Սփիւռք
Հերքում. Սիրիահայ սկաուտական թէ այլ միութիւններու գործունէութիւնը չէ արգիլւած Սիրիոյ տարածքին

Վերջերս, անպատասխանատու անհատներ անծանօթ ըլլալով լրագրական բարոյագիտութեան, սուրիահայութեան զգայուն վիճակը շահագործելով կեղծ լուրեր շրջանառութեան մէջ կը դնեն՝ յայտնելով թէ Սիրիոյ տարածքին արգիլւած է հայկական այլազան միութիւններու գործունէութիւնը։
Կը հաստատենք, որ Սիրիոյ տարածքին սիրիահայ միութիւններու գործունէութիւնը չէ արգիլւած։
Կը յորդորենք սիրիահայութեան առնչւող լուրերուն իրազեկ դառնալու համար հետեւիլ հիմնականօրէն «Գանձասար»-ին, որպէս հաւաստի աղբիւր եւ անստոյգ լուրեր չտարածել։
«Գանձասար»