Ժողովրդավարութի՞ւն, ո՞ւր կը ծախւի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Աստւածաշունչի մէջ կը կարդանք, որ Աստւած աշխարհն ու տիեզերքը ստեղծեց 6 օրւան մէջ, եօթներորդ օրը հանգիստ ըրաւ, դիտեց իր հրաշքները եւ գոհացաւ: Միացեալ Նահանգներու մէջ ինքզինք Աստուծոյ համազօր դասող «նարնջագոյն մարդը» հանգիստ չի ճանչնար, որովհետեւ, ինչպէս կերեւի՝ Լոս Անջելէս քաղաքի կեդրոնական շրջանը խռովութեան մատնող դէպքերը հակակշիռի տակ առնելու պատրւակով, ո՛չ միայն բանակայիններ եւ ծովուժի զինւորներ կը ղրկէ հոն, կրակին վրայ քարիւղ թափելու ձեւով, այլ նաեւ դեմոկրատներուն հետ քաղաքական հակամարտութիւնը նոր «մակարդակի» կը բարձրացնէ, գործի լծելով ամերիկեան Ողիմպոսի չաստւածները՝ իր կառավարութեան անդամները:
Եւ եղաւ, որ այդ չաստւածներէն մէկը՝ Ազգային Ապահովութեան նախարար Քրիսթի Նոմ հինգշաբթի, 12 յունիսի կէսօրին, խռովութիւններուն շղթայազերծումէն 7 օր ետք, Լոս Անջելէսի մէջ մամլոյ ասուլիս մը տար դաշնակցային իշխանութիւններու մէկ շէնքին մէջ, ուր այլ գործով կը գտնւէր ամերիկեան (ոչ նահանգային) Ծերակոյտի անդամներէն Ալեքս Փատիա: Մնացեալին հասնելէ առաջ նշենք, որ բացարձակ զուգադիպութեամբ, Փատիա ունի լատին-ամերիկեան ծագում եւ անդամ է Թրամփի մրցակից (եւ անոր արշաւանքներուն թիրախ) Դեմոկրատ կուսակցութեան: Ծերակուտականը, իմանալով, որ ազնւաշուք նախարարը մամլոյ ասուլիս կու տայ, բացատրելու համար դաշնակցային կառավարութեան (դուք հասկցէք՝ Թրամփի) կամայական միջամտութիւնները Լոս Անջելէսի դէպքերուն, գացեր է այդ սենեակը, եւ լսելէ ետք նախարարին ըսածները (որոնք ընդհանրապէս թրամփեան իշխանութիւններուն «վարկածներուն» կրկնութիւնն էին), փորձեր է քայլ մը յառաջ երթալ եւ հարցում մը ուղղել անոր: Յանկարծ, քաղաքային զգեստներով քանի մը հոգի «ձերբակալած» են ծերակուտականը, զայն բառացիօրէն քաշքշելով դուրս տարած են սրահէն, թէեւ ան կաղաղակէր, թէ ինք ծերակուտական է. այդքան ալ բաւ չնկատելով՝ զինք ծունկի բերած են նրբանցքին մէջ (եթէ փողոցը ըլլային, վստահաբար ասֆալթին պիտի փռէին), յետոյ, քանի մը հոգիով վրան նստած են եւ ձեռքերուն ձեռնակապ անցուցած: Արդար ըլլալու համար արձանագրենք, որ կարճ ատեն ետք Փատիա ազատ արձակւած է…: Ան յայտարարեց, որ իշխանութիւններէն հաշիւ պիտի պահանջէ եղածին համար:
(Ահաւասիկ տեսանիւթը, քաղւած You Tube-էն https://youtu.be/DsQ5YvT_28Y?si=sHLmJ-75cE7rSanM):
Չէ՛, ասիկա չպատահեցաւ «ժողովրդավարութեան պասթիոն» Հայաստանի, այլ ինքզինք ժողովրդավարութեան ծննդավայր հռչակող Միացեալ Նահանգներու մէջ (ի՜նչ Ֆրանսա, ի՜նչ Անգլիա, ի՜նչ Հռոմ ու Աթենք: Անոնք սորվելիք ունին ամերիկացիներէն): Եւ բնականաբար պայթեցաւ քաղաքական փոթորիկը ու ողողեց պատկերասփիւռի կայաններն ու զանգւածային հաղորդակցութեան կայքերը: Հանրապետականները բառեր ու չքմեղանքներ փնտռելու ելան, արդարացնելու համար եղածը, կառավարութեան անդամներ ալ կակազելով փորձեցին պաշտպանողականներ հնարել (չմոռնանք, որ ազնւաշուք նախարարը յայտարարեր է, որ ինք չէր ճանչնար Փատիան, այսինքն՝ անոր խոշտանգումը… արդա՞ր էր): Օրինակի համար, պաշտպանութեան նախարար Հեկզըթ, որ բանակայիններ Լոս Անջելէս առաքելու մէջ կարեւոր դեր կը խաղայ իբրեւ գործադիրի անդամ, խորհրդարանին մէջ հարցապնդւելով՝ խուսափողական պատասխաններ տւաւ բարձրաճակատ եւ ինքզինք մատնեց կատւի ճանկերուն մէջ ինկած մուկի վիճակին: Իշխանութենէն հաշիւ պահանջելու ԽՕՍՔԵՐՈՎ հրապարակ եկան բազմաթիւ դեմոկրատներ, Լոս Անջելէսի եւ Կալիֆորնիոյ վարչական պատասխանատուներ: Ցունամիի նոր ալիքներ կը սպասւին վաղը-միւս օր:
***
Հեկզըթը հարցապնդող խորհրդարանականներէն մէկուն նկատողութիւնը ուշագրաւ էր: Ան ո՛չ միայն «անկիւնը դրաւ» պաշտպանութեան նախարարը, այլ տւաւ «շնորհի հարւած» մը. հարց տւաւ, որ երբ երկիրը աշխարհի այս կամ այն շրջանին մէջ իսկական մարտահրաւէրներու դիմաց է (անշուշտ այդ մարտահրաւէրներէն մաս մը շինծու է եւ կամայածին), արդեօք հազարաւոր բանակայիններ եւ ծովուժի բազմահարիւր զինւորներ Լոս Անջելէս ղրկելը ի՞նչ նպատակ կրնայ իրականացնել, ինչո՞ւ համար աւելի քան 130 միլիոն տոլար կը մսխւի (հաշիւը բաց է), արդեօք սա էական հարցերէ հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու չի՞ ծառայեր (եւ այլն): Ի դէպ, գրեթէ նոյն ժամերուն Իսրայէլ յարձակում գործած է իրանեան կորիզային ուժանիւթի կենտրոններու վրայ, հակառակ Թրամփի «մի՛ ըներ»-ին (որ այլապէս կը նշանակէ «ըրէ՛, եւ մենք մի՛շտ կողքիդ ենք», ինչպէս որ կողքիդ ենք գազացիներու սպանդներուն ատեն):
Այս հարցումները, եւ ընդհանրապէս Փատիայի դէմ խժդժութեան կիրարկման արարքին արձագանգները լսելով, պահ մը կարծեցի, որ այս դէպքերը տեղի ունեցած են… Երեւանի մէջ, որ Արեւմտեան աշխարհի կողմէ կը դիտւի իբրեւ ժողովրդավար երկիր: Յիշեցի, որ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ, ոստիկաններ քաշքշելով կը հեռացնեն ընդդիմադիր երեսփոխաններ (Թրամփ վաղը կրնայ չքմեղանալ, ըսելով, որ ինք նման բան չի հրահրեր ամերիկեան խորհրդարանին մէջ), հրապարակային ցոյցերու պահուն կը ձերբակալեն ու քանի մը ոստիկաններով կը խոշտանգեն այլ ընդդիամադիր երեսփոխան մը, յետոյ ալ զայն կը մեղադրեն… ոստիկանները ծեծելու յանցանքով: Երեւանի մէջ, նոյնինքն խորհրդարանի շէնքին մօտ ոստիկաններ կը կրակեն ու արցունքաբեր ռումբեր կը նետեն խաղաղ ցոյցի ելած բողոքողներուն վրայ, իսկ վերջին շաբաթներուն, յանկարծ դարակէ մը դուրս կը բերւի հոգեւորականներու դէմ մեղադրանքներու թղթածրարը: Հո՛ն ալ այս ու նման «հերոսութիւններ» կը կատարւին, որպէսզի հանրութեան ուշադրութիւնը հեռացւի վտանգաւոր, օրհասակա՛ն հարցերէ, ինչպէս՝ սահմանային գիւղերու վրայ «սովորական դարձած» ազերիական կրակոցները, Հայ Եկեղեցւոյ դէմ Ադրբեջանի կրօնական առաջնորդին արտառոց մեղադրանքները, «Զանգեզուրի միջանցք»-ը խլելու թուրք-ազերիական սպառնալիքները, Հայաստանի Սահմանադրութիւնը «բարեփոխւած» (եւ թուրք-ազերիական պահանջներուն պատշաճեցւած) տեսնելու աղաղակող փաստերը եւ ահա անոնց վրայ կաւելնայ… Իրանի վրայ իսրայէլեան նորագոյն յարձակումը եւ նա՛եւ ամերիկացիներուն հակադարձելու Իրանի սպառնալիքը:
***
Թրամփի կամայականութիւններն ու առհասարակ անարդարութիւնը իբրեւ օրէնք ծախելու քայլերուն դէմ, Լոս Անջելէսէն շաբաթ մը առաջ բարձրացած բողոքի ալիքը (որոնք, ի դէպ, կը գտնեն չարաշահող խռովարարներ) արդէն տարածւած է ամերիկեան բազմաթիւ քաղաքներու մէջ, ո՛չ միայն Կալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսկոյին, այլ նաեւ արեւելեան եւ արեւմտեան նահանգներու մէջ: Մարդիկ սկսած են ձեռքերը սիրտերուն դնել, վախնալով, որ երկիրը կրնայ իյնալ քաղաքացիական կռիւներու (սահմանափակ կամ տարածուն) ոլորապտոյտին մէջ:
Հայաստանի մէջ, ՔՊ-ական իշխանաւորներու կամայականութիւններուն եւ ուշադրութիւն շեղող «հնարքներուն» դէմ ձայն կը բարձրացնեն միայն ճանչցւած ընդդիմադիրները (որոնք լաւ կընեն՝ եթէ մէկդի ձգեն ներքին բանակռիւները), ժողովուրդը, այսինքն՝ երկրին տէրը, Երեւանի մէջ թէ այլուր՝ կը մնայ դիտող հանդիսատեսի աթոռին վրայ, մինչեւ իսկ մեղադրանքներ կը շռայլւին պայքարող ընդդիմադիր երեսփոխաններու դէմ, թէ՝ բան չեն ըներ: Արդեօք «բան չընե՞լ» է խորհրդարանին մէջ ամէն օր իշխանաւորներուն ձախաւերութիւններն ու թշնամիին ծրագիրներուն կիրարկողը ըլլալը բացայայտելը: Արդեօք «բան չընե՞լ» է ժողովրդային բողոքի ալիքներ քանի՜-քանի՜ անգամ առաջնորդելը, մեծ ու փոքր ալիքներ՝ որոնք մէկը միւսին ետեւէ խորտակւեցան իշխանականներու բռնարարքներուն, հալածանքներուն եւ օրէնք ու Սահմանադրութիւն ոտնատակ ընող արարքներուն հետեւանքով: Արդեօք մեղադրողները հարց կու տա՞ն, թէ ներկայ պայմաններուն մէջ, ընդդիմադիրները պէտք է հրաժարի՞ն իրենց լիազօրութիւններէն (մանտաթ), եւ ամբողջ բեմը ազատ թողուն իշխանական խունթային, որպէսզի անարգել, առանց քննադատութեան եւ իրականութիւններու բացայայտման՝ գաղտաքողի յառաջ տանին Հայաստանի լուծարքը:
Ընդդիմադիրները գոնէ մէկ չեն ըներ աղաղակող կերպով. չեն տարւիր երկիրը ներքին ճակատումներու տանելու իշխանականներու սադրանքներով…
Կարելի է բաղդատութեան եզրեր գտնել Հայաստանի եւ ամերիկեան քաղաքներու իրադարձութիւններուն միջեւ. գլխաւոր տարբերութիւնը այն է, որ Հայաստան վտանգւած է, նման վիճակի չէ մատնւած Միացեալ Նահանգներ:
12 յունիս 2025