
Հատւած «Խորխոռեան» տարեգրութենէն
Շարք մը գործեր Հայաստանէն ներս վերագրւած են Ասորեստանի հռչակաւոր Շամիրամ թագուհիին 810-806 Ք.Ա.: Արգիշտի Ա-ի գործերէն Խորխոռի արձանագրութիւնները վերագրւած են Շամիրամին:
Արգիշտի Ա իր նւաճումներու եւ արշաւանքներու մասին ձգած է վիթխարի սեպաձեւ արձանագրութիւն մը, որ կը բաղկանայ մօտ 400 տողերէ:
Խորխոռեան արձանագրութիւնները տարեգրութիւններ են, կը բովանդակեն Արգիշտի Ա-ի 786-764 Ք.Ա. գահակալական տարիներու ռազմական եւ քաղաքական կարեւոր դէպքերու պատմութիւնը, «Դժբախտաբար Խորխոռեան տարեգրութեան այսօր մեզ հասած մասերը պարունակում են միայն Արգիշտի Ա-ի կառավարման մինչեւ տասնչորսերորդ տարւայ պատմութիւնը (Ք.ա. 773թ.)»:
Խորխոռեան սեպագիր արձանագրութիւնները Ուրարտական ամենախոշոր սեպագիր արձանագրութիւնն է, որ կը գտնւի Վան քաղաքի հարաւ-արեւմտեան կողմը, Խորխոր կամ Խոռխոռ կոչւող ժայռին վրայ:
Այս մեծ գործը համաձայն մեր աւանդութեան վերագրւած է նաեւ Ասորեստանի թագուհի Շամիրամին, ինչպէս յիշած է Մովսէս Խորենացին. բայց այսօր պարզ է, որ այդ վիթխարի արձանագրութիւնը Արգիշտի Ա-ի հրամանով է փորագրւած:
Շամիրամը շատ մեծարւեցաւ յոյն պատմիչ Հերոդոտի կողմէ: Անոր վերագրւեցան շարք մը գործեր. յիշենք այստեղ կարեւորագոյնները. Բաբելոնի կախեալ պարտէզներու կառուցումը, Եգիպտոսի եւ հեռաւոր Հնդկաստանի նւաճումները, եւ ուրիշ այլ գործեր, որոնք զինք բարձրացուցին եւ դարձուցին հին Միջագետքի փառքի խորհրդանիշներէն մէկը: Բնականաբար անոր պիտի վերագրւէին նաեւ կարեւոր գործերը հարեւան Հայաստանին մէջ, որոնցմէ էր Խորխոռեան արձանագրութիւնները…:
ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ
ԱԽԹԱՄԱՐ ԿՂԶԻԻ ԱՐՄԷՆԻԿ ՔԱՂԱՔԸ
Այսօր, Ախթամար կղզի այցելելով, մեր կարկառուն պատմիչ՝ Առաքել Դավրիժեցիի կոչած «Աստւածաբնակ Ախթամար կղզի», հայ անհատը պիտի յիշէ, որ կղզին՝ իր Ս. Խաչ հոյակերտ եկեղեցիով եղած է, ոչ միայն երկար դարեր շարունակ կաթողիկոսական աթոռի մը նստատեղին, այլեւ փոքրիկ մայրաքաղաքը հայկական կարճատեւ՝ եօթ տարիներու տեւողութեամբ թագաւորութեան:
Ախթամար կղզիին մէջ գոյութիւն ունեցած է փոքրիկ քաղաք մը, որ կոչւած է Արմէնիկ: Կղզիին մէջ 1465 թ. հիմնադրւած Արծրունեաց թագաւորութեան տարածքը շատ ընդարձակ չէր, հիմնականօրէն թագաւորութեան տարածքը կընդգրկէր Ախթամար կղզին, որ այդ ժամանակ շատ աւելի տարածուն էր, «Հայոց այս վերջին թագաւորի տիրապետութիւնը տարածւում էր Աղթամար կղզու (որ աւելի մեծ էր, քան մեր օրերում) եւ կղզու դիմաց ծովափին ընկած մի քանի գիւղերի վրայ: Կղզու վրայ կար 600 տուն զուտ հայ բնակչութիւն ունեցող մի փոքրիկ քաղաք…»:
Մեզ հետաքրքրող հայկական կարճատեւ թագաւորութեան հիմնադրութենէն կէս դար ետք՝ 16-րդ դարուն, Ախթամար քաղաքը տակաւին գոյութիւն ունէր: Վենետիկցի անանուն վաճառականը 1510-ական թւականներուն Ախթամար կղզին այցելելով՝ իր գրութեան մէջ զայն կոչած է Արմէնիկ, «Անանուն վենետիկցի վաճառականի վկայութեամբ Աղթամար կղզում կար մի փոքրիկ քաղաք՝ 600 տուն հայ բնակչութեամբ: Ահա թէ Աղթամարի կղզին ինչպէս է նկարագրել յիշեալ ճանապարհորդ վաճառականը. «Կղզու… վրայ կայ մի փոքրիկ քաղաք, երկու մղոն շրջագծով, քաղաքն ունի այնքան տարածութիւն, որքան կղզին: Այս քաղաքը կոչւում է Արմէնիկ, շատ բազմամարդ եւ միայն հայ քրիստոնեաններն են բնակւում այնտեղ . ունի շատ եկեղեցիներ, բոլոր հայ քրիստոնեաների պաշտամունքի համար: … Քաղաքի կամ կղզու դիմաց գտնւում է մի ծովածոց հիանալի մի դաշտով, որն ունի բազմաթիւ գիւղեր՝ բնակւած հայ քրիստոնեաներով»: Քաղաքին անւանումը կը շեշտէ, որ ան զուտ հայկական քաղաք էր:
Վենետիկի դեսպան Ջիովան Մարիա Անջիոլելլոն յիշած է, թէ Ախթամար կղզիին մէջ կը բնակին 600 տունէ աւելի հայ քրիստոնեաներ: Ան յիշած է, թէ այդ ժամանակ կղզիին մէջ կային, «աւելի քան վեց հարիւր տուն եւ Սուրբ Խաչ անուն մի եկեղեցի… աւելի քան հարիւր վանականներ, որոնք կառավարւում են մի պատրիարքով»: Յիշւած 600 տունը, բաւական զգալի թիւ էր, եթէ նկատի ունենանք մէկ ընտանիքը 5 անդամէ բաղկացած, ապա մօտաւորապէս 3000-ի հասնող հայ բնակչութիւն կար: Արմէնիկ քաղաքի տարածութիւնը կղզիին չափ էր, փոքրիկ քաղաք մը, որ ունի այնքան տարածութիւն, որքան կղզին:
Վենետիկցի մէկ այլ դեսպան Կատերինօ Զենոն, նաեւ անդրադարձած է Ախթամարի փոքրիկ քաղաքին, եւ պատանի՝ շահ Իսմայիլի Ախթամար ապաստանած ըլլալուն, «բնակեցւած է հայ քրիստոնեաներից եւ կոչւած Աստւածամօր անունով, ուր նա մնաց չորս տարի, թաքնւած մի հայ քահանայի տան»:
Ախթամար կղզիի վրայ հիմնւած Արմէնիկ փոքրիկ քաղաքը, դարձաւ Սմբատ Արծրունիի թագաւորութեան մայրաքաղաքը, ունէր իր նաւահանգիստը, որ կառուցէր էր 10-րդ դարուն Գագիկ Ա Արծրունին (908-943 թ.). այդ արհեստական նաւահանգիստը կառուցւեցաւ շատ մեծ ջանքերով, որովհետեւ Ախթամար կղզին չունէր բնական ծովախորշ:
ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ
ԴՐՈՆ ԿԱՔՍՈՐՒԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԷՆ
10 ՅՈՒՆՒԱՐ 1921 թ.
Քաղաքական իրավիճակը եւ թուրք-հայկական պատերազմի զարգացումները, ի վերջոյ հանգեցան, որ Հայաստանի Ա-ին Հանրապետութեան կառավարութիւնը 1920 թ. դեկտեմբերի 2-ին ստորագրեն համաձայնութիւն մը, «1920 թ. դեկտեմբերի 2-ին Հայաստանում ՌԽՖՍՀ ներկայացուցիչ Բորիս Լեգրանի միջեւ մի կողմից եւ ՀՀ կառավարութեան ներկայացուցիչներ Դրոյի եւ Համբարձում Տէրտէրեանի միջեւ՝ միւս կողմից, Երեւանում ստորագրւեց համաձայնագիր»: Ըստ այդ համաձայնութեան Հայաստանը պիտի ըլլար Խորհրդային անկախ հանարապետութիւն: Այդպէս ալ մնաց, գրեթէ մէկ տարի, երբ հիմնւեցաւ Անդրկովկասեան Դաշնակցութիւնը ու երեք հանրապետութիւնները՝ Հայաստանը, Վրաստանն ու Ազրբեջանը զրկւեցան անկախութենէն ու դարձան Խորհրդային Ռուսաստանի մէկ մասը:
Հիմնւելով ստորագրւած համաձայնութեան վրայ դեկտեմբերի 3-ին ռադիոյով հեռարձակւեցաւ շրջաբերական մը, որուն նպատակն էր խաղաղութեամբ իրագործել տեղի ունեցած համաձայնութիւնը:
Դրոն լիազօրւեցաւ ՀՀ կառավարութեան կողմէ, որպէս այդ իշխանութեան ռազմական նախարար, որ համագործակցելով ռուսերու եւ հայ համայնավարներուն հետ խաղաղութեամբ տեղի ունենայ իշխանափոխութիւնը: Մէջբերենք շրջաբերականը, որուն ներքեւ ստորագրեց Դրօն:
«Դեկտ. 3-ին քանի մը օրերու ժամանակաւոր դիկտարորները՝ բոլոր զինւորական ուժերու գլխաւոր հրամանատար Դրօն եւ Սիլին ուղարկեցին ի գիտութիւն հետեւեալի-
«Հայաստանը յայտարարած է Խորհրդային Հանրապետութիւն: Մինչեւ Խորհրդային Հայաստանի յեղկոմի ժամանումը Երեւան՝ կառավարական իշխանութիւնը յանձնւած է զինւորական հրամանատարութեանը, որի պետ նշանակւած է ընկ. Դրօ Կանայեանը եւ Ռ.Ս.Ֆ.Ս.Հ. կոմիսար Հայաստանի հրամանատարի մօտ ընկ. Սիլինը:
Հայաստանի բոլոր պետական հիմնարկութիւնները, պաշտօնական անձինք եւ քաղաքացիները պարտաւոր են անյապաղ կատարել զինւորական հրամանատարութեան կարգադրութիւնները: Նրանք, որոնք կը վարւին հրամանատարութեան կարգադրութիւնների հակառակ, կը ճանաչւին յանցաւոր եւ անմիջապէս պատասխանատւութեան կենթարկւեն յեղափոխական շրջանի օրէնքների համաձայն»:
ԴՐՕ, ՍԻԼԻՆ
Այսպէս, ընդհանրապէս, առաջին օրերուն խաղաղութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի խորհրդայնացումը:
Հայ Յեղկոմը դեկտեմբերի 4-ին մտաւ Երեւան. իսկ երկու օր ետք Երեւան հասաւ XI կարմիր բանակի որոշ զօրամասեր:
Դեկտեմբերի 6-ին Յեղկոմը իր կազմի մէջ չմտցուց Դրօն, որ իր պաշտօնէն հեռացւեցաւ:
Դժբախտաբար պատմական զարգացումները չշարունակւեցան խաղաղութեամբ: Յեղկոմի կատարած բռնութիւններուն ընդդիմացաւ եւս Դրօն. «Դրօն տեղ չի գտնում նոր կառավարութեան մէջ, այլ 1921 թ. յունւարի 10-ին աքսորւում է Մոսկւա: Ուր երկար ատեն մնաց իբրեւ կալանաւոր: Շնորհիւ իր անձնական բարեկամութեան Ստալինի հետ»: 1921 թ. յունւարի 10-ին Դրոն աքսորւեցաւ Մոսկւա, որտեղ մնաց մօտաւորապէս 4 տարի. ապա 1925 թ. Դրոն անցաւ Փարիզ, ապա Ռումինիա, ու շարունակեց իր կուսակցական գործունէութիւնը։ Ան մահացաւ 1956 թ. մարտի 8-ին Բոստնի մէջ: 2000 թ. մայիսի 29-ին իր մարմինը փոխադրւեցաւ Հայաստան եւ վերայուղարկաւորւեցաւ Ապարանի Ճակատամարտի յուշահամալիրի աջ եզրաթմբի վրայ։ Դրոյի աքսորէն երկու շաբաթ ետք, յունւարի 24-ին Ռուսաստան աքսորւեցան Հայաստանի բանկի սպաներէն 1200 հոգի, որոնց մէջ էին եւ սպարապետ Նազարբէգեանը, զօրավարներ Սիլիկեանը, Հախվերդեանը, Ղամազեանը եւ ուրիշներ:
Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ