Իսրայէլեան յարձակողականը աշխարհակարգի խորապատկերին մէջ

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ
Պարզ է, որ Իսրայէլեան օդուժի ներկայ յարձակողականը Իրանի միջուկային կարողականութեան դիրքերէն ներս կը բացայայտէ նախ. Թրամփի դիրքերու զգալի տկարացումը Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման ընդհանուր պատկերին մէջ։ Թրամփ ցարդ կրցաւ Իսրայէլը հեռու պահել Իրանէն պնդելով, որ ինք կարողականութիւնը ունի (որպէս ղեկավար ուժի) Իրանը բերելու Արեւմտեան դաշտէն ներս շնորհիւ իր ուժային դիւանագիտութեան խաղաքարտերուն։ Եւ Իրան արդարացուց Թրամփի յոյսերը այս մարզին մէջ վարելով շատ նուրբ եւ դրական դիւանագիտութիւն բանակցութիւններու սեղանին վրայ։ Եւ սակայն բանակցային գործընթացը այնուամենայնիւ մտաւ փակուղի…Ինչո՞ւ։
Պատճառը պէտք է փնտռել Նեթանիահուի քաղաքականութեան էական առաջադրութիւններուն մէջ։ Գրած եմ բազմիցս, որ Թրամփ եւ Նեթանիահու կը գործեն հակադիր մեկնակէտերէ։ Անոնք համախոհներ չեն։ Անոնք տրամագծօրէն կը տարբերին իրարմէ իրենց անցեալի, ներկայի եւ ապագայի մտատեսիլներով։
Իրերու ներկայ դրութեան մէջ, կարեւոր է, որ հարցերը դրւին մերկապարանոց։ Յստակ է, որ Նեթանիահուի քաղաքականութիւնը զսպանակւած է մէկ գերակշիռ թշնամիի ներկայացուցած մարտահրաւէրներէն։ Այդ թշնամին Իրանն է եւ որմով պայմանաւորւած է (ըստ Նեթանիահուի) Իսրայէլի լինելիութեան ողջ վարդապետութիւնը։ Այս գաղափարին ուժականութիւններով է նաեւ, որ Նեթանիահուի առաջնորդութեամբ գործող Իսրայէլի ծայրայեղականները կրցած են յաջողապէս «հարազատագրել» (legitimize), Արեւմուտքի ուժային ոլորտին մէջ, իրենց ցեղասպանական քաղաքականութիւնը։ Վերջին տարիներուն, այս համակարգը կը գործէր բացառիկ արդիւնաւորութեամբ (Իսրայէլի համար) որքան ատեն, որ Վաշինգտոնի մէջ տիրապետող էր նախ. Բայդէնի անջիղ իշխանութիւնը։ Նեթանիահուի ամերիկացի համախոհներն էին, որոնք էապէս կը ճշտէին ԱՄՆ-ի Իրանեան, Պաղեստինեան եւ առհասարակ Միջին Արեւելեան քաղաքականութիւնը եւ առատաձեռնօրէն կը ֆինանսաւորէին Նեթանիահուի արկածախնդրութիւնները։
Թրամփի իշխանութեան գալը շատ բան փոխեց իրերու յիշեալ ընթացքին մէջ։ Նեթանիահու յանկարծ կորսնցուց իր տիրական դիրքերը Վաշինգտոնի մէջ։ Ան դադրեցաւ «տնեցի»-ի իրաւունքներ վայելելէ։ Ան Թրամփի մէջ յանկարծ տեսաւ քաղաքական ախոյեան մը, որ ունէր իր ինքնուրոյն տեսլականը տարածաշրջանին համար։ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱ՛ՆԸ (imperial imperative)՝ ՈՐ ՀԱԿԱՍՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԷՐ ԻՍՐԱՅԷԼԻ ԿԱՅՍԵՐԱԿԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԻՆ ՀԵՏ…
Այսպէս է, որ Իրանի հարցը – անխուսափելիօրէ՛ն — պիտի դառնար Թրամփ-Նեթանիահու առճակատման թէժ հնոցը։
Իմ նախորդող յօդւածներով լայնօրէն անդրադարձած եմ, թէ ինչպիսի՞ փուլերէ անցաւ յիշեալ առճակատման քուլիսային հոլովոյթը Թրամփի եւ Նեթանիահուի միջեւ։ Թրամփ եւ Թեհրան ամէն ինչ ըրին ԱՄՆ-Իրան բանակցային գործընթացը պահելու դրական ընթացքի մէջ…ամէն քայլափոխին խոր մտահոգութիւն պատճառելով Նեթանիահուի establishment-ին, որ ամէն ինչ ըրաւ իր սարդոստայնը հիւսելու բանակցային գործընթացին շուրջ՝ Թրամփի դիրքերը հետեւողականօրէն կարծրացման տանելով եւ գործընթացը հրելով փակուղի։ Նեթանիահուի մարտավարութիւնն էր Իրանեան կողմը մղել ծայրայեղ դիրքերու եւ ի վերջոյ զայն վարկաբեկել նոյն ատեն տապալելով Թրամփի ռազմավարութիւնը ողջ տարածաշրջանին մէջ։ Պահ մը թւեցաւ, որ Նեթանիահուի լարած որոգայթները յաջող էին եւ բանակցային գործընթացը արդէն սպառած էր ինքզինք։ Բայց ան ի վերջոյ տեղի չունեցաւ։ ԱՄՆ-Իրան երկխօսութիւնը կրկին վերականգնեցաւ եւ կը պատրաստւէր յուսադրիչ նոր հանգրւաններ ձեւաւորելու։
Պարզ է, որ յունիս 12-13-ի Իսրայէլեան հուժկու նախայարձակումը իր շեղբային ճշգրտութեամբ կենսական արժէք կը ներկայացնէր Նեթանիահուի համար։ Ան ուղղւած էր, առաջին հերթին, բանակցային գործընթացին դէմ։ Պէտք էր ականահարել գործընթացը ամէն գնով եւ զայն միանգամընդմիշտ շնչահեղձ ընել։ Ան մանաւանդ ուղղւած էր Թրամփի քաղաքականութեան դէմ եւ — անպայմա՛ն — Թրամփին դէմ անձնապէս։ Ան թիրախաւորեց շարք մը ղեկավար դէմքեր Իրանեան կողմի պետական ընտրանիէն, որոնք բանալի դերակատարներ էին ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւններու բեմին վրայ։ Ան զրկեց Թրամփը իր բանալի խօսակիցներէն։ Ան մանաւանդ վարկաբեկեց Թրամփը — եւ անշուշտ ԱՄՆ-ը – տարածաշրջանի ուժերու աչքին։ Այսօր նախ. Թրամփ եւ ԱՄՆ հարցականի տակ են Արաբական Թերակղզիի, Սուրիոյ, Իրաքի, Յորդանանի, Լիբանանի քաղաքական ուժերու աչքին։ Չեմ զարմանար եթէ արաբ ղեկավարութիւնը այսօր ինքզինք գտնէ մեծ յուսախաբութեան մը մէջ։ Խաղը նոյն խաղն է, կըսեն անոնք։ Թրամփ մանաւանդ հարցականի տակ է Թուրքիոյ, Ադրբեջանի եւ Ռուսաստանի աչքին։ Ան հարցականի տակ է Ուկրաինայի աչքին։ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի աչքին։ Պետքարտուղար Ռուբիոյի յայտարարութիւնը, ըստ էութեան, ողբերգութիւն մըն է։ Պարտւած ուժի խօսոյթ է ան։ Նախաձեռնութեան պատեհութիւնը կորսնցուցած, զայն Իսրայէլին զիջած գերտէրութեան մը կաղ չքմեղանքն է, որ անշուշտ պատիւ չի բերէր ԱՄՆ-ի պետութեան եւ ժողովուրդին։ Բա՛ն մը՝ որ ամբողջութեամբ կը հակասէ Թրամփի քաղաքական առաջադրութիւններուն։
Իսրայէլեան նախայարձակումը նաեւ մեծ հարցեր կըստեղծէ Թրամփի համար ԱՄՆ-ի ներքին քաղաքականութեան ոլորտին մէջ, ուր Թրամփ արդէն իսկ նստած է քաղաքական աննախընթաց հրաբուխի մը վրայ։ Այս առումով, Նեթանիահուի նախաձեռնութիւնը ռազմավարական «հանճար»-ի փայլուն օրինակ մը կարելի է համարել, որ նաեւ յղի է դաժան հետեւանքներով աշխարհակարգի ապագային համար։
Գրած եմ բազմիցս, որ ԱՄՆ-Իրան բանակցութիւնները միաժամանակ (եւ անմիջականօրէ՛ն) կը պայմանաւորեն իրերու ընթացքը Կովկասի, Հայաստանի եւ յատկապէս Սիւնիքի ռազմաբեմերուն վրայ։ Անուրանալի է, որ այսօր, Թուրքեւադրբեջանական սպառնալիքին առջեւ լայնօրէն բացւած է Սիւնիքի դռները։ Նեթանիահուի քաղաքականութեան առաջին զոհը Կովկասի մէջ կրնայ դիւրաւ Սիւնիքը ըլլալ, եթէ անշուշտ հայկական կողմը յամառի անտեսել ճգնաժամը եւ շարունակէ ապրիլ իր անղեկ կեանքը։
Այսօրւան հիմնական հարցը Թրամփն է։ Խաղաքարտերը լայնօրէն բացւած են Թրամփին (եւ աշխարհակարգին) առջեւ պարտաւորիչ դարձնելով, որ Թրամփ ընէ վճռորոշ ընտրութիւններ։ Արդեօ՞ք Թրամփ պիտի վերցնէ ձեռնոցը եւ պատերազմ յայտարարէ բոլոր Նեթանիահուներուն դէմ։ Եւ ո՞ւր պիտի հաստատւին նորմերը Թրամփի քաղաքականութեան։ Եւ ուրկէ՞ պիտի սկսի Թրամփի յաջորդ մեկնարկը… Ի՞նչ կարմիր գիծերով պիտի վերսկսի գործել ան։ Պիտի ունենա՞յ իսկական կարմիր գիծեր, թէ թոյլ պիտի տայ, որ Նեթանիահուն ճշտէ կարմիր գիծերը, ինչպէս եղած է տասնամեակներ շարունակ ԱՄՆ-ի համար։
Հարցո՛ւմ։ Արդեօք եկա՞ծ է ժամը ինքզինքին եւ ամբողջ աշխարհին հպարտօրէն ցոյց տալու, որ ԱՄՆ-ի նախագահը գիտէ իր մատը դնել իսկական թշնամիին վրայ եւ կրնայ վճռականօրէն կտրել գորդեան հանգոյցը։