Հայաստան - ԱրցախՄշակութային

Արցախի նւիրւած՝ «Արցախ անաւարտ պատերազմ», «Արցախ վտանգւած ժառանգութիւն 1» եւ «Արցախ վտանգւած ժառանգութիւն 2» հատորներու շնորհանդէս

Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 95-ամեակին առիթով, չորեքշաբթի, 23 սեպտեմբեր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահի մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան հովանաւորած՝ Արցախի նւիրւած երեք հատորներու՝ «Արցախ անաւարտ պատերազմ», հեղինակ՝ Դաւիթ Ղահրամանեան, «Արցախ վտանգւած ժառանգութիւն 1» եւ «Արցախ վտանգւած ժառանգութիւն 2», հեղինակ՝ Րաֆֆի Քորթոշեան, շնորհանդէսը եւ արցախցի նկարիչներու ցուցահանդէսը:

Ցուցադրւած էին գործերը՝ Յովիկ Գասպարեանի, Հրանդ Մնացականեանի, Սամուէլ Թաւադեանի, Լիանա Քոչարեանի, Գայեանէ Շուշեցիի, Գէորգ Սարգսեանի, Արմէն Մնացականեանի, Արմէն Ղուկասեանի, Ռոբերտ Ասգարեանի եւ Սերգէյ Արստամեանի:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց հրատարակչատան անձնակազմէն Իզաբէլ Տիարբի:

Առաջին խօսք առնողը եղաւ Համազգայինի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ իր փորձառութենէն մեկնած՝ անդրադարձաւ Արցախէն բռնի տեղահանութեան դաժան պատկերին: Ապա նշեց, որ սոյն շնորհանդէսը եւ արցախցի գեղանկարիչներու ցուցահանդէսը կը կատարւի յատկապէս այս օրերուն, երբ արցախեան մեր մշակոյթն ու պատմութիւնը խեղաթիւրելու ազերիական նկրտումները եւ պետական բարձր կազմակերպւածութեամբ իրագործւող յարձակումները նոր թափ ստացած են: Անդրադառնալով հատորներուն՝ ան ըսաւ, որ «Արցախ անաւարտ պատերազմ» հատորը 44-օրեայ հերոսական պատերազմի թոհուբոհը, Արցախի ահաւոր շրջափակումը պատկերող լուսանկարչական պատումն է՝ արցախցի արհեստավարժ լուսանկարիչ Դաւիթ Ղահրամանեակի ոսպնեակէն դիտւած: «Արցախ վտանգւած ժառանգութիւն» պատկերագիրքի առաջին հատորը Համազգայինի 2023-ի հրատարակութիւնն է՝ համագործակցութեամբ վաղամեռիկ Սամուէլ Կարապետեանի հիմնադրած «Հայկական ճարտարապետութիւնն ուսումնասիրող հիմնադրամ»-ին, հեղինակութեամբ Րաֆֆի Քորթոշեանի, իսկ 2025-ին, երբ արդէն Արցախը հայաթափ եղած էր, հրամայական նկատւեցաւ հրատարակել «Արցախ վտանգւած ժառանգութիւն» երկրորդ հատորը, ուր տեղ գտան մինչ այդ հայոց վերահսկողութեան տակ գտնւող մշակութային հոյակերտ ժառանգութեան նմուշներ, նաեւ՝ նորակառոյց բազմաթիւ եկեղեցիներ ու յուշարձաններ:

Զաքար Քէշիշեան հաստատեց, որ իր տեսակին մէջ եզակի այս երկհատորեակը պատկերազարդ ու մասնագիտական ցուցակագրումն է այս հարստութիւններուն, որոնց գոյութիւնը վտանգւած է ներկայիս, աւելցնելով, որ հատորներու հրատարակութենէն ետք արդէն իսկ կազմաքանդւած են մեծաթիւ կոթողներ, կառոյցներ, իսկ ոմանք ենթակայ են խեղաթիւրման:

Ան տեղեկացուց, որ շուտով լոյս կը տեսնէ նաեւ չորրորդ պատկերագիրքը՝ «Բիձրանանք Շուշի» (Բարձրանանք Շուշի), շուշեցի արհեստավարժ լուսանկարիչ եւ բեմադրիչ Վլադիմիր Գէորգեանի լուսանկարներով:

Իր խօսքը եզրափակելով՝ Զաքար Քեշիշեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք տարբեր ձեւերով իրենց ներդրումը ունեցան նման կարեւոր հրատարակութիւններու լոյս ընծայման, որովհետեւ հատորները խորքին մէջ վաւերագրումներ են: (ստորեւ՝խօսքին ամբողջութիւնը):

Խօսք առաւ եւ հատորներուն արժէքին մասին խօսեցաւ նաեւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեան, որ նշեց, թէ մինչ դարաշրջանի մը մէջ, երբ պատմութիւնը կրնայ ջնջուիլ, եկեղեցի մը կրնայ ակնթարթի մէջ քանդւիլ, եւ ուրացւիլ անոր գոյութիւնը, երբ ամբողջ ժողովուրդ մը կրնայ տեղահան ըլլալ եւ աշխարհին ըսւիլ, թէ անոնք հոն երբեք չեն ապրած, տպագիր գիրքը կու գայ անոնց մասին կենդանի վկայ դառնալու եւ կը մնայ որպէս զօրեղ ապացոյց Արցախի գոյութեան:

Սրբազանը հաստատեց, որ սոյն նկարչութիւններն ու հրատարակւած գիրքերը շատ աւելին են, քան՝ լոկ թուղթ ու մելան, անոնք այն հողին ձայնն են, զոր աշխարհն այսօր կը փորձէ լռեցնել: Ան նշեց, որ այս հատորները կը վկայեն երեք անհերքելի ճշմարտութիւններու մասին՝ մեր դարաւոր պատմութեան, թէ Արցախի բնիկ ժողովուրդը հայն է, մեր մշակոյթի եւ դարաւոր կրօնական ժառանգութեան եւ մեր արդար Դատին մասին:

Մակար արք. Աշգարեան շեշտեց, որ այս տպագիր գիրքերը մեր մշակոյթի ապահովագրութիւնն են մշակութային ցեղասպանութեան դէմ, աւելցնելով, որ անոնք կը փաստեն Արցախի ժողովուրդի ազատ կամքը: Ան ըսաւ, որ մեր արդար Դատը կանտեսուի եւ աշխուժ կերպով կը կեղծւի Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի կողմէ, որոնք այս նպատակով միլիառներ կը ծախսեն, կեղծ գիրքեր կը տպեն, պատմութիւնը վերստին կը գրեն: «Անոնց իւրաքանչիւր տպած կեղծ գիրքի դիմաց մենք պէտք է ներկայացնենք տասը իրական գիրք, անոնց Արցախի մասին ըսած իւրաքանչիւր սուտի դիմաց մենք պէտք է ցոյց տանք էջ մը, որ տպւած է աւելի քան հարիւր տարի առաջ, երբ անոնք որպէս պետութիւն տակաւին գոյութիւն չունէին», ըսաւ սրբազան հայրը եւ եզրափակելով իր խօսքը՝ հաստատեց, որ Արցախը կորսւած չէ, այլ կապրի, քանի դեռ անոր վկան կապրի, եւ քանի դեռ այս գիրքերը եւ ասոնց նմանները կան ու կապրին մեր դարակներուն վրայ, գրադարաններուն եւ մեր ձեռքերուն մէջ: (ստորեւ՝խօսքին ամբողջութիւնը):

Գեղարւեստական յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցիչ Կասիա Լեւոնեան եւ սրինգի վրայ ուսանող Նաթալի Առաքելեան՝ երաժշտական կատարումով:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորներու եւ նկարներու վաճառք:

Related Articles

Back to top button