Մշակութային

ԵՂԵԳԱՆ ՓՈՂ

ՁՈՆ

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

 

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի փառքեր.

– Քեզի ընծա՜յ, իմ հայրենիք –

Սօսեաց անտառեն էի զայն կըտրէր…

– Քեզի ընծա՜յ, հին հայրենիք –

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի քուրմեր.

ընդ եղեգան փող լո՛յս ելաներ:

 

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի կարօտ.

– Ձեզի ընծա՜յ, հայ պանդուխտներ –

Ան տարաշխարհիկ բոյսի մ՛էր ծըղոտ…

– Ձեզի ընծա՜յ, հէգ պանդուխտներ –

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի հարսեր.

ընդ եղեգան փող ո՛ղբ ելանէր:

 

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի արիւն.

– Ձեզի ընծա՜յ, սուրի զոհեր –

Ան ծլած էր մոխրի մէջ իբրեւ կընիւն…

– Ձեզի ընծա՜յ, կրակի զոհեր –

Եղեգնեայ գըրչով երգեցի վէրքեր.

ընդ եղեգան փող սի՛րտս ելանէր:

 

Եղեգնեայ գըրչով որբ տունս երգեցի.

– Քեզի ընծա՜յ, հայր ալեհեր –

Ցամաքած աղբիւրեն մեր զայն հոտեցի…

– Քեզի ընծա՜յ, մայր կարեւեր –

Եղեգնեայ գըրչով օջախս երգեցի.

ընդ եղեգան փող ծո՛ւխ ելանէր:

 

Ու պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր երգեցի.

– Ձեզի ընծա՜յ, հայ մարտիկներ –

Գրիչս եղաւ անթրոց սըրտերու հնոցի…

– Ձեզի ընծա՜յ, քաջ մարտիկներ –

Եղեգնեայ գըրչով վըրէժ երգեցի.

ընդ եղեգան փող բո՛ց ելանէր:

Related Articles

Back to top button