Հայաստան - ԱրցախՄշակութային

ՎԱՂ ՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ

Օտար թագաւորներու պատմաշրջան 1-66 թ.

Հայոց պատմութեան այն շրջանը, որ կը սկսի Արտաշէսեան հարստութեան անկումով 1 թւականին ու կերկարի մինչեւ 66 թ. կը կոչւի Օտար Թագաւորներու շրջան: Այս պատմաշրջանին Հռոմը շարունակեց իր հին քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանը իր հովանիին տակ պահելու համար նշանակել իրեն ենթակայ՝ օտար ծագում ունեցող թագաւորներ. ան դիմեց այդ քայլին որովհետեւ վստահութիւն չունէր Հռոմի հանդէպ հայ գահակալներու ունեցած հաւատարմութեան վրայ:

Օտար թագաւորներու պատմաշրջանին, Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունէին տեղական քաղաքական երկու հոսանքներ, որոնց կարելի է կոչել հռոմէասէր եւ պարթեւասէր: Պարթեւասէր հայ նախարարները դիմադրեցին Հռոմի նշանակած թագաւորներուն, ու զանոնք հեռացուցին երկրէն: Գ. Գիւզալեան այդ կը բացատրէ յիշելով, «Թէպէտ հայոց մէջ Պարթեւասէր հոսանքը աւելի ուժեղ էր, բայց անոր արտաքին յենարանը թոյլ էր, հռոմէական հոսանքն էր որ, թէեւ թոյլ, բայց յաղթանակը կը տանէր, որովհետեւ անոր թիկունքը Հռոմն էր կեցած: Պարթեւական հոսանքը այնչափ ուժեղ չէր, որ Հայաստանի մէջ մնայուն կարգ կարենար հաստատել եւ իր թեկնածուն պահել գահի վրայ, բայց ի վիճակի էր Հռոմէական թեկնածուն կամ նետելու կամ ահաբեկման ենթարկելու»: Այսպէս ձախողեցան Հռոմի բոլոր փորձերը Հայաստանի գահին ունենալու իրեն հպատակ գահակալ մը:

Հայաստանի մէջ Պարթեւներու կողմէ Արշակունեաց հարստութեան հիմնադրութեամբ՝ Հայ ժողովուրդի պատմութեան այս պատմաշրջանը զգալիօրէն կապւեցաւ Միջագետքի պատմութեան հետ, հիմնականօրէն այն պատճառով, որ Միջագետքի Տիզբոնի մէջ կենտրոնացած՝ Պարթեւական կայսրութիւնը յաջողութեամբ պսակեց Հայաստանի գահին տիրանալու իր պայքարը Հռոմի դէմ. այդ պայքարը տեղի ունեցաւ Արտաշէսեան հարստութեան անկումէն 1թ. մինչեւ 66 թ., ինչ որ կոչւած է Օտար թագաւորներու շրջան, որուն վերջաւորութեան հիմնւեցաւ պարթեւական (Արշակունեաց) հարստութիւնը Հայաստանի մէջ:

 

ՄԱՐԶՊԱՆԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Արաբական Խալիֆայութեան կենտրոնի մօտեցումը Հայաստանին 656 թ.

Արաբական մահմետական խալիֆայութեան մէջ ներքին սուր վէճեր յառաջացան, որուն հետեւանքով Օսման իբն Աֆֆան խալիֆան 656-ին սպանւեցաւ: Ալի իբն Աբի Տալիբ, որ Մուհամմադ մարգարէին հօրեղբօր որդին՝ եւ փեսան էր, ընտրւեցաւ խալիֆա 656ին:

Նորընտիր խալիֆան՝ Ալի իբն Աբի Տալիբ Միջագետք (Իրաք) դարձուց իր խարիսխը, որ Արաբական Խալիֆայութեան կազմին մէջ ստորադաս նահանգի վերածւած էր, հակառակ որ ան ամենէն հարուստն ու բարեբերն էր, ինչպէս եւ ամենէն հոծ բնակչութիւն ունեցողը: Միջագետքը (Իրաք) շնորհիւ այդ առաւելութիւններուն ռազմաքաղաքական եւ տնտեսական կարեւոր դիրք ունէր. հետեւաբար նոր խալիֆան հենւեցաւ անոր վրայ:

Այսպէս, Արաբական խալիֆայութեան կենտրոնը Արաբական թերակղզիէն՝ Մատինայէն փոխադրւեցաւ դէպի Իրաքի Քուֆա քաղաքը, եւ աւելի մօտեցաւ Հայաստանին: Այս նոր զարգացումը ունեցաւ բացասական մեծ ազդեցութիւն Հայաստանի պատմութեան վրայ:

Դէպքերը զարգացան ի վնաս նոր խալիֆային. 661 թ. Քուֆայի մզկիթին մէջ, աղօթքի պահուն Ալի իբն Աբի Տալիբ դաշունահարւեցաւ եւ երկու օր ետք մահացաւ, ու թաղւեցաւ Քուֆայի մէջ:

Ալիի մահէն ետք խալիֆայութեան յաջորդութեան հարցով ներքին պառակտում յառաջացաւ մահմետականներուն միջեւ. որուն հետեւանքով կազմւեցան սիւննի եւ շիի հատւածները: Ալիի հետեւորդները կոչւեցան շիաներ, որ արաբերէն կը նշանակէ «Կուսակցութիւն», այս պարագային Ալիի կուսակցութիւնը կամ Ալիի հետեւորդները: Շիաները համոզւած էին, որ միայն իսլամութեան Մուհամմադ մարգարէի տան անդամները կարող էին խալիֆա դառնալ: Անոնք Ալիին տւին «Իմամ»ի տիտղոսը, եւ կը հաւատային որ Իմամը Աստուծոյ (Ալլահի) հետ մշտական հոգեւոր կապի մէջ է: Ալիին հակառակորդները կոչւեցան սուննիներ, անոնք կը հաւատային, որ իրենք կը հետեւէին Մուհամմադ մարգարէի սովորոյթներուն (սուննաներուն):

 

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Պատմական Հայաստանի Հայկական վանքերու ու եկեղեցիներու կալւածներու գրաւումը

Մեծ հարւածը, որ եկաւ Արեւմտեան Հայաստանի հայութեան, տեղի ունեցաւ 19-րդ դարուն, երբ Օսմանեան կառավարութիւնը որդեգրեց Հայոց ոչ նպաստաւոր քաղաքականութիւն մը, որու մասին անդրադարձած է Րաֆֆին իր արժէքաւոր Տաճկահայք կամ Հայոց Հարցը գործին մէջ, «Տաճկաստանի բարձր կառավարութիւնը նկատելով, որ քիւրտերի եւ ուրիշ վայրենի ցեղերի բարբարոսութիւններն յառաջ են գալիս նրանց թափառական կեանքի բնաւորութիւնից, վերջին ժամանակներում սկսեց աշխատել, որ նրանք թողնեն չւական կեանքը, թողնեն խաշնարածութիւնը եւ հաստատ բնակութիւններ ունենան, եւ սկսեն պարապւել հողագործութեամբ: Կառավարութիւնը այս դրութեան մէջ մտածում էր զսպել քուրդերին եւ ուրիշ վայրենի ցեղերին: Նպատակը վատ չէր, բայց նա սխալւեցաւ գործադրութեան մէջ: Որովհետեւ փոխանակ քուրդերին Հայաստանի լեռներից հաւաքելու եւ նրանց Տաճկաստանի մի անբնակ կողմում (որպէս Միջագետքի եւ Ասորեստանի անապատներն են) գաղթեցնելու, կառավարութիւնն նրանց թոյլ տւաւ հէնց Հայաստանում իրանց համար բնակութեան եւ մշակութեան տեղեր բռնել»:

Այսպէս, քիւրտերը որոնք զինւած էին եւ վարժւած բռնութեամբ խլել հայերէն իրենց ուզածը, սկսան տիրանալ հայոց պապենական հողերուն ու կալւածներուն: Այդ բոլորը տեղի կունենար Օսմանեան իշխանութեան աչքի առաջ, առանց որեւէ քայլ առնելու հայոց դէմ գործադրւած այս մեծ մաշտաբով տեղի ունեցած հարստահարութիւնները կանգնեցնելու: Հայոց Պատրիարքարանի կողմէ պատրաստւած առաջին տեղեկագրը, որուն մէջ բողոք կար Հայոց հողերը եւ կալւածները քիւրտերուն կողմէ զաւթելու մասին 1872 թ. տեղեկագիրն էր:

Նոյնը տեղի ունեցաւ նաեւ հայկական վանքերու եւ եկեղեցիներու կալւածներու դէմ: Տեղի ունեցած կալւածներու եւ հողերու զաւթումը մեծ հարւած էր հայութեան, «Բայց երբ վանքերն ենթարկւեցան նոյն վիճակին, որպէս ժողովուրդը, երբ նրանք էլ զրկւեցան կալւածներից՝ իրանց գլխաւոր հարստութիւնից, այն ժամանակ վանքային միաբանութիւններն նոյնպէս ցրւիլ սկսան, եւ հայոց նւիրական տեղերն մնացին ամայի»:

19-րդ դարու առաջին կէսին քրդական ապստամբութիւններուն, ինչպէս Բէտրխան բէկի եւ Եզդանշիրի, քուրդերու վերնախաւը ցանկացաւ իրենց դրօշի տակ առնել հայերուն եւ ասորիներուն, սակայն իրենց զինւած ուժերէն շատերը չենթարկւեցան, շարունակեցին թալանել հայերուն եւ ասորիներուն: Նոյն դարու երկրորդ կէսի քրդական ապստամբութիւններուն հայերը եւ ասորիները վստահութիւն չունենալով չմասնակցեցան: Քրդական ապստամբութեան գլխու ցաւէն ազատւելու, Օսմանեան իշխանութիւնները, որդեգրեցին նոր քաղաքականութիւն, «Սուլթանական կառավարութիւնը ի վերջոյ հասաւ նրան, որ քրդական աշիրեթներու արտօնութիւններ տալով, նրանց ուղղեց հայերի դէմ: Ոգեւորւած դրանից, քրտական վերնախաւը եւ նրանց զինւած ուժերը սկսեցին թալանել հայկական գիւղերը, սպաննել եւ խոշտանգել նրա բնակիչներն: Այս հանգամանքը, ինչ խօսք, վատթար վիճակի հասցրեց դարերով իրար կողքի ապրող երկու ժողովուրդների փոխյարաբերութիւնները: Բնականաբար տեղի ունեցածը Օսմանեան իշխանութեան սրտով էր, այլապէս ան յեշտութեամբ կարող էր միջամտել եւ այդ յափշտակութիւններուն վերջ տալ:

Related Articles

Back to top button