
Հայկ ու Բէլի առասպել-պատմութեան մէջ կան Հայկական լեռնաշխարհի եւ Միջագետքի ժողովուրդներու պատմական կապերու դրական եւ բացասական կողմերը:
Դրականը այն էր, որ Հայկը ծնած ու մեծցած էր Բաբելոնի մէջ, ու կը սիրէր Բաբելոնը, փաստ որ ան մասնակցեցաւ անոր աշտարակի կառուցման, ու երբ Բէլ ուզեց բռնանալ Հայկ մերժեց հպատակիլ անոր. իր մէջ արթնալով հայրենասիրութիւնը, ան որոշեց խաղաղութեամբ հեռանալ ու ներգաղթելով վերադառնալ իր պապենական երկիրը (Հայկական լեռնաշխարհը), որու մասին լսած էր իր նախնիներէն…:
Բացասականը այն էր, որ Բէլի բռնակալութեան պատճառով յարաբերութիւնները սրւեցան, ու տեղի ունեցաւ պատմական մեծ ճակատամարտը, որու ընթացքին Հայկ սպաննեց Բէլին:
Այսպէս, ըստ առասպելական պատմութեան, Հայկական լեռնաշխարհի ու Միջագետքի ժողովուրդներու միջեւ եղած կապերը, ոչ թէ միայն շատ հինէն կու գան, այլ ունին զգալի բացառիկութիւն մը, անոնք կը սկսին ուղղակի հայ ազգի պատմութեան սկիզբէն՝ ծագման շրջանէն, ինչպէս որ խտացւած է Հայկ ու Բէլի պատմութեան մէջ:
Յաջորդ թիւերուն պիտի փորձենք անդրադառնալ Հայկ ու Բէլի առասպելի պատմագիտական բացատրութիւններուն: Պատմագէտներէն ոմանք կը գտնեն, թէ ան կը խորհրդանշէ հուրիներուն պայքարը սեմականներուն հետ Միջագետքի մէջ 2-րդ հազարամեակին Ք.Ա., եւ հուրիներուն ներգաղթը Հայկական լեռնաշարհ, ուր հիմնեցին Ուրարտու պետութիւնը: Ուրիշ պատմագէտներ կը տեսնեն խորհրդանշականը՝ այն բուռն պայքարին, որ տեղի ունեցաւ Ուրարտուի եւ Ասորեստանի միջեւ 9-7-րդ դարերուն Ք.Ա., ու վերջ գտաւ 7-րդ դարուն Նինւէի կործանումով:
Յայտնի պատմագէտ Անտօն Մորտկադ Ասորեստանի եւ Ուրարտուի պայքարը կը տեսնէ շարունակութիւնը Ասորեստանի պայքարին Միտանիի դէմ. ան հակիրճօրէն կը թւէ հուրիներու գաղթը Հայկական լեռնաշխարհէն եւ ապա անոնց վերադարձը: Շատ հետաքրքրական է, որ ան ի փոխան Հայկական լեռնաշխարհին կը յիշէ Հայաստան բառը, զանոնք իրարու նոյնացնելով, «Ասորեստանի եւ Ուրարտուի միջեւ տեղի ունեցած կռիւը կը սեպւի շարունակութիւնը Ասորեստանի պայքարին հուրիներու-միտանիներու դէմ: Միտանիի իշխանութեան փլզումէն ետք հուրի ժողովուրդը, որ եկաւ Հայաստանի լեռներէն եւ ցրւեցաւ հիւսիսային Միջագետքի, Ասորեստանի եւ Իրանի հիւսիս արեւմուտքի մէջ, չունէր այլեւս որեւէ քաղաքական ղեկավարութիւն, որ կառավարէր եւ ուղղէր զինքը: Ծովի ժողովուրներու գաղթէն, եւ Արամեացիներու տարածումէն Միջագետքի մէջ, եւ Ասորեստանը ազատագրելէ ետք հուրիները կրկին անգամ հրւեցան իրենց նախնական երկիրը Հայաստանի մէջ, այսինքն Ասորեստանի հիւսիսին եւ արեւելքին, ուր որ կոչւեցաւ նայիրիեաններու երկիր:
Համաձայն այս բացատրութեան Հայկի գաղթը, աւելի ճիշտ ներգաղթը Հայաստան, հուրի ժողովուրդի դարձն էր իր մայր օրրանը:
ՄԱՐԶՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հայոց բանակի զօրաւոր ռազմական աւանդութիւնը
Կադիսիայի ճակատամարտէն ետք, պարսիկները սարսափած հեռացած էին Տիզբոնէն. արաբները մտան ու գրաւեցին պարպւած հարուստ մայրաքաղաքը, որուն հարստութիւնները շշմեցուցին քաղաքի նոր տէրերուն:
Այս հանգրւանին, սասանեաններու օրով՝ Միջագետքի ժողովուրդի մեծամասնութիւնը կը կազմէին արամէացիները, որոնք հին Ասորեստանի եւ Բաբելոնի ժողովուրդներու յաջորդներն էին. կային նաեւ զգալի թիւով արաբական ցեղախումբեր: Միջագետքի վրայ արշաւող մահմեդական արաբներու այս մեծ յաջողութիւններուն օգնեցին տեղացի արաբական ցեղերը, անոնք թէեւ քրիստոնեաներ էին, բայց որպէս արաբներ ուրախութեամբ ընդունեցին իրենց տարբեր կրօնք դաւանող ազգակիցներու ռազմական յաջողութիւնները: Անոնց դիմաւորեցին, որպէս փրկարարներ՝ պարսկական լուծէն:
Միջագետքի արամէացիները անտարբեր գտնւեցան մահմեդական արաբներու ներխուժումէն. անոնց այս անտարբեր կեցւածքը Հեուժ Քէնէտին կը բացատրէ, «Ազնւականութիւնը պարսկախօս էր, բայց ժողովուրդի մեծամասնութիւնը Արամէրէն կը խօսէին: Այս Արամիները հողագործներն եւ գիւղացիներն էին, որոնք հողը կը դարձնէին շատ արդիւնաբեր: Մաս մը Արամէացիներ կարելի էր, որ բարձրանային միջին դասակարգի վիճակի, բայց ազնւական դառնալը անկարելի էր: Բնականաբար անոնք չէին ծառայեր բանակի մէջ, որ գլխաւորաբար կը բաղկանար պարսիկներէ եւ այլ ժողովուրդներէ ինչպէս հայերը, որոնք ունէին զօրաւոր ռազմական աւանդութիւն: Արհամարւած արամէացի գիւղացիները չէին ուզեր իրենց կեանքը վտանգել պաշտպանելու համար իրենց տէրերը»: Յատկանշական է այս մէջբերման մէջ յիշւած հայերու ունեցած զօրաւոր ռազմական աւանդութիւնը. այդ էր կարեւոր պատճառներէն մէկը, որ Բիւզանդական եւ Սասանեան կայսրութիւնները կօգտագործէին հայկական գունդերը իրենց քաղաքական նպատակները իրագործելու մէջ. հայկական զօրագունդերը կարեւոր մասնակցութիւն ունեցան Եարմուկի եւ Կադիսիայի ճակատամարտերուն:
Կարեւոր է յիշեալ Հայոց ռազմական աւանդութիւնները վերակենդանացնել 21-րդ դարու փոթորկալի պատմաշրջանին…:
ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԱՅՍ ՕՐ
Ֆրանսիայի նախագահի նամակը՝ 16 փետրուար 1919 թ.
106 տարի առաջ այսօր
Դաշնակից պետութիւններու մեծ յաղթանակով վերջ տրւեցաւ Առաջին Աշխարհամարտին: Մուրդոսի Զինադադարէն ետք ֆրանսացիները գրաւեցին Կիլիկիան: Հայ ժողովուրդը մեծ ցնծութեամբ սկսաւ ներգաղթել իր հայրենիքը, եւ մօտ 125 հազար վերապրող հայեր վերադարձան տուն: Ֆրանսական բանակին հետ Կիլիկիա մտաւ նաեւ հայկական Լէգոնը իր քանի մը հազար քաջամարտիկներով: Հայկական զինուժի ներկայութիւնը, ինչպէս նաեւ ֆրանսացիներու պատերազմի տարիներու ընթացքին հայոց տրւած խոստումները Կիլիկիոյ մէջ հայկական օջախ մը հիմնելու մասին մեծապէս խանդավառեցին հայութիւնը:
Շուտով սկսաւ ֆրանսացիներու խոստումներու հեղեղը թափւիլ հայոց յոգնած գլուխին. խոստումներ եւ յայտարարութիւններ ի նպաստ հայութեան ֆրանսացի ամենաբարձր պաշտօնեաներուն կողմէ: Այս խոստումներէն էր 1919 թ. փետրւարի 16-ին Ֆրանսայի թիւ մէկ անձնաւորութեան՝ նախագահ Ռայմոնդ Փուանքառէի խոստումները գրւած յատուկ նամակով մը ուղղւած Կիլիկիոյ հայ կաթոլիկներու պատրիարք Պետրոս 13-րդ Թերեզեանին, «…Հայաստանը չի կասկածել Ֆրանսայի վրայ, ինչպէս նաեւ Ֆրանսիան չի կասկածել Հայաստանի վրայ եւ այն բանից յետոյ, երբ մենք համատեղ կրել ենք միեւնոյն տառապանքները՝ իրաւունքի ու արդարութեան յաղթանակի համար աշխարհում, երկու բարեկամ երկրները այսօր կարող են միաւորւել միեւնոյն ցնծութեամբ ու հպարտութեամբ:
Հանրապետութեան կառավարութիւնը քննարկում է հայ ժողովրդի նկատմամբ իրեն բաժին ընկած խնդիրը: Նրան յայտնի է այն աջակցութիւնը, որին սպասում են Հայաստանը եւ մասնաւորապէս ազնիւ երկիր Կիլիկիան, որպէսզի օգտւին լիակատար անվտանգութիւնից, խաղաղութեան եւ ազատութեան բարերարութիւնից, եւ ես կարող եմ հաւաստիացնել Ձերդ երանութեանը, որ Ֆրանսիան կը պատասխանի այդ վստահութեանը, որ տածում են դէպի նա այդ ասպարէզում»:
Այս նամակի թւականէն հազիւ չորս օր յետոյ Կիլիկիոյ ֆրանսացի ընդհանուր կառավարիչ զօրավար Պրէմօն կը յայտարարէ, «Ըսէք բոլոր հայերուն, ֆրանսան երբէք միտք չունի Հայաստանն ու Կիլիկիան իր «գօլօնի»-ն դարձնելու կամ «բրօթէքթօրա»-ն ընելու: Մենք միայն այդ երկիրները կազմելու եւ հայոց յանձնելու համար հոս կուգանք»:
Այս եւ նման յայտարարութիւններ եւ խոստումներ ու ճառեր, դաշնակից պետութիւններու բարձր պատասխանատուներու կողմէ իրար յաջորդեցին: Հայկական հարցը առաջին անգամն էր, որ այսքան մեծ աղմուկ կառաջացնէր: Հայ ժողովուրդը Առաջին Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին շատ մեծ կորուստներ ունեցաւ, կորսնցուց գրեթէ իր կէս ժողովուրդը, սակայն խանդավառւած մեծ յոյսերով կը նայէր դէպի ապագան:
Հայ ազգը չկասկածեց Ֆրանսայի վրայ, իր համոզմամբ մեծերը կը կատարեն իրենց խոստումները. սակայն Ֆրանսան հակառակ իր բարձրաստիճան պաշտօնեաներու խոստումներուն դաւաճանեց Հայկական հարցին: Ֆրանսայի նախագահի 1919 թ. Փետրւարի 16-ի նամակին մէջ յիշւած «ազնիւ երկիր Կիլիկիան» մնաց անօգնական. եւ ձգւեցաւ Քեմալական թուրքերու ձեռքը…: Այդ բոլորը պարզապէս անոր համար, որ գերպետութիւնները կը գերադասեն իրենց շահերը իրենց իսկ արտասանած գեղեցիկ գաղափարախօսութիւններու վրայ: Յուսանք, որ մեծերն ալ կօգտւին պատմութեան դասերէն, եւ չեն կրկնէր իրենց սխալները…:
ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՎ
Տիզբոն այցելող հայ ղեկավար դէմքերը
Այս օրերուն կը զուգադիպի մեր պատմութեան Աւարայրի ճակատամարտի օրերուն՝ Վարդանանցի պատմաշրջանին:
Վարդանանցէն առաջ եւ ետքը Վահանեան պատմաշրջանին (450-485), քաղաքական եւ պատմական զարգացումներուն հետեւանքով Հայոց ղեկավար դէմքերը՝ տարբեր պատճառներով ստիպւեցան այցելել Սասանեաններու արքունիքը Տիզբոն մայրաքաղաքին մէջ, որ ներկայիս կը գտնւի Իրաքի Բաղդադ մայրաքաղաքի մօտակայքին:
Այդ բոլոր քաղաքական զարգացումները տեղի կունենար Հայոց Արշակունեաց թագաւորութեան անկումէն ետք, որ տեղի ունեցաւ 428 թ., ինչպէս անդրադարձանք անցեալ թիւին մէջ:
Հայոց ղեկավարներուն անունները եւ Տիզբոն այցելութեան պատճառը կարելի է տեսնել ցուցակին մէջ:
Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ
Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 66, 16 փետրւարի 2025 թ.