Դաշնակցական Բեմ

Բառնիէ. Լուծո՞ւմ, թէ՞ հանգոյցի բարդացում

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Միշէլ Բառնիէի՝ Ֆրանսայի վարչապետ նշանակումը արդեօք քաղաքական-տնտեսական երկարաշունչ տագնապի մը բանալի՞ն պիտի հանդիսանայ, թէ ամիսներ առաջ թել առ թել կուտակւած հանգոյցը նոր բարդութիւններու պիտի տանի: Ահաւասիկ հարցումներ, որոնք լայնածիր բանավէճի եւ անհատնում մեկնաբանութիւններու գանձարկղը բացած են ո՛չ միայն Ֆրանսայի մէջ, այլ նաեւ՝ աշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:

Բառնիէի նշանակումը առաջին ակնարկով անմիջական լուծում մը կը բերէ այն անելին, որ ստեղծւած էր աւելի քան 50 օր առաջ, երբ խորհրդարանական ոչ-վճռորոշ ընտրութիւններէն ետք, վարչապետ Աթալ հրաժարական տւաւ եւ հրապարակը բացւեցաւ խորհրդակցութիւններու առջեւ, ճշտելու համար յաջորդ վարչապետը: Խորհրդարանական ընտրութիւնները աւարտած էին ուշագրաւ անակնկալներով: Առաջին հանգրւանին, աջակողմեանները, Մարին Լը Փենի գլխաւորութեամբ, եւ օգտագործելով Եւրոպական խորհրդարանին մէջ կարճ ատեն առաջ իրենց ձեռք բերած առաւելութիւնը, ապահոված էին բացայայտ առաւելութիւն: Սա հաւասարապէս զօրաշարժի ենթարկած էր «կեդրոն» խաղացող նախագահ Մակրոնն ու համախոհները, ինչպէս նաեւ ձախակողմեան կուսակցութիւնները: Երկրորդ հանգրւանին, զօրաշարժը ստեղծած էր անակնկալը, ձախակողմեանները ապահոված էին առաւելագոյն թիւով աթոռներ, երկրորդ դիրքին տարած՝ նախագահին  խմբակցութիւնը, իսկ Լը Փենի արագավազները ժամանման գիծ հասած էին իբրեւ բրոնզեայ մեդալակիր (չմոռնանք, որ կարճ ատեն ետք տեղի պիտի ունենային Փարիզի ողիմպիականները եւ իրական մեդալներու բաշխումը):

Օրին, մեկնաբանութիւններուն շարքին հնչած էր այն տեսակէտը, թէ կանխահաս ընտրութիւններու քայլին դիմելով՝ Մակրոն բախտախաղի մտած է եւ կորսնցուցած: Այդ օրերուն, Լը Փենի արձանագրած արդիւնքներն էին, որ առաւելաբար մտահոգած էին նախագահն ու ընկերակիցները, որովհետեւ Լը Փեն նախագահական ընտրութիւններուն գլխաւոր մրցակիցն էր ու անոր յաւակնութիւնները նահանջ չեն արձանագրած, ընդհակառակն՝ նոր թեւեր առած են:

Եւ ահա, Մակրոն երկրորդ անակնկալի մը դիմաց կը դնէ ժողովուրդն ու քաղաքական շրջանակները՝ աջ թէ ձախ խմբաւորումները: Ան վարչապետ կը նշանակէ ընտրութիւններուն չորրորդ դիրքը շահած Բառնիէն, բացայայտ դարձնելով, որ իր նախընտրութիւնը կ’երթայ գործակցելու աջակողմեաններուն հետ, անգամ մը եւս հեռու կանգնելով Ձախէն:

Որպէսզի պատկերը աւելի յստակ ըլլայ, աւելորդ չէ արձանագրել խորհրդարանական աթոռներուն ներկայ պատկերը (գումարը՝ 577 աթոռ).

  • Ձախակողմեան ուժերու խմբաւորումը (ընկերվարականներ, կանաչներ, համայնավարներ եւ ծայրայեղ ձախ) ունի 180 աթոռ:
  • Մակրոնի շուրջ խմբւածներ՝ 163 աթոռ:
  • Լը Փենի համախոհները՝ 143 աթոռ:
  • Բառնիէի Հանրապետական կուսակցութեան խմբաւորումը՝ 66 աթոռ:
  • Անհատներ՝ 13 աթոռ:
  • Այլ ձախակողմեաններ՝ 12 աթոռ:

ԱՐՁԱԳԱՆԳՆԵՐ

Նոր վարչապետին նշանակումը (ան ուրբաթ, 6 սեպտեմբերին ստանձնեց Օթէլ Մաթինիոնի՝ վարչապետարանի բանալիները) բազմագոյն արձագանգներ ստեղծեց նախ՝ Ֆրանսայի քաղաքական բեմին վրայ, ապա նաեւ միջազգային շրջանակներու մէջ: Աւելի՛ հետաքրքրականը՝ ներքին ճակատներն էին:

Ձախակողմեան խմբաւորումը, որ ապահոված էր առաւելագոյն աթոռները, բուռն քննադատութեան ենթարկեց նախագահը, նշելով, որ ան այս խմբակէն գողցած է երկիրը կառավարելու իրաւունքը: Տրամաբանութիւնը կըսէ, որ նախապատւութիւնը կը տրւի առաւելագոյն թիւով աթոռ ունեցողին՝ կազմելու նոր կառավարութիւնը: Մակրոն մեղադրւեցաւ նաեւ կեղծ ժողովրդավարութիւն խաղալու յանցանքով, որովհետեւ տարածւած «բոյրը» կը նշանակէ, թէ ան սեղանին տակէն ձեռք երկարած է իր գլխաւոր մրցակիցին՝ Լը Փենի: Յիշեալ երեք խմբաւորումներուն հետ, Մակրոն Բառնիէի համար ապահոված կըլլայ 372 աթոռ: Հոս, սակայն, կը բացւի բախտախնդրութեան նոր արարը, որովհետեւ Լը Փեն յաջորդ կառավարութեան անվերապահօրէն քւէ տալու խոստում չունի, այլ, մեկնաբաններու մեծամասնութեան կարծիքով, ան հիմա նստած է «թագաւոր կարգելու» աթոռին վրայ եւ յայտնապէս պիտի փորձէ իր պայմանները պարտադրել թէ՛ նախագահի եւ թէ՛ նշանակեալ վարչապետին, այլապէս, Բառնիէի կազմելիք կառավարութիւնը պիտի տապալի շուտով, եւ ճիշտ պիտի ըլլան այն մեկնաբանութիւնները, թէ Մակրոն այս քալին դիմած է ժամանակ շահելու համար:

Եւրոպական եւ այլ արձագանգները ընդհանրապէս դրական էին: Պէտք չէ մոռնալ, որ Բառնիէ երկար փորձառութիւն ունի Եւրոպական խորհուրդի բեմին վրայ, գլխաւոր վարիչն  էր Եւրոպական շուկայէն Բրիտանիոյ հեռացման բանակցութիւններուն:

ԽՈՍՏՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՍՏԻՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Իր անդրանիկ յայտարարութեան մէջ, Բառնիէ հրապարակ եկաւ ականջահաճոյ խոստումներով: Եթէ Մակրոն յոյս ունի, որ ան պիտի կարենայ համախոհութիւն ստեղծել սուր կերպով հակադրւած ուժերուն միջեւ (կրկնենք, բաւական մեծ հարցականներ կան հոն), ինք՝ նշանակեալ վարչապետը խոստացաւ դարմանել ժողովուրդին «զայրոյթ պատճառող» տագնապները: Ան ընդունեց, որ ժողովուրդը կը տառապի, լքւած կը զգայ, անարդարութիւն կայ (եւ այլն): Առաջին անկնարկով, ասոնք ընդհանրութիւններ են, մեկնաբաններ անոնց մէջ շօշափելի բան չտեսան, միաժամանակ յիշեցուցին, որ Ֆրանսայի եւ իր ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապները բազմագոյն են, շատ աւելի՝ քան ծիածանին երիզները: Կան ապրուստի սղութիւնը, ընկերային բազմայարկ հարցեր, որոնց շարքին՝ հանգստեան կոչումի տարիքի բարձրացումը, որուն կողմնակից է Բառնիէ): Ընդդիմադիրները արդէն կը սպառնան վերադառնալ հրապարակային բողոքի քայլերու, որոնք մերթ ընդ մերթ անդամալուծած են քաղաքներ եւ ծանր ցնցումներ պատճառած՝ երկրին:

Ներքին կեանքը յուզող այս ու նման բազում տագնապներուն դիմաց, Բառնիէ, նոր կառավարութեան մը կազմութեան մէջ յաջողելու պարագային, լուրջ մարտահրաւէր-պահանջ մը կը դիմագրաւէ Եւրոպայէն: Եւրոպացիք կը պահանջեն, որ Ֆրանսա շատ մօտիկ ապագային կտրուկ կրճատումներու ենթարկէ հանրային ծրագիրներու տրամադրւած բիւտջէն (մինչեւ 30 միլիարդ եւրոյի կրճատումի պահանջ), ինչ որ Ֆրանսան պիտի դնէ տնտեսական, հետեւաբար նաեւ ընկերային աւելի՛ եւս ծանրացող ճնշումներու տակ:

Այս ու նման հարցականներու մթնոլորտին մէջ է որ Բառնիէ պիտի փորձէ կազմել կառավարութիւն մը եւ յուսալ, որ ապահովէ անոր վստահութեան քւէն: Թէ ինչպէ՞ս, կը մնայ սպասել, տեսնելու՝ թէ Մակրոն ի՞նչ ձեւով անոր պիտի փոխանցէ կախարդական այն գլխարկը, որուն մէջէն նապաստակներ դուրս կը ցատկեն:

«ԼՈՒՌ» ԿԷՏԵՐ

Ֆրանսայի քաղաքական կեանքը իրողապէս անդամալուծած եւ տարիներէ ի վեր անլոյծ թողւած տագնապներուն շարքին կամ բազմաթիւ գիծեր, որոնց մասին շատ չի խօսւիր «փոխանցման» այս փուլին, անոնց մասին լռութիւն կը պահւի: Նշանակեալ վարչապետի յայտարարութիւններն ալ առաւելաբար ներքին դժւարութիւններու կակնարկէին: Մամուլին աչքին, յայտնապէս շատ աւելի հետաքրքրական են այն, որ Աթալ Ֆրանսայի Հինգերորդ հանրապետութեան (եւ ընդհանրապէս) ամենէն երիտասարդ վարչապետն էր, ունի սեռային այլանդակ հակումներ, իսկ Բառնիէ ամենէն տարեցն է, ունի կառավարական եւ եւրոպական բեմերու վրայ լայն փորձառութիւն, հետեւորդն է Դը Կոլի (ինչ որ մնացած է դը-կոլականութենէն) եւ իրողապէս դուրս կը քաշւի հանգստեան կոչումի վիճակէն:

«Լուռ» հարցերու ցանկն ալ բաւական երկար է. կանգ առնենք մէկ քանի ուշագրաւներուն առջեւ:

Լայն քննարկումի նիւթ չէ, թէ նախագահը ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս ձախակողմեան խմբաւորումէն «գողցաւ» վարչապետութիւնը ունենալու իրաւունքը: Եթէ հոն բացայայտ է Մակրոնի եւ յիշեալ կողմերուն միջեւ լուռ ու բացայայտ գործակցութիւնը (միշտ ալ հարցականները կը պահուին), «լուռ» է այն երեսը, թէ մեծամասնութիւն ունեցողները ինչո՞ւ չկրցան ստեղծել կառավարական իրե՛նց համախոհութեան ենթահողը: Աղաղակող չէ, բայց նաեւ գաղտնիք ալ չէ, որ Մակրոնի եւ Լը Փենի հակադրւողները (խօսքը անձերու մասին չէ, այլ անոնց հետապնդած վնասարար եւ հաւանական վնասաբեր ծրագիրներուն մասին է) ունին այլօրինակ հակադրութիւններ, մրցակցութիւններ, որոնք ահա մեծ չափով կը փոշիացնեն իրենց ձեռք բերած առաւելութիւնները: Մինչդեռ, այս փուլին, անոնց ընելիքը՝ որոշ տարակարծութիւններ եւ հակամարտութիւններ մեկդի դնելն էր եւ ընդհանրական սպառնալիքներուն առաջքը առնելը…

Նախագահին եւ քաղաքական շրջանակներու միջեւ խորհրդակցութեանց՝ վերջին շաբաթներու փուլին, հիմա նաեւ Բառնիէի ձեռնարկելիք քաղաքական բանակցութիւններուն, ընդհանրապէս չի խօսւիր, այլ լուսանցքի վրայ նետւած է Ուկրաինոյ պատերազմը: Մակրոն, որ ամիսներ առաջ թեւերը սոթտած էր ու պատրաստակամութիւն յայտնած՝ զինւորներ ղրկելու պատերազմող երկիրը, այս փուլին կարծէք թէ մոռցած է այդ ախորժակը:

Վարագոյրի ետին նետւած են նաեւ այն հարցերը (խորքին մէջ՝ հարցերու հարցը), որոնք կը բխին Ֆրանսայի (եւ առհասարակ Եւրոպայի) վրայ ամերիկեան ճնշումներէն: Մասնաւորաբար Ուկրաինոյ պատերազմին պայթումէն ասդին, աւելի՛ յաճախակի կը դառնան այն հարցումները, թէ Ֆրանսա – եւ եւրոպական այլ երկիրներ – որքա՞ն ինքնիշխան ու գերիշխան են, մինչդեռ իրականութիւնները ցոյց կու տան, որ ամերիկեան (խորքին մէջ Ամերիկայի անունով դիմակաւորւած ուժերու) միջամտութիւններն ու պարտադրանքները ստեղծած են աւելի՛ քան կախեալի վիճակ: Ժողովուրդը գիտէ, իր մորթին վրայ կը զգայ այդ բոլորը (սղութիւն, օտարներու «ներածում» եւ այլն), գիտէ նաեւ, որ որքա՛ն սուղ կը վճարէ այդ բոլորին համար, եւ սակայն, մատնւած է անկարողութեան, անելի, որ շատ ալ կապ չունի քաղաքական հոսանքներուն ստեղծւած անելին հետ: Փաստօրէն, իշխանութեան որեւէ յաւակնորդ չի խոստանար կոտրել իրողական ստրկութեան շղթան, համարձակիլ մտածե՛լ իսկ, թէ Ֆրանսա պէտք է կասեցնէ դէպի Ուկրաինա, Իսրայէլ եւ այլուր՝ իր տնտեսութեան արիւնահոսութիւնը: Անշուշտ կան նաեւ «մանրուքներ», որովհետեւ Ֆրանսա նաեւ դաշնակիցներէ անուղղակի ճնշումներու – եւ հանգոյցներու – դէմ յանդիման կը գտնէ ինքզինք, երբ յանկարծ Ադրբեջան մը (չես գիտեր թէ որո՞ւն դրդումով…) հարցեր կը ստեղծէ, օրինակի համար՝ «Հայաստանը կը զինես» մեղադրանքով ու դիւանագիտական մասնակի խզում ցուցադրող քայլերով…

Շուտով յայտնի պիտի ըլլայ, թէ Մակրոնի այս աճպարարութիւնն ու լարախաղացութիւնը ի՞նչ արդիւնքի պիտի յանգին: Նախանշանները յուսատու չեն, սակայն քաղաքական կեանքը հարուստ է ամէնէն այլանդակ անակնկալներով: Իսկ եթէ Բառնիէի փորձը չյաջողի, հաւանական է, որ Ֆրանսա դարձեալ մատնւի «անվարչապետ» վիճակի: Բայց անկէ ի՞նչ վնաս: Լիբանան շուտով պիտի տօնէ «աննախագահ վիճակի» (քանի՛երորդ անգամ ըլլալով) առաջին տարեդարձը:

Related Articles

Back to top button