Սփիւռք

«Որպէսզի արմատները պահենք»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

Հայուն պատմութիւնը տարածւած է քիչ մը ամէն տեղ: Այս տարածւած վիճակին մէջ հայը կերտած է մշակոյթ եւ քաղաքակրթութիւն: Այս  ակներեւ է, երբ կը հանդիպիս հայկական իրականութիւններու, որոնք ունին երկար ժամանակներու վրայ տեւած պատմութիւն: Այս պատմութեան մէկ խօսուն իրականութիւնը Կրետէի (Յունաստան) հայերն են:

Կրետէ, 21-26 օգոստոսի 2024:

Կրետէ կղզին կը գտնւի Միջերկրական ծովուն արեւելեան կողմը եւ Եգէական ծովուն հարաւը: Հայերու ներկայութիւնը Կրետէի մէջ աւելի քան հազար տարւան պատմութիւն ունի: 11-րդ դարէն սկսեալ արդէն հայեր ապրած են Հերակլիոնի մէջ: Այս փոքրաթիւ հայկական գաղութը չբաւարարւեցաւ միայն անձնական կեանքեր կառուցելով, այլ նաեւ տեսաւ հաւաքական կեանքի կարեւորութիւնը: Այս հաւաքական կեանքի այսօրւան մէկ լաւագոյն խօսուն եւ ապրող իրականութիւնը Ս. Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին է, որ հիմնւած է 1669 թւականին, եւ որ մինչեւ այսօր տակաւին կը վկայէ:

Եւ վկայութի՞ւնը:

Եզնիկ արք. Պետրոսեան լծւած է տենդագին աշխատանքի՝  վերակազմակերպելու եւ վերաշխուժացնելու եկեղեցին եւ համայնքը, երեւի մօտաւորապէս հազար հայորդիներով: Եթէ անոնց մեծ մասը կապրի Հերակլիոն, բայց նաեւ տարածւած են կղզիին այլ քաղաքներուն մէջ: «Գաղութին մէջ ունինք հայեր, որոնք հոս ծնած են, բայց կան նաեւ Հայաստանէն հաստատւած հայորդիներ»,- ըսաւ Սրբազան Հայրը: «Ինծի համար բոլորն ալ հայ են, եւ ես իրենց հայրն եմ: Երբեք թոյլ պիտի չտամ, որ տարբերութիւններ դրւին իրարու միջեւ»,- վստահեցուց Սրբազանը:

Եզնիկ Սրբազանին հետ զրուցեցինք գաղութի հայապահպանման գործընթացին մասին: Սրբազանը լաւատես է, ինչ որ ուժ եւ նոր տեսիլք կը սրսկէ գաղութի կազմակերպչական աշխատանքներուն մէջ: «Մեր ժողովուրդին զաւակները կը հաւատան, որ եթէ եկեղեցիին կողքին են, ուրեմն հայ են»,- ըսաւ ան:

Կրետէի մէջ ազգային ուրիշ կառոյց չկայ՝ բացի հայկական եկեղեցիէն: Տարիներ շարունակ Հայ եկեղեցիին ունեցած պատմական ներկայութիւնը եւ անոր անհրաժեշտութիւնը դարձեալ կը շեշտւի՝ այս անգամ Կրետէի մէջ: Հայ եկեղեցին հայուն հոգեւոր եւ ազգային ինքնութեան պահպանման կարեւոր հիմքն է: Իսկ Կրետէի համար միակն է:

Աննա Թանթուշեան ծնած է Լոռի, Հայաստան: 1998 թւականին եկած է Կրետէ: Աննան ունի երկու զաւակներ: Եթէ 26 տարիէ ի վեր ան ձգած է իր հայրենի տունը, բայց իր սրտին մէջ ամուր կը սեղմէ Հայաստանի կարօտը: «Պանդխտութեան ճանապարհով եկայ Կրետէ,- ըսաւ Աննա: –  Հայրենիքի մէջ ստեղծւած դժւար օրերու պայմանները ստիպեցին, որ ձգեմ իմ տունս եւ հողս»:

Աննայի համար կան երեք սրբութիւններ՝ հաւատքը, լեզուն եւ հայրենասիրութիւնը: «Անհրաժեշտ է, որ արմատները պահենք»,- ըսաւ Աննա: Ան իր զաւակները հայ մեծցուցած է եւ շաբաթ օրերը իր տան մէջ հայ մանուկներուն համար կը կազմակերպէ հայերէնի դասընթաց՝ անվճար: Աննան կը հաւատայ, որ «արմատները պէտք է պահել»: Ան հաւատքէն անցած է գործնական աշխատանքի եւ կուզէ, որ հայ մանուկները Կրետէի մէջ նոյնպէս պահեն իրենց արմատները:

Ժիրայր Պալըգճեան եկեղեցիին սարկաւագն է: Ան 97 տարեկան է: Ամէն կիրակի իր ամբողջ ուժով իր պարտականութիւնը կը կատարէ մեծ սիրով եւ նւիրւածութեամբ: «Ինը տարեկանին եկեղեցի մտայ եւ մինչեւ այսօր տակաւին հոս եմ: Հիմա 97 տարեկան եմ,- ըսաւ Ժիրայր: – Արմատներս հայկական են: Արմատները որքան որ ջրես, այդքան կը մեծնան»: Ժիրայրին դէմքին վրայ եթէ մէկ կողմէ կար ժպիտ, բայց կար նաեւ հաւատք, որ ինծի հետ բաժնեց այդ օր:

Սանդի Աւետիսեանը եկեղեցիին Թաղական խորհուրդի գանձապահն է: Աշխուժ ներկայութիւն է գաղութին մէջ: Սանդիի հօրենական մեծ ծնողքը եկած են Զմիւռնիայէն՝ Ցեղասպանութենէն առաջ: Անոնք հիմնած են իրենց սեփական կօշիկի վաճառատունը՝ 1900 թւականին: Իրենց երկար տարիներու նւիրական աշխատանքին համար Աւետիսեանները պարգեւատրւած են պետական մրցանակով:

«Մեծ հարստութիւն է հայ ըլլալը,- ըսաւ Սանդի: – Բայց նոյնքան պարտաւորութիւն է հայ ըլլալը, որովհետեւ կապրինք Յունաստան եւ պէտք է հաւասարակշռենք մեր յունական եւ հայկական իրականութիւնները»: Սանդիին ամուսինը յոյն է: Բայց իր տղայ զաւկին անունը դրած է Յովհաննէս: Այս Սանդիին հարստութիւնն է, որ կը կիսէ հայուն եւ յոյնին հետ: «Հայերէնը տունը եւ եկեղեցիին մէջ սորվեցայ,- ըսաւ Սանդի: – Եկեղեցին մեր տունը, դպրոցը եւ մեր ինքնութիւնն է: Երբ եկեղեցիին դռները բաց են, ժողովուրդը կը խանդավառւի»:

«Հայկական դպրոց չեմ գացած,- խօսողը Յովսէփ Պալըգճեանն է, որ արդէն թեւակոխած է 90 տարիքը: – Հայերէն խօսիլ, գրել եւ կարդալ սորվեցայ եկեղեցիին միջոցով»: Յովսէփին դէմքին վրայ գծւեցաւ փոքր ժպիտ մը, որ կարտայայտէր իր գոհունակութիւնը Հայ եկեղեցիին նկատմամբ: Յովսէփ փաստաբան է մասնագիտութեամբ: Ան աւելի քան 40 տարի եղած է եկեղեցիին Թաղական խորհուրդին ատենապետը:  «Երեք տարեկան էի, երբ սկսայ եկեղեցի գալ եւ մոմ բռնել»: Եթէ այսօր Յովսէփ մոմ չի բռներ, բայց տակաւին հաստատ քայլերով կը յաճախէ եկեղեցի: Եթէ կը յաճախէ եկեղեցի, որովհետեւ, եւ ինչպէս որ ինք կըսէ, «Հայութիւնը կը սիրեմ եւ պատիւ կը զգամ, որ հայ եմ: Ես կուզեմ օգնել իմ ժողովուրդիս»:

Թագուհի Պագըրճեանը Հերակլիոն ծնած է: Ան ֆրանսերէնի ուսուցչուհի է: Թագուհին լծւած է Կրետէի հայ գաղութի արխիւներու ուսումնասիրութեան: «Թուրքական արխիւներն ալ կուսումնասիրեմ, քանի հոն հայերու մասին շատ տեղեկութիւններ կան»,- ըսաւ Թագուհի: Թագուհին ալ կապրի հայուն ցաւը՝ Ցեղասպանութիւնը: Այս ցաւը Թագուհին կը մղէ, որ աւելիով խօսի հայուն մշակութային եւ գրական ժառանգութեան մասին: «Կուզեմ, որ յոյները աւելի ճանչնան հայուն մշակութային մեծ հարստութիւնը»,- ըսաւ Թագուհին:

Վիթալի Տէր Գրիգորեան կապրի Կրետէի Խանիա քաղաքը, որ Հերակլիոնէն աւելի քան երկու ժամ հեռու է: Ան իր հինգ զաւակներով եկած էր Հերակլիոն՝ պատարագին ներկայ ըլլալու համար՝ Աստւածամօր Վերափոխման տօնին: Վիթալիի մեծ ծնողքը եղած են Արցախէն: Վիթալի ծնած է Գերմանիա, ուրկէ անցած է Ղազախստան եւ 2017-ին հասած է Կրետէ:

«Հպարտ հայ եմ, անկախ անկէ որ հայերէն չեմ գիտեր»,- ըսաւ Վիթալի: Վիթալին կապրի հայուն Ցեղասպանութիւնը եւ անոր ցաւը: Ան իր սրտին վրայ կը շալկէ նաեւ Արցախի ցաւը: Եւ ինչպէս չշալկէ Արցախի ցաւը, երբ իր արմատները հոնկէ են: Վերջապէս, ինչպէս որ ինք ըսաւ. «Ես հարիւր առ հարիւր հայ եմ»:

Անտոնիս Պենարտիսը ծնած է Աթէնք: Բայց իր կեանքի սէրը, որ պիտի դառնար իր կողակիցը, զինք բերած է Հերակլիոն, եւ ան բնակութիւն հաստատած է այս գեղեցիկ քաղաքին մէջ: Անտոնիսի հայրը յոյն է, իսկ մայրը՝ հայ: Մօրենական մեծ ծնողքը եկած են Զմիւռնիայէն եւ անցած են Ցեղասպանութեան ահաւոր փորձառութեան մէջէն: Անտոնիս կը պատմէ իր ընտանեկան պատմութիւնը, եւ ես կը տեսնէի իր դէմքի արտայայտութիւններէն, թէ որքա՛ն ցաւ շալկած է ան: Չուշացաւ Անտոնիսի պատմութեան խրախուսիչ մասը. «Ես մեծցայ մեծ մայրիկիս հետ, եւ ան ինծի սորվեցուց ըսել՝ «Հայ եմ ես, հայ եմ ես, քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»»:

Անտոնիս այսօր կը կենայ իբրեւ «քաջ Վարդանի» հայը: Ան ամուսնացած է հայուհիի մը հետ եւ ունի երկու զաւակ: Անտոնիս այսօր ստանձնած է եկեղեցիին Թաղական խորհուրդի ատենապետութիւնը եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ, որպէսզի վերաշխուժացնէ հայկական գաղութը:

Կրետէ նստած՝ կը դիտեմ, բայց նաեւ կը մտածեմ: Սփիւռքի մէջ որքա՛ն պայքար կայ: Պայքար՝ «պահելու համար արմատները»: Այս պայքարին մէջ կան զոհողութիւններ, ու տակաւին՝ ջանք եւ նւիրում: Նւիրում՝ մեր ինքնութեան եւ արմատներուն: Նւիրում՝ մեր պատմութեան եւ անոր արժանահաւատութեան: Նւիրում՝ մեր եկեղեցիին եւ ազգային կառոյցներուն: Նւիրում՝ հայրենիքին եւ անոր սատարումին:

Դարձեալ Աննան. «Ցեղասպանութիւնը մեր պատմութիւնն է: Մոռնալը անկարելի է: Պիտի յիշենք մեր ցաւով լեցուն պատմութիւնը, որպէսզի աւելի ուժեղ ապրինք»:

Յովսէփն է նորէն. «Հայերը մեծ ժողովուրդ են, բայց Հայաստանը պզտիկ է: Պիտի պահենք հայութիւնը եւ Հայաստանը, որպէսզի հռոմէացիներուն վախճանը չունենանք: Հայութիւնը՝ մեր արմատները, պիտի պահենք»:

Մեր արմատները պիտի պահենք: Հայաստան, սփիւռք եւ ամէն տեղ: Ուր որ հայ կայ:

Աննային արմատները: Կրետէի, իմ եւ համայն հայութեան արմատները:

Պիտի պահենք:

Նիկոսիա, 29 օգոստոսի 2024

Related Articles

Back to top button