Դաշնակցական Բեմ

Կը մերժենք մտաւոր բռնատիրութիւնը

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

 

Արտասահմանեան իր ճամբորդութիւններուն առիթով Նիկոլ Փաշինեան հանդիպում կունենայ տեղի հայկական համայնքի «ներկայացուցիչներու» հետ: Ներկայացուցիչ բառը չակերտւած է, որովհետեւ հանդիպումներուն ներկայ գտնւողները ընտրւած են Հայաստանի իշխանութեան կողմէ եւ ընդհանրապէս չեն պարբակեր գաղութի գործօն տարրերը, այսինքն՝ իսկական ներկայացուցիչները:

Այս հանդիպումները առիթ կը հանդիսանան բացայայտելու «իրական Հայաստանի» յատկանիշները: Այսպէս, իմացանք, որ հայրենիք դաւանելու յատկանիշը այժմ պետութեան մը քաղաքացիութիւնն է: Գիտէինք արդէն, ըսած էր Փաշինեան, որ հայրենիք եւ պետութիւն հոմանիշներ են, այժմ գիտցանք նաեւ, որ եթէ Հայաստան պետութեան քաղաքացի չենք, Հայաստանը իբրեւ հայրենիք չենք կրնար դաւանիլ: Թերեւս արտասահմանեան երկիրներու քաղաքացիներս, որ տեսակաւոր հայրենիքներ ունինք մեր կամքէն յաճախ անկախ պատճառներով, «իրական Հայաստանի» հետ կապ մը ունինք. ծագումով հայեր ենք, այսքան միայն:

Նիկոլ Փաշինեան Զւիցերիոյ խումբ մը հայերու հետ հանդիպման արծարծեց Հայոց Ցեղասպանութեան հարցը: Ըսելէ ետք, թէ պէտք է քննել ու բացայայտել, թէ «ինչո՞ւ պատահեր է» եւ «ինչպէ՞ս պատահեր է», Փաշինեան հարց տւաւ, թէ ինչո՞ւ 1939-ին Ցեղասպանութեան մասին չէր խօսւէր եւ ի՞նչ պատահեցաւ, որ 1950-ին սկսանք խօսիլ: Հարցը չի վերաբերիր ցեղասպանութիւն եզրոյթին, որ ստեղծւած է միայն 1948 թւականին: Խօսքը կը վերաբերի այն երեւոյթին, որ ժամանակին Եղեռն կը կոչէինք, եզրի ստեղծումէն եւ ՄԱԿ-ի կողմէ անոր տրւած սահմանումէն ետք՝ սկսեր ենք ցեղասպանութիւն անւանել:

Հայաստանի վարչապետը կուզէ քննել, թէ իրողապէս հայերը ցեղասպանութեան ենթարկւա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Խորհրդային Միութիւնն է, որ իրեն յատուկ քաղաքական հաշիւներով նախորդ դարի յիսունական թւականներուն սկսեր է շահարկել Հայոց Ցեղասպանութիւնը, մեզ՝ հայերս մղելով անոր արծարծման՝ տարբեր պետութիւններու կողմէ ճանաչման ու հատուցումներու պահանջին: Պատմականօրէն ճիշտ է, որ Խորհրդային Միութիւնը Թուրքիոյ բարեկամ ըլլալով, չէր թոյլատրեր Հայոց Ցեղասպանութեան արծարծումը ստալինեան բռնակալութեան ենթակայ Խորհրդային Հայաստանի մէջ եւ թէ պէտք եղաւ սպասել այդ բռնակալութեան դատապարտումին, որպէսզի կարելի ըլլայ մոխիրներու տակ թաղւած կրակը բոցավառել: Ինչպէ՞ս կարելի է երեւակայել, որ հայ ժողովուրդի ապրած ահաւոր ողբերգութիւնը սկսեր են վերյիշել օտարին դրդումով, ռուս-խորհրդային իշխանութիւններուն քաղաքական հաշիւներուն տուրք տալով:

Խորհրդային Հայաստանը հարկադրաբար չէր կրնար յիշատակել Հայոց Ցեղասպանութիւնը իր գոյութեան առաջին երեսնամեակին: Իսկ սփիւ՞ռքը: Անկազմակերպ, թափառական, հիւղաւաններու բնակիչ սփիւռքահայերը անխափան յիշատակած են զայն իրենց զանազան երկիրներու մէջ հաստատման առաջին իսկ տարիներուն: Սկզբնական տարիներուն, երբ գաղթական հայերը իրենց հաստատւած երկիրներուն քաղաքացիութիւնը չունէին, յիշատակումը ներհամայնքային էր: Նոյնիսկ այդ պայմաններուն մէջ, եղած են պահանջատիրական աշխատանքներ: Իսկ սփիւռքի ներքին կազմակերպւածութեան յաջորդած քաղաքականացման պայմաններուն տակ, Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման պահանջի պայքարը ստացած է աւելի կազմակերպւած բնոյթ, դարձած է համատարած պահանջատիրութիւն:

Կարելի է անվարան ըսել, որ սփիւռքի մէջ կատարւած աշխատանքներուն արձագանգները հասած են խորհրդային Հայաստան եւ ենթակայական կարեւոր դեր ունեցան Եղեռնի 50-ամեակի պոռթկումին նախապատրաստման մէջ: Ա՞յդ եւս ռուսական թելադրանքով էր:

Տարակուսելի քաղաքական ընթացք մը արդարացնելու համար, Նիկոլ Փաշինեան անվարան կը կեղծէ պատմական թէ այժմէական ամէն երեւոյթ: Հայաստան, հայրենիք, հայ ազգ, պետականութիւն գաղափարները նոր սահմանումներու կարժանանան: Այս գաղափարները ընթացիկ կառավարման խնդիրներ չեն, որպէսզի վարչապետ մը, յենած իրեն համախոհ, աւելի ճիշտ՝ ենթակայ, խորհրդարանական մեծամասնութեան մը, հայ ժողովուրդին պարտադրէ սեփական տեսակէտներ, որոնք վտանգաւոր կերպով կը շեղեն Անկախութեան հռչակագիրով սահմանւած ընթացքը: Նման հարցեր կը պահանջեն մասնագիտական ու մտաւորական լրջագոյն քննարկումներ, եթէ իշխանութիւնը կը կարծէ, որ աշխարհաքաղաքական նոր պայմաններուն մէջ անհրաժեշտ է վերանայիլ ազգի լինելութեան չափանիշները: Ազգային նման հարցեր չեն կրնար պարտադրւիլ առանց ժողովրդային լայն, ազատ ու բազմակողմանի քննարկման: Հայաստանի մէջ եւ սփիւռքի տարածքին: Առանց պատմութիւն կեղծելու. կեղծիքը վայել է միայն բռնատէրերուն: Ազգովին պէտք է մերժենք մեզի հրամցւող մտաւոր բռնատիրութիւնը:

Related Articles

Back to top button