Սփիւռք

Կենսունակ արեւմտահայերէն՝ խոչընդոտներէն դէպի հնարաւորութիւններ

ԱՐՏԱ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Դոկտոր Ընկերալեզւաբանութեան

 

Լեզւապահպանումի նիւթը՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնի վտանգւած ըլլալը, ինչպէս ներկայացւեցաւ ամփոփ ձեւով՝ անցեալ երկու յօդւածներուն մէջ, լուրջ, մտահոգիչ, եւ պատասխանատու հարց է: Այլասերելու եւ մէկ մշակոյթի ծառայելու մարտահրաւէրները անողորմ են եւ ճնշիչ, մանաւանդ փոքր գաղութներու համար, որոնց յաջորդական սերունդները կը ծնին եւ կը մեծնան օտար ափերու մէջ:

Կենտրոնանաք մեր գաղութներուն վրայ եւ մեր մայրենիին վրայ:

Ի՞նչ են արեւմտահայերէնի դիմագրաւած խնդիրները:

Վստահ դուք ալ ունիք ձեր պատճառներու ցանկը՝ մեկնելով ձեր փորձառութիւններէն: Ըստ մեր հետազօտութիւններուն, ակադեմական հարցազրոյցներուն, հարցախոյզերուն եւ նկատառումներուն, արեւմտահայերէնի դիմագրաւած խնդիրներն են՝

  • անիմացութիւն՝ արեւմտահայերէնի վտանգւած լեզու ըլլալու մասին
  • անտարբերութիւն
  • երկլեզւութեան մասին սխալ ըմբռնումներ
  • մշակութային ձուլում
  • նշանափոխութեան (code-switching) հանդէպ ժխտական դիրք
  • նսեմութեան զգացումներ եւ
  • տնտեսական ճնշումներ:

Արեւմտահայերէնի դիմագրաւած մեծագոյն խնդիրը՝ ժխտական կեցւածք

Եթէ անպայման պիտի մասնաւորենք կամ ընդգծենք մեծագոյն խնդիրը, որուն  շնորհիւ այսօր արեւմտահայերէնը «Անպայման վտանգւած» կը դասակարգւի, այդ ալ ժխտական կեցւածքն է՝ ընդհանրապէս ծնողներու, հանդէպ հայկական դպրոցին, հայկական եկեղեցիին, հայկական կուսակցութեան, Հայաստանի, եւ Ցեղասպանութեան։

Անկախ այն իրականութենէն, թէ հայերու ժխտական կեցւածքները մեծապէս նպաստած են իրենց մայրենիին ներկայ վիճակին, այս ժխտական դիրքերու հետեւանքները բազմազան են եւ ակներեւ.

  • աւանդական արժէքներէ հեռացում
  • աւանդական լեզւի չգոյութիւն
  • ազգային եւ եկեղեցական կեանքին մէջ երիտասարդներու մասնակցութեան տկարացում
  • ինքնութեան տագնապ
  • մեծ ծնողներու հետ հաղորդակցութեան խզում
  • նսեմութեան զգացումներ
  • պատկանելիութեան զգացումներու կորուստ եւ
  • տան մէջ մայրենի լեզւին գործածութեան պակաս:

Կարելի կը մտածէք, թէ արդեօք ետ դարձի ճամբայ կա՞յ: Անպայման կայ:

Ընկերալեզւաբաններու օրակարգը

Ճիշտ է, թէ ընկերալեզւաբաններու յաջողութիւններուն շարքը երկար է, որովհետեւ մենք միշտ լաւատես ենք, ԲԱՅՑ: Որպէս ընկերալեզւաբաններ, կրնանք լեզւապահպանումի եւ վերակենդանացումի առաջարկներ եւ ճամբու քարտէզ ներկայացնել, բայց իրականութիւնը այն է, թէ միայն ընկերութիւնը ի՛նք կրնայ փրկել իր լեզուն: 

Այսօր, տակաւին կան հայեր, որոնք տեղեակ չեն թէ իրենց մայրենի լեզուն վտանգւած է, թէ ի՛նչ արագութեամբ երկլեզու ընկերութիւն մը կրնայ միալեզու դառնալ, եւ թէ լեզւի փոփոխութիւնը (language shift) սաստիկ արագ է: Անոնք կը նային իրենց շուրջը եւ կը տեսնեն թէ տակաւին կան շատեր, որոնք կը խօսին հայերէն, եւ կը հետեւցնեն թէ լեզուն լաւ վիճակի մէջ է: Անոնք կը մերժեն տեսնել կամ ընդունիլ, թէ իրենց մայրենի լեզուն կը տկարանայ եւ թէ վտանգւած է:

Կան նաեւ անոնք որոնք կը հաւատան, թէ իրենց լեզուն յատուկ պաշտպանութիւն կը վայելէ, ինչպէս, հակառակ այն իրականութեան թէ Բանամայի Թերիպի ընկերութեան լեզուն՝ Նասօ, խիստ վտանգւած է, անոնց թագաւորը այսպէս արտայայտւած է. «Մենք վտանգւած չենք, որովհետեւ Աստւած ստեղծեց մեզ:  Ան մեզ չստեղծեց որ ուրիշներ մեզ ոչնչացնեն:  Եթէ անցեալ 500 տարիներու դժւարին պայմաններուն տոկացինք, ուրեմն ինչո՞ւ հիմա պիտի անհետանանք»։

Ընկերալեզւաբաններու նպատակը հաղորդակցութեան միջոց մը ապահովել չէ, այլ օգնել ընկերութեան որ իր ժառանգութեան յատուկ ըլլալը տեսնէ եւ գնահատէ: Եւ ա’յս մէկը դիւրին գործ մը չէ:  Բաւական ճիգ կը պահանջէ ընդգծել լեզւական ժառանգութեան մը կարեւորութիւնը: 

Ի՞նչ պիտի ընել: Շատ պարզ է՝ երկլեզու ըլլալ:

Արեւմտահայերէնի պահպանման գաղտնիքը՝ երկլեզւութիւն

Արդէն մարդկային ուղեղը բնական կարողութիւն ունի քանի մը լեզուներ սորվելու նոյն ատեն:  Աշխարհ մը ուր ամէն անձ կը խօսի երկու լեզու՝ մայրենի լեզուն եւ մեծամասնութեան լեզուն, բացարձակապէս կարելի է եւ փափաքելի՝ առանց որեւէ խաչաձեւումի կամ պայքարի, որովհետեւ անոնք ունին տարբեր նպատակներ՝ մէկը ինքնութեան եւ միւսը հասկցւելու համար:

Լեզւաբաններ քաջատեղեակ են, թէ լեզուներուն անհետացումի երեք հանգրւաններէն եկրորդ հանգրւանին՝ երկլեզութեան շրջանին, կարելի է ազատել մայրենի լեզու մը մեռնելէ: 

Ինչո՞ւ երկլեզւութիւնը:

Այսպէս, ըստ գիտական սերտողութիւններու, երկլեզու խօսողներ

  • աւելի գործնական են եւ լայնախոհ
  • աւելի դիւրին ընկեր կը շինեն
  • աւելի խելացի, հաղորդական եւ իմացողական են
  • իրենց լեզուները «կը խառնեն», որովհետեւ աւելի իմաստուն են
  • կը գերազանցեն մէկ լեզու խօսողները
  • կը յաջողին դպրոցին մէջ, որովհետեւ տան մէջ մայրենի լեզուն կը գործածեն
  • հարցերը աւելի արագ կը լուծեն՝ ըլլան անոնք կեանքի, գործի կամ թւաբանական հարցեր եւ
  • չափով աւելի մեծ ուղեղ կ’ունենան:

 Արեւմտահայերէնի կենսունականացումի գործնական քայլեր

Եթէ այս փաստերը համոզիչ եղան, անցնինք արեւմտահայերէնը սերունդէսերունդ փոխանցելու գործնական քայլերուն, ուր անհատը, ընտանիքը, եւ ընկերութիւնը շատ ընելիք ունին: Այսպէս.

Կենսունականացումի քայլեր՝ անհատական մակարդակի վրայ

  • Այցելել Հայաստան՝ առանձին, հայ կամ օտար բարեկամներու հետ
  • Անդամագրւիլ հայկական մշակութային միութեան մը կամ կուսակցութեան մը
  • Առիթներ ստեղծել հայերէն խօսելու
  • Խուսափիլ քննադատել հայ մշակոյթը կամ հայկականութիւնը
  • Կարելի եղածին չափ տան մէջ հայերէն խօսիլ (նշանափոխութիւնը բնական է)
  • Հայերէն երգեր մտիկ ընել
  • Հպարտ ըլլալ որ հայ ես
  • Յաճախել մշակութային, ընկերային, եւ եկեղեցական ձեռնարկներ
  • Չքննադատել անոնք, որոնք «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հայերէն կը խօսին։

Կենսունականացումի քայլեր՝ ընտանեկան մակարդակի վրայ

  • Եկեղեցի յաճախել՝ կանոնաւորպէս
  • Զաւակներ հայկական դպրոց ղրկել (եթէ կարելի է անշուշտ)
  • Հայ բարեկամներու շրջանակը ընդլայնել, որպէսզի փոքրիկներ աւելի առիթներ ունենան հայերէն խօսելու
  • Հայերէն երգեր մտիկ ընել, մանաւանդ ընտանեկան հաւաքոյթներու ժամանակ
  • Չքննադատել զաւակները, երբ անոնք «սխալ» կամ «կտրուկ» կամ «խառն» հայերէն խօսին
  • Տօնախմբել բոլոր ազգային եւ կրօնական տօները
  • Քաջալերել մեծ ծնողները, որ հայերէն խօսին թոռնիկներու հետ
  • Օրինակ ըլլալ ուրիշ ընտանիքներու՝ քաջալերելով հայերէն խօսիլը տան մէջ։

Կենսունականացումի քայլեր՝ հաւաքականութեան մակարդակի վրայ

  • Արեւմտահայերէնի վտանգւած կարգավիճակին մասին տեղեակ պահել գաղութները
  • Դրական կեցւածք որդեգրել Հայաստանի հանդէպ
  • Երիտասարդներուն մէջ հպարտութիւն ներմուծող մշակութային ելոյթներ կազմակերպել
  • Ընդունիլ որ սփիւռքը մնայուն կարգավիճակ մըն է
  • Ծնողներ տեղեակ պահել հայերէն սորվելու համացանցային կայքէջներու հասցէները
  • Կազմակերպել շրջապտոյտներ դէպի Հայաստան
  • Հայերէն լեզւի դասաւանդութիւնը եւ դպրոցները արդիականացնել
  • Հայկական մշակոյթը ծանօթացնել տեղական մշակոյթին
  • Միջկուսակցական եւ միջեկեղեցական համագործակցութիւն քաջալերել
  • Մշակել ծրագիրներ որ ծնողներ հայերէն խօսիլ սորվին
  • Քաջալերել ծնողներ, որ հայերէն խօսին իրենց զաւակներուն հետ։

Եզրակացութիւն

Այս առաջարկները՝ պարզ եւ շատերու կողմէ փորձւած, եւ ընկերալեզւաբաններու կողմէ վաւերացւած, մեծապէս պիտի նպաստեն արեւմտահայերէնի վերաշխուժացման եւ անոր գոյատեւման 21-րդ դարէն անդին:

Յուսամ բոլորս համոզւեցանք, թէ անպայման ելք մը կայ եւ ինչպէս աշխարհի միւս լեզուները, մեր մայրենի լեզուն՝ արեւմտահայերէնը, իրաւունք ունի գոյատեւելու՝ փոխանցելով զայն ներկայ եւ յաջորդ սերունդներուն:

Քուվէյթ, յուլիս 2025

Related Articles

Back to top button