ԴԱՏԱՊԱՐՏԱԳԻՐ
Շաբաթ՝ 1 փետրւար 2025-ին բացայայտւեցաւ ահաւոր ոճիր մը, երբ գտնւեցաւ Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեանի դիակը, որուն վրայ կերեւէին տանջանքի հետքերը` գազանային սպանութենէն առաջ: Մենք խստիւ կը դատապարտենք այս անարգ ոճիրը եւ մեր խորին ցաւակցութիւնը կը յայտնենք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, վախճանեալ հայր սուրբի ընտանեկան պարագաներուն, հարազատներուն եւ սիրելիներուն:
Պատկան կողմերուն կոչ կուղղենք իրենց պարտականութիւնը կատարելու վճռականութեամբ եւ արագօրէն կակնկալենք, որ ապահովական կառոյցները փութան բացայայտելու այս ահաւոր ոճիրին ծալքերն ու մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ ձերբակալեն ոճրագործները, որպէսզի իրենց արժանի պատիժը ստանան դատական իշխանութենէն: Անհրաժեշտ է, որ արդարադատութիւնը իր արագ հունին մէջ մտնէ, որովհետեւ ամէն պարագայի անընդունելի է, որ լիբանանցիին ապահովութիւնը եւ Լիբանանի մէջ քաղաքացիական խաղաղութիւնը պատանդ մնան անսանձ ոճրագործութեան, որ չի վախնար պատիժէ եւ կանտեսէ իշխանութիւն ու օրէնք:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ