Մշակութային

ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԷԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ

Արտաւազդ Բ եւ Յուլիոս Կեսար

Հռոմէական կայսրութեան պատմութիւնը կայսերական պատմաշրջանին անցնելէ առաջ, անցաւ պատմական Եռապետութեան պատմաշրջանէն, այսպէս Հռոմի պատմութեան մէջ յառաջացած քաղաքական դաշինքը Հռոմի երեք կարեւոր անձնաւորութիւններու միջեւ Յուլիոս Կեսար, Մարկոս Կրասոս եւ Պոմպէոս ծանօթ է Առաջին Եռապետութիւն անունով: Յուլիոս Կեսար նշանաւոր զօրավար էր. Մարկոս Կրասոս Հռոմի մեծահարուստ ստրկատէրն էր, եւ Պոմպէոս նշանաւոր զօրավար էր, որ ստիպեց Մեծն Տիգրանին ստորագրելու խաղաղութեան պայմանագիրը:

Մարկոս Կրասոսը սպանւեցաւ իր կազմակերպած անյաջող արշաւանքին Պարթեւաստանի դէմ 53 Ք.Ա.: Պարթեւ Սուրէն զօրավարը Կրասոսի գլուխը կտրելով ղրկեց Արտաշատ, ուր պարթեւներու Որոդէս թագաւորը կը գտնւէր Արտաւազդ Բ մօտ՝ թատերական հանդէսի մէջ:

Պոմպէոսի եւ Յուլիոս Կեսարի միջեւ սկսած քաղաքացիական պատերազմը վերջ գտաւ 48 թ. Ք.Ա. Պոմպէոսի փախուստով Եգիպտոս, ուր սպանւեցաւ Եգիպտոսի թագաւորի հրամանով:

Յուլիոս Կեսար ահաւոր ռազմական պատրաստութիւններ տեսաւ: Հռոմի Ծերակոյտը, 44 թ. Ք.Ա. յատուկ օրէնքով մը Կեսարին տւաւ բոլոր լիազօրութիւնները ղեկավարելու այդ հսկայ եւ պատմական արշաւանքը պարթեւներուն դէմ: Հռոմէական 16 լեգէոններ՝ մօտաւորապէս 88,000 զինւոր, եւ 10,000 ձիաւոր պիտի մասնակցէին այդ արշաւանքին. այս հռոմէական պատմութեան մէջ չտեսնւած հսկայ բանակ մըն էր: Յուլիոս Կեսար որոշած էր արշաւել պարթեւներուն վրայ Հայաստանի վրայով:

Հայաստանի թագաւոր՝ Արտաւազդ Բ լաւատեղեակ այս բոլորէն կը խորհէր Հայաստանը հեռու պահել Յուլիոս Կեսարի ղեկավարած այս հսկայ արշաւանքի աւերումներէն, լեզու գտնելով թէ՛ Հռոմի, եւ թէ՛ Պարթեւաստանի հետ, փրկելու համար իր երկիրն ու թագաւորութիւնը սպասւած մեծ պատերազմի վնասներէն:

Յուլիոս Կեսար՝ Հռոմի հռչակաւոր եւ փորձառու զօրավարը կուգար իր հսկայ եւ անդիմադրելի բանակով, Հայաստանը որպէս կամուրջ օգտագործելու անսասան որոշումով: Բոլոր տւեալները ցոյց կուտային, թէ մեծ փոթորիկը մօտ էր եւ անխուսափելի. Հայաստանը այս անել վիճակէն միայն մէկ պարագայի պիտի փրկւէր, եթէ շատ մեծ դէպք մը պատահէր: Բարեբաղդաբար այդ մեծ դէպքը տեղի ունեցաւ, երբ 44 թւականի՝ մարտ 15-ին, Հռոմի Սինատի մէջ սպանւեցաւ Յուլիոս Կեսարը իր հակառակորդներու կողմէ: Յուլիոս Կեսարի սպանութիւնը կը ներկայանայ հայոց հին պատմութեան ողջունելի օրերէն մէկը…:

Այս դէպքը երկնային պարգեւ էր տարածքաշրջանի բոլոր ազգերուն ընդհանրապէս եւ հայ ազգին մասնաւորապէս. որովհետեւ ահաւոր պատերազմը տեղի պիտի ունենար. վստահաբար պիտի շարունակւէր քանի մը տարիներ, Հայաստանը պիտի ենթարկւէր աւերումներու. տասնեակ հազարաւոր զոհեր…:

 

ՄԻՋԻՆ ԴԱՐԵՐ

ԴԱՆԻՇՄԱՆՆԵՐՈՒ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԻՇԽԱՆԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ

(1097-1165)

11-րդ դարու վերջաւորութեան Կապադովկիոյ տարածքին մէջ հիմնւեցաւ մահմեդական իշխանապետութիւն մը, որ հայկական էր, բայց իշխող ընտանիքը կրօնափոխ եղած էին, «Փոքր Հայքում հանդէս եկան Դանիշմանեանները (1097-1165), որոնց ձեռքում էին Սեբաստիան, Կեսարիան եւ Մելիտինէն: Ենթադրւում է, որ այս ամիրայական տան հիմնադիր Տիլու Դանիշմանդը մահմեդականութիւն ընդունած Ռատ (Հրահատ) Լիպարիտեանն էր: Փոքր Հայքը եւ Կապադովկիան հայ ազգաբնակչութեամբ էին լցւել դեռ բիւզանդական տիրապետութեան շրջանում, մանաւանդ սելջուկեան արշաւանքներից յետոյ»:

Դանիշմանեաններու հիմնադիր՝ Տիլու Դանիշմանդը սելջուկներու ղեկավար Ալփ-Ասլանի սենեակապահն էր եւ իր զաւկին Դանիշմանդն էր, որ պարսկերէն բառ է եւ կը նշանակէ խնամակալ կամ ուսուցիչ:

Սելջուկներու Մելիքշահ Ա-ի պալատին մէջ Տիլու Դանիշմանդը, որպէս սելջուկ զօրավար ղրկւեցաւ Փոքր Հայք՝ Մանազկերտի ճակատամարտէն ետք. ուր գրաւեց տարածքներ Կապադովկիոյ մէջ:

Սելջուկներու սուլթան Մելիքշահի մահէն ետք 1092-ին, եւ անոնց տկարութենէն օգտւելով Տիլուի զաւակը՝ Գումիշթիքին իշխեց տարածքը, մայրաքաղաք ունենալով Նիքսարը, իշխելով Սեվաս (Սեբաստիա), Մալաթիա (Մելիտենէ) եւ Կեսարիա: Դանիշմաններու իշխանապետութիւնը Կապադովկիոյ մէջ շարունակւեցաւ (1097-1165): Դանշիմենդները միշտ թշնամի էին Փոքր Ասիոյ մէջ հիմնւած Ռումի սելջուկ սուլթանութեան:

Մեր պատմիչներէն Մատթէոս Ուռհայեցիի Ժամանակագրութենէն 1105 թ. դէպքերու մասին, երբ ան կը յիշէ հետեւեալը Դանիշմաններու մահացած իշխանապետի մասին, «Այդ տարին վախճանւեց հռոմոց աշխարհի մեծ ամիրա Դանիշմանը, որ հայկական ծագում ունէր: Նա բարի մարդ էր, աշխարհաշէն, քրիստոնեաների հանդէպ անչափ գթառատ: Նրա իշխանութեան տակ գտնւող հաւատացեալները շատ սգացին նրան: Նա թողեց տասներկու որդի, ընդ որում իշխանութիւնն անցաւ աւագ որդու ձեռքը, որին Խազի էին ասում. սա ծածուկ սպանեց իր մնացած եղբայրներին»:

 

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

ՎԱՐԱԳԱՎԱՆՔԸ ԵՒ ՄՇՈՅ Ս. ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՎԱՆՔԸ

Խրիմեան Հայրիկի ազգօգուտ գործունէութիւնը Վարագավանքի մէջ դրական արձագանք գտաւ ամբողջ հայութեան մէջ: Տարօնի հայութիւնը դիմեց Հայոց Պատրիարքարանին խնդրելով Խրիմեանին ուղարկել Տարօն, «Պատրիարքարանին յաջողւեց ստանալ սուլթանի ֆերմանը եւ Մ. Խրիմեանը դարձաւ Տարօնի հոգեւոր առաջնորդը եւ ս. Կարապետի (Գլակա) վանքի վանահայրը»: Այսպէս, 1862 թ. Մ. Խրիմեան կարգաւորելէ ետք Վարագավանքի գործերը եւ իրեն փոխանորդ նշանակելէ ետք կը մեկնի Տարօն իր հետ առնելով իր աջ բազուկին՝ Գարեգին Սրւանձտեանցին եւ տպարանը:

Մ. Խրիմեանը ինքնավստահ քայլերով սկսաւ իր աշխատանքը Մշոյ Սուլթան Սուրբ Կարապետի վանքին մէջ, որ Արեւմտեան Հայաստանի հարուստ եւ լաւ պահպանւած վանքերէն մէկն էր, եւ կը գտնւէր Մուշ քաղաքի հիւսիս-արեւմտեան՝ Քարքէ լերան հարաւ արեւելեան ստորոտին: Խրիմեանը ունենալով Վարագավանքի իր յաջող փորձը, շուտով բացաւ Ս. Կարապետի վանքին մէջ ժառանգաւորաց վարժարանը, որ սկսաւ լուսաւորել Տարօնի հայութիւնը:

«Արծւի Վասպուրական»-ի նման՝ 1863-ի ապրիլին Գ. Սրւանձտեանցի խմբագրութեամբ սկսաւ հրատարակւիլ «Արծւի Տարօնոյ» թերթը, որ տեւեց մինչեւ 1865-ի յուլիսը: Այս թերթին մէջ հրատարակւած յօդւածներէն մէկուն մէջ գրւած էր, թէ 1863 թ. Վանի մէջ հիմնւած էր «Գինեհատ մի ընկերութիւն», որուն նպատակն էր մարդոց հեռու պահել գինեմոլութենէն:

Գ. Սրւանձտեանցը Արծւի Տարօնոյ պարբերականի մէջ հրատարակած յօդւածներով կառաջարկէ բարեկարգել հայկական վանքերը եւ լաւագոյն օրինակ ունենալով Վարագավանքը, հայկական բոլոր վանքերուն կից բանալ Ժառանգաւորաց դպրոցներ, երկրագործական ուսումնարաններ եւ թանգարաններ:

Այսպէս, Մ. Խրիմեանի ջանքերով Վարգավանքին մէջ տեղի ունեցած ազգօգուտ եւ ազգաշէն ձեռանարկները, եղան նախանձելի օրինակներ հայաշատ այլ վայրերու մէջ:

Գ. Սրւանձտեանցի եւ Խրիմեան Հայրիկի յարաբերութիւններու մասին հետաքրքրական է մէջբերել հետեւեալը, «Լայն էր Սրւանձտեանցի գործունէութեան ոլորտը այդ տարիներին, նա Վարագայ եւ Ս. Կարապետի վանքերի վանահայրութեան փոխանորդն էր: Սրւանձտեանցի անընդհատ հրաժարականներին Խրիմեանը պատասխանում էր կտրուկ մերժումով. «Եթէ հայրիկի ուխտին մէջ երկու հատ Գարեգին վարդապետ ըլլար, անշուշտ, զձեզ ազատ կը թողնէի, բայց միայն էք. պէտք է տանիք ձեր առաքելութեան պաշտօնը մինչեւ աստւած ուրիշ Գարեգին մի հանէ, կամ թոռնիկ ծնիք…»:

Դժբախտաբար Գարեգին Սրւանձտեանց (1940-1892). ան վատառողջ էր, ծանր ու երկարատեւ հիւանդութենէ ետք, Խրիմեան Հայրիկի շատ սիրելի աջ բազուկը՝ Գարեգին Սրւանձտեանց, Կոստանդնուպոլսոյ Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցին մէջ՝ կը մահանայ 52 տարեկան հասակին:

Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ

Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 76, 6 յուլիսի 2025 թ.

Related Articles

Back to top button