ԶԱՀՐԱԴ
(Զարեհ Եալտըզճեան)
Ա.
Քարը – որուն վրայ կը կոխէք կանցնիք
Քարը – որուն վրայ կը թքնէք
Քարը
զոր կը նետէք իրարու գլխուն
լուտանքի տեղ
անէծքի պէս
Այդ քարը կառնեմ գուրգուրանքով
սենեակս կը տանիմ –
կը ծնրադրեմ առջին
ու կաղօթեմ
Բ.
Քար – իմս – իմ քարս – քար
քար սրտիս – քար երեւակայութիւններուս
քար – անկարելին – քար – անդրդւելին –
քար – իմս – իմ բաժինս – քար
Գ.
Կոխեցէք քարերուն վրայէն անցէք
Քարերուն վրայէն քարէ քար ցատկեցէք
Դիտեմ կարաւանները կենսուրախ
Դիտեմ կարաւանը հաստատաքայլ
եւ – սպասեմ հոս անվաղորդայն
քարացած – ես
Անցէք բարեկամներ կոխոտելով անցէք
Ես ինքս քար – քար
Դ.
Ու քարերն ինչ են որ ձեզի համար
Դուք կը նետէք զանոնք
Ես կը հաւաքեմ
Ե.
Կաղօթեմ
Կը ծնրադրեմ առջին
այդ քարը զոր կառնեմ գուրգուրանքով
Քար
որ անէծքի պէս
լուտանքի տեղ
կը նետէք իրարու գլխուն
Քարը – որուն վրայ կը թքնէք
Քարը – որուն վրայ կը կոխենք կանցնինք
Քար – իմս – իմ քարս – քար։