Սփիւռք

Այցելութիւն՝ Հանրապետութեան Միւֆթի Շէյխ Տըրիանի

Հայկական երեսփոխանական պլոքը այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Աբդելլաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ ունեցաւ 45 վայրկեան տեւած հանդիպում մը:

Արծարծւեցան լիբանանեան բեմը յուզող հարցերը եւ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները Միջին Արեւելքի ընդհանուր շրջագիծին մէջ, յատկապէս իսրայէլեան հետզհետէ աւելի սաստկացող ախորժակներուն լոյսին տակ:

Նախեւառաջ, հանրապետութեան միւֆթին նշեց, որ սիւննի եւ հայ համայնքները լաւագոյն օրինակներն են չափաւորութեան, միատեղ ու համերաշխ ապրելու եւ պետականութեան հասկացողութեամբ գործելու: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի տագնապալի այս կացութեան մէջ, անհրաժեշտ է պետականութեան վերականգնումին ու իբրեւ առաջին քայլ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը:

Ապա անդրադարձ կատարւեցաւ Սիրիոյ մէջ կատարւող փոփոխութեանց, ուր շէյխ Տըրիան անհրաժեշտ նկատեց հեռանալ ծայրայեղական կեցւածքներէ եւ արագ ու անմիջական եզրակացութիւններէ՝ շեշտելով, որ ժամանակի ընթացքին հարցերը կը յստականան, հասնելու համար ժողովուրդին կամքը իրաւամբ արտայայտող հասարակարգի ստեղծման: Ան աւելցուց, որ Իսրայէլի կողմէ Գազայի, Լիբանանի եւ այժմ Սիրիոյ վրայ կատարած յարձակումներուն ետին թաքնւած են մութ ծրագիրներ, որոնց դէմ կենալու միակ միջոցը հաւաքական ուժեղացումն է եւ կամքի մէկութիւնը:

Ան հետաքրքրւեցաւ նաեւ Սիրիոյ հայութեան իրավիճակով՝ ընդգծելով, որ ինչպէս Լիբանանի, նոյնպէս Սիրիոյ հայերը կը ներկայանան իբրեւ հայրենիքի եւ պետութեան գաղափարի պաշտպաններ:

Երեսփոխան Բագրատունի բաժնելով հանրապետութեան միւֆթիին կարծիքները հաստատեց, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքն ու Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը տեւաբար չափաւորականութեամբ, զգօնութեամբ եւ խոհական ձեւով կը մօտենան հարցերուն, կը ձգտին երկխօսութեան ճամբով լուծել խնդիրները, հեռու մնալ ծայրայեղ եւ վնասակար կեցւածքներէ: Սկզբունքներ, որոնք կը նպաստեն երկրի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեանց պահպանման եւ Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծի ամրացման ու գոյատեւման:

Հանդիպումի աւարտին, Բագրատունի հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարեց Տար Ֆաթւայի մէջ ներկայ լրագրողներուն.

«Պատիւը ունեցանք հանրապետութեան միւֆթիին հետ հանդիպում ունենալու Տար Ֆաթւայի մէջ, այս կեդրոնը, որ մշտապէս հիմնասիւնը եղած է լիբանանեան համակեցութեան, չափաւորականութեան, երկխօսութեան եւ լայնախոհութեան: Հանրապետութեան միւֆթիին հետ մեր արծարծած ամենէն կարեւոր նիւթը անկասկած լիբանանեան կացութիւնն էր, մասնաւորաբար 9 յունւարի 2025-ին հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը եւ այդ թւականը չյետաձգելը, որովհետեւ համբերութիւնը սահման ունի: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ յաւելեալ ձգձգում, որովհետեւ մենք կը կորսնցնենք պետութիւնը, կը կորսնցնենք Լիբանանը: Կան բազմաթիւ իրադարձութիւններ Լիբանանի մէջ, թէ անոր շրջակայքը, եւ մենք առանց հանրապետութեան նախագահի չենք կրնար դիմակայել դժւարութիւնները եւ յաւուր պատշաճի վարւիլ այս իրադարձութիւններուն հետ:

«Այս գծով մեր կարծիքները համահունչ էին հանրապետութեան միւֆթիի կարծիքներուն, որովհետեւ ներկայիս կարեւորագոյն հարցը պետական հաստատութիւններու աշխատանքին կանոնաւորումն է, սկսելով հանրապետութեան նախագահութենէն մինչեւ մնացեալ իշխանութիւնները, դատական իշխանութիւնը, ինչպէս նաեւ այլազան պետական հիմնարկները, մանաւանդ երկրին դիմագրաւած ներկայ քաղաքական, ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային պայմաններուն մէջ:

«Կարծիքները իրարու կը համապատասխանէին նաեւ թիւ 1701 որոշումի եւ անոր բոլոր կէտերուն գործադրութեան գծով: Իսկ ինչ կը վերաբերի սիրիական հարցին, գոյութիւն ունին մեծ փոփոխութիւններ: Կը մաղթենք, որ Սիրիան վերադառնայ իր պատմութեան եւ արաբական խոր արժէքներուն: Կը մաղթենք նաեւ, որ յարգւին սիրիացի եղբայրական ժողովուրդի ընտրանքները եւ ուղղւածութիւնը, ինչպէս նաեւ Սիրիան վերստին դառնայ միացեալ, ապահով եւ արդար: Կը յուսանք, որ փոփոխութիւնները յանգեցնեն մնայուն կայունութեան՝ մարդկայնական արժէքներուն, մարդկային իրաւանց, հանրային ազատութիւններուն, արտայայտութեան եւ կարծիքի ազատութեան նկատմամբ յարգանքով»:

Բագրատունի եզրափակեց. «Աւարտին կուզենք շեշտել կարեւոր կէտ մը, այդ ալ պետութեան հասկացութիւնն է: Պետութիւնը քաղաքացիներուն միակ ապաւէնն է այսպիսի կացութեան եւ պայմաններու մէջ: Պէտք է ամրապնդենք երկիրը ներքնապէս եւ նւազեցնենք Լիբանանի վրայ արտաքին ազդեցութիւնները, ըլլան անոնք շրջակայ երկիրներէն թէ աշխարհէն: Պէտք է վերադառնանք պետութեան, բանականութեան, ներքին միասնականութեան եւ պետութեան զինւորական հաստատութիւններուն ու իշխանութեան շուրջ համախմբումին»:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button