ԳաղափարականՍփիւռք

Սարգիս Ազնաւորեանի նահատակութեան 40-ամեակի նշում

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին, ուրբաթ, 6 յունիս 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Սարգիս Ազնաւորեանի նահատակութեան 40-ամեակին նւիրւած ձեռնարկ:

Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Գօգօ Պասմաճեան: Ան հպարտութեան եւ երախտապարտութեան զգացումներ պարզեց «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի անցեալի ընկերներէն մէկուն՝ Սարգիս Ազնաւորեանի նկատմամբ, հարց տալով, թէ ինչպէ՞ս կոմիտէութեան նոր սերունդը չհպարտանայ, երբ կը տեսնէ սրահին մէջ հաւաքւած յարգելի հիւրերը, որոնք ներկայ են արժեւորելու Սարգիս Ազնաւորեանը, անձնուրաց յեղափոխականը, խիզախ ղեկավարը: Պասմաճեան նաեւ ներկայացուց օրւան յայտագիրը:

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Մարալ Մխսեան: Ան դիտել տւաւ, որ «Նիկոլ Դուման»-ը հիմնւեցաւ Թրատ թաղամասին մէջ, 50-ական թւականներուն, երբ հոն ապրած հայերու մեծ տոկոսը կազմւած էր ատանացիներէ, եոզկաթցիներէ, էյպէզցիներէ, ինչպէս նաեւ՝ իսլամ եւ քրիստոնեայ տեղացիներէ, բան մը, որ յատուկ նկարագիրի խմորում մը ստեղծեց մեր թաղերուն եւ խաչմերուկներուն վրայ: Հետեւաբար դաշնակցականին վեհանձնութիւնը խառնւեցաւ յանդգնութեան հետ, կուսակցական գաղափարախօսութիւնը զուգորդւեցաւ ազգային գիտակցութեան հետ՝ կազմելով ամուր եւ եռանդով լի սերունդ մը, որ միշտ ալ գնահատւեցաւ բոլորին կողմէ՝ իր քաջութեամբ եւ զսպւած համարձակութեամբ: Ան հաստատեց, որ այս սերունդին մէջ ունեցանք բազմաթիւ նշանակալից եւ արժէքաւոր ընկերներ, ինչպէս՝ Անդրանիկ Պաղտասարեանը՝ քաուպոյ Անդոն, Յակոբ Մարսուպեանը՝ փաշան, Սարգիս Ազնաւորեանը, նաեւ՝ բազմաթիւ ընկերներ, որոնք իրենց խիզախ կեցւածքներով յատուկ դրոշմ մը ձգեցին մինչեւ օրս կոմիտէութեան թաղամասերուն վրայ:

«Ճիշտ է, որ Սարգիս Ազնաւորեանը կը պատկանէր նոյն սերունդին, նոյն մթնոլորտին, նոյն կոմիտէութեան, սակայն իր մշտական ներկայութեամբ կրցաւ աւելցնել պարկեշտութիւնն ու համբերութիւնը: Այս էր պարագան ընկ. Սարգիսներուն, մանաւանդ երբ ներկայութիւնը ընկերային է՝ անկախ ընկերականէն եւ թելադրանքներու ոճը՝ համեստ, ոչ հրամայական: Արդեօք ասոնք չե՞ն արժէքաւոր մարդոց յատկանիշները», հաստատեց Մխսեան՝ աւելցնելով, որ ան խստապահանջ էր, եւ երբ ակումբ կը մտնէր, իր հետ կը բերէր եռանդ եւ աշխուժութիւն: Ամէն սերունդ իր բաժինը ունէր սորվելու Սարգիս Ազնաւորեանէն, որուն առաւելութիւնը, խիզախութեան հետ մէկտեղ, խոհեմ դիւանագիտութիւնն էր, իսկ այս երկուքը կամբողջացնէին համբերութիւնը: Շարունակելով իր խօսքը՝ Մխսեան հաստատեց, որ այսպիսի կարողութիւններով օժտւած ընկերը քանի մը տասնամեակ ամբողջ քանդակեց «Նիկոլ Դուման»-ի իրերայաջորդ մարմինները՝ հասնելու համար կոմիտէութեան տարածաշրջանին մէջ բնակող հայութեան սրտին եւ համակրանքին եւ իր սովորական քաղաքավարութեամբ ու հաւասարակշիռ վարւելակերպով յատուկ յարգանքի արժանացաւ նոյնիսկ ոչ համակիր շրջանակներէն: Մխսեան ըսաւ, որ Կենտրոնական կոմիտէի ժողովները, ինչպէս նաեւ ուրիշ պարտականութիւններ զինք չանջատեցին իր շրջանակէն, իր ընկերներէն: Պահեց կապը նոյն հարազատութեամբ, նոյն մտերմութեամբ, բան մը, որ հաւատարմութեան չափանիշի կարեւորագոյն փորձաքարը կը նկատւի:

«Արդէն տասնամեակներ անցած են Սարգիս Ազնաւորեանի նահատակութեան օրէն, սակայն իր եւ իրեն նման օրինակելի ընկերներու գործելակերպի ազդեցութիւնը մշտական եղած է իրերայաջորդ մարմիններու գործունէութեան վրայ: Երբեմն ունեցած ենք կարգ մը դժւարութիւններ, բայց բնաւ չենք ծռած կարմրած երկաթի նման, ոչ ալ կոտրւած ենք հաստ գաւազանի նման, այլ միշտ եղանք ու մնացինք բարձր ու վեհ կաղնիի նման, որ նոյնիսկ ուժգին քամիներու պարագային ճօճւելով հանդերձ, մնաց ուղղահայեաց, դէպի վեր խոյանքին հաւատարիմ: Այսպէս անցան 40 տարիները, եւ պիտի շարունակենք մնալ դէպի վեր խոյանքին հաւատարիմ յաջորդող 40-ամեակներուն», եզրափակեց Մարալ Մխսեան:

Այնուհետեւ ցուցադրւեցաւ Սարգիս Ազնաւորեանի կեանքը, գործունէութիւնը եւ թաղումը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք խօսք առաւ այս ձեռնարկին համար յատուկ Միացեալ Նահանգներէն ժամանած օրւան բանախօս Յովսէփ Աւագեան: Ան հաստատեց, որ Սարգիս Ազնաւորեանի ընտանիքը մեծ ուրախութեամբ եւ ցնծութեամբ հոս հաւաքւած են՝ նշելու իրենց հօր, ռահվիրայ եւ խիզախ ընկերոջ՝ Սարգիս Ազնաւորեանի նահատակութեան 40-ամեակը, եւ մեծ պատիւ ու ուրախութիւն համարեց, որ լիբանանահայ համայնքը 40 տարի ետք իր բոլոր ներկայացուցիչներով հաւաքւած է Կենտրոնական կոմիտէի շուրջ եւ կը հետեւի ՀՅԴ-ի քայլերուն, աւելցնելով, որ Սարգիս Ազնաւորեան այս պատկերը եւ միակամութիւնը կուզէր տեսնել Դաշնակցութեան մէջ: Աւագեան ըսաւ, թէ այն պատնէշը, որ Ազնաւորեանի գործելաոճին պատնէշն էր, անոր ետին կուզէր տեսնել միահամուռ Դաշնակցութեան շարքեր եւ համայնք՝ յանուն ՀՅԴ-ի ծրագիրներուն, աւելցնելով, թէ այն կամքը, որով Ազնաւորեան դաստիարակեց բոլորս, ուղղւած էր միայն մեր դիմաց գտնւող ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն, սակայն ինք յանձնառու էր, որ այդ պատնէշին ետեւ գտնւող տղաքը, երբ իրարու թիկունք կու տան, վստահին եւ հաւատան իրարու եւ անոնց ընդմէջէն ծառայեն ՀՅԴ-ի գլխաւոր տեսլականներուն:

Աւագեան դիտել տւաւ, որ ոգեկոչումները ընդհանրապէս կըլլան լուռ, տխուր, սակայն Սարգիս Ազնաւորեանի բաժանումը մեզմէ ֆիզիկական է միայն, եւ մեզի համար ցնծութիւն է, աւելցնելով, որ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէին կազմակերպած այս ձեռնարկը տօնախմբութիւն է, որովհետեւ անգամ մը եւս մենք միասին երդում կու տանք, դաշնակցական երդումը, հայութեան երդումը, որ յանձնառու ենք մեր ժողովուրդի ֆիզիկական պաշտպանութեան, որուն գլխաւոր եւ գլխագիր գործը հիմնեցին Սարգիս Ազնաւորեաններ, Աբօ Աշճեաններ, Անդրանիկ Պաղտասարեաններ, Յակոբ Մարսուպեաններ: «Մենք ուրախ եւ հպարտ ենք, որ մեր թշնամիները մեզի նահատակ տւին, եւ նահատակը իր գործի շարունակականութեամբ եկաւ ըսելու, որ 1985 ապրիլ 23-ի առաւօտեան, երբ մենք բոլորս կը պատրաստւէինք ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութեան 70-ամեակը, դաւադիր ձեռքերը մեզմէ միայն ֆիզիկապէս կրցան բաժնել Ազնաւորեանը:

Ան մնաց իր դպրոցով, իր դաստիարակութեան արժանի տղոցմով», հաստատեց Աւագեան՝ աւելցնելով, որ Սարգիս Ազնաւորեանը արգասիքն է 1890-ին հիմնւած այն պաշտելի կուսակցութեան, որուն անդամները եւ համակիրներն ենք, որ եկաւ օրին ըսելու՝ վե՛րջ հայութեան ստրկութեան եւ ֆիզիկական սպառնալիքներուն, եւ որուն նահատակներու շարանը երկար է, որուն ցնծալի նահատակներէն մէկն է Ազնաւորեանը: Աւագեան դիտել տւաւ, որ այն օրէն, երբ 1890-ին Դաշնակցութիւնը յանձնառութեան տակ մտաւ իր ժողովուրդի ֆիզիկական շահերը պաշտպանելու, Ազնաւորեանի սերունդը եկաւ ըսելու, որ սփիւռքի ամէնէն բաբախուն գաղութին՝ Լիբանանի մէջ, նոյն ֆիզիկական պաշտպանութեան յանձնառութիւնը ունի, աւելցնելով, որ 1965-էն ետք Լիբանանի մէջ երբ թրքաբարոյ երեւոյթներ սկսան, նաեւ կուսակցութեան հանգամանքին նկատմամբ կեցւածքներ գոյացան, այդ դպրոցի ներկայացուցիչները անարատ պահեցին Բուրջ Համուդը, հայութիւնը եւ պաշտպանեցին զանոնք: Աւագեան հաստատեց, որ Սարգիս Ազնաւորեանի դպրոցին պատկանողները աշխարհի տարածքին իրենց ներկայութեամբ, գործունէութեամբ, խիզախութեամբ ըսին մեր դարաւոր ոսոխին, որ մենք տակաւին ոտքի ենք: «Խիզախ բառը Սարգիս Ազնաւորեանէն թող ըլլայ ձեր ճակատին գրւած ամէնէն մեծ զէնքը», եզրափակեց Յովսէփ Աւագեան՝ հաստատելով, որ այսօր այս հաւաքը կու գայ ուխտելու, թէ այն, ինչ որ շատեր փորձեցին մեզմէ խլել, մեզմէ կրկնապատիկը ստացան:

Այնուհետեւ գործադրւեցաւ գեղարւեստական յայտագիր՝ կատարողութեամբ Համազգայինի Գեղարւեստի դպրոցներուն:

ՀՅԴ Կենտրոնական կոմիտէի խօսքը արտասանեց Յակոբ Լատոյեան: Ան հաստատեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի անդամ, ամբողջ կեանք մը միութենական եւ կուսակցական յայտնի եւ անյայտ գործերու նւիրեալ, ամբողջ կեանք մը իր ժողովուրդի առաքելութեան եւ անձեռնմխելիութեան օրակարգը առաջնակարգ նկատած մեզի համար Սարգիս Ազնաւորեանի տիպարը, անձը, ընկերը եւ օրինակը դաստիարակչական բնոյթ ունի, աւելցնելով, որ մեզի համար ոգեկոչման ձեռնարկները յիշատակումի սահմանէն անդին՝ ամրապնդման եւ վերանորոգման առիթներ են, դաստիարակչական եւ վերանորոգման ոգեկոչում են եւ միեւնոյն ատեն արտաքին ու ներքին երկու պատգամներ ունին իրենց մէջ:

Լատոյեան բացատրեց, որ արտաքին իմաստով՝ վստահ ըլլալու եւ շեշտելու, որ մեր պատմութիւնը վկան է մեր ուղեգիծի անխախտ եւ անսակարկելի սկզբունքին: Ան հաստատեց, որ եթէ անցնող վերջին հարիւր տարւան հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու ազատագրական եւ յեղափոխական ուղին նկատի ունենանք եւ թւենք բոլոր ճակատներու վրայ ինկած հայ նահատակներու անունները, անոնք, որոնք զոհւեցան իրենց արդար Դատի, գաղափարախօսութեան եւ ամբողջական Հայաստանի տեսլականին համար, Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի զոհերէն անկախ, հաւանաբար եւ վստահաբար կրնանք ըսել որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը միա՛կ ու, հպարտօրէն կըսենք ու կընդգծենք, միա՛կ կազմակերպութիւնն է որ տւած է իր ընտրեալներէն լաւագոյնները այս ճամբուն վրայ: Հայկական ոչ մէկ կազմակերպութիւն, կուսակցական թէ քաղաքական, շարժում թէ գումարտակ նահատակներ ունեցած են իր ծրագրի իրագործման համար, որքան ի՛նքը՝ Դաշնակցութիւնը:

«Մենք միշտ մեր լաւագոյնը տւած ենք եւ կու տանք տակաւին մեր հայրենիքի բարօրութեան, բարգաւաճման, արդարութեան, անվտանգութեան եւ անձեռնմխելիութեան համար: Մենք միշտ մեր լաւագոյնը տւած ենք եւ կու տանք տակաւին, որպէսզի Արցախի ժողովուրդը իր արդար իրաւունքը ստանայ, եւ Ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հատուցումը իրենց արդար լուծումին հասնին», շեշտեց Յակոբ Լատոյեան՝ աւելցնելով, որ 1985-ին, անկէ առաջ եւ վերջ դաշնակցական ղեկավարներու դէմ ոճրային արարքները հայ ազգային գաղափարախօսութիւնը լռեցնելու, ազատագրական ջահը վար առնելու եւ ամբողջ ժողովուրդ մը յուսահատեցնելու պատգամ էր, նաեւ վախ ու սարսափ ստեղծելու, ժողովուրդը կուսակցութենէն հեռացնելու, մեկուսացնելու կազմակերպւած համապետական գաղտնի սպասարկութիւններու արշաւ էր: Սակայն վեց տարի չանցած, նոյն այս կազմակերպութիւնը, հակառակ իր լաւագոյն ղեկավարներու նահատակութեան, առեւանգումով եւ անյայտ կորուստով, Արցախի ազատագրութեան մասնակցող նոր նահատակներ ու նոր զոհեր ունեցաւ: Իր քով պահած 70 տարիներու եռագոյնը կրկին ծածանեցաւ Հայաստանի մէջ: Շուշին ազատագրւեցաւ նաեւ մեր նահատակներով: Այս էր փոխադարձ պատգամը:

Լատոյեան հաստատեց, որ այսօր ալ մենք ունինք նահատակներ եւ քաղաքական բանտարկեալներ Բաքւի բանտերուն մէջ, մեր Բիւրոյի անդամ՝ Դաւիթ Իշխանեանը, եւ այսօր ալ զանազան ձեւերով Դաշնակցութիւնը վարկաբեկող արշաւ կայ, սակայն մենք կրնանք վերականգնիլ եւ վերատիրանալ մեր իրաւունքներուն: Պարտութիւն չճանչցող եւ յուսահատութեան փոխարէն՝ նոր յաղթանակներ կերտելու աւիշի վերածող կազմակերպութիւն է Դաշնակցութիւնը:

Շարունակելով իր խօսքը՝ Լատոյեան ըսաւ, որ ներքին իմաստով մենք ոչ միայն մեր շարքերուն, այլ նաեւ մեր գալիք սերունդներուն ճանչնալու եւ ամրապնդելու համար կարեւոր կը նկատենք նման ոգեկոչումներ, անդրադառնալու եւ ընդգծելու, որ Դաշնակցութեան մէջ մեծ ու փոքր գործեր չկան. բոլոր աշխատանքներն ալ կարեւոր են: Այսպէս Սարգիս Ազնաւորեանը ՀՄԸՄ-ի թէ կուսակցական բոլոր բնագաւառներուն բոլոր պայմաններուն մնաց հաւատարիմ իր սկզբունքին: Մնաց իր համեստ եւ ազնիւ աշխատելաոճով:

«Համեստ, ազնիւ եւ դաշնակցական գործի տեսակ չփնտռող տիպարի օրինակը այսօր, բոլոր ժամանակներէ աւելի, կարեւոր է մեր կեանքին մէջ: Անանձնական եւ զոհաբերութեան պատրաստ, երդումին հաւատարիմ, արեան գնով կուսակցութեան շահերը փնտռող ըլլալը հրամայական է», շեշտեց Յ. Լատոյեան՝ աւելցնելով, որ Սարգիս Ազնաւորեանի օրինակը մեր օրերուն շատ կարեւոր է, երբ ամէն բան շահի, դիրքի, երեւնալու, լոզունգներու եւ աժան ճառախօսութիւններով խճողւած է հրապարակը: Հայաստանի Ազգային ժողովի ամպիոններէն մինչեւ ընկերային ցանցերու վրայ հայրենասիրութեան դասեր տւող ընկերային ցանցերու յայտնի եւ անանուն էջերէն բոլո՛րը, բոլորը անխտիր պէտք է գիտնան, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ իր անշեղ ընթացքը անպայման որ պիտի ըլլան եւ կը մնան կարեւորը: Կարեւորը մեր կազմակերպական ուժի ամրութիւնն է, մեր շարունակական ձեւով մեր ազգային գիծը պահելն է, մեր ժողովուրդի փափաքներու իրականացման համար ճիգ չխնայելն է:

Ապա ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէի ներկայացուցիչ Մանօ Կէօվշէնեան յուշանւէր մը յանձնեց Սարգիս Ազնաւորեանի զաւկին, որմէ ետք յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Էտի Նալպանտեան՝ երգեհոնի ընկերակցութեամբ Զարեհ Գալանճեանի:

Ձեռնարկը փակւեցաւ «Վէրքերով լի» երգով:

Related Articles

Back to top button