Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնն ահազանգում է սիրիահայերին սպառնացող վտանգի մասին

«ԱԼԻՔ» – Երուսաղէմի հայոց պատրիարքութիւնը ահազանգել է Սիրիայի քրիստոնէական համայնքներին, յատկապէս սիրիահայերին սպառնացող վտանգի մասին ու միջազգային հանրութեանը կոչ է արել պաշտպանութեան տակ առնել նրանց։
Յայտարարութիւնում նշւած է․
«Երբ ականատես կըլլանք Սիւրիոյ մէջ շարունակւող խժդժութեանց եւ աւերիչ հակամարտութեանց, մեր սիրտերը կը լեցւին խոր վշտով եւ մտահագութեամբ՝ բոլոր տառապողներուն համար։ Մասնաւորապէս մեզի կը յուզէ մեր Հայ քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու ծանր վիճակը, որոնք սերունդներ շարունակ ապրած են այդ հողին վրայ, ուր ապաստանած են 1915 թւականի սարսափելի Հայոց Ցեղասպանութենէ ետք։ Սիրիան եղած է վերապրածներու եւ անոնց ժառանգներու տունը, որոնց ներկայութիւնը հոն քրիստոնեայ հայի տոկունութեան եւ հաւատքի վկայութիւնն է։
Այսօր, Սիրիոյ մէջ գտնւող բոլոր քրիստոնեայ համայնքներու անվտանգութիւնն ու ապահովութիւնը դարձեալ վտանգւած է բռնութեան եւ քաոսի պատճառով, որը ցաւալիօրէն կը պատուհասէ տարածաշրջանը։ Մենք մեր բողոքի ձայնը կը բարձրացնենք ոչ միայն բոլոր անմեղ կեանքերու պաշտպանութեան, այլ յատկապէս այն հայերու համար, որոնք 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւն տեսած ժողովուրդի կենդանի վկաներն են։ Անոնք պարզապէս էթնիկ խումբ մը կամ հաւատացեալներու համայնք մը չեն, անոնք գոյատեւումի, հաստատակամութեան եւ արժանապատւութեան համար շարունակւող պայքարի սուրբ վկաներն են՝ ի դէմս ցեղասպանական հալածանքներու։
Սիրիոյ մէջ գտնւող հայերը, որոնցմէ շատեր կը բնակին Հալէպի, Դամասկոսի եւ այլ քաղաքներու մէջ, արդէն շատ դիմակայած են։ Անոնք վերակառուցած են իրենց կեանքը ցեղասպանութենէ ետք, ստեղծած են կենսունակ համայնքներ եւ առատօրէն նպաստած են Սիրիոյ ընկերային, մշակութային եւ հոգեւոր կառուցւածքին։ Բայց եւ այնպէս անոնք այժմ կանգնած են իրենց կեանքին եւ ժառանգութեան սպառնացող վտանգի առջեւ։ Անոնց եկեղեցիները, դպրոցները եւ տուները յայտնւած են շարունակւող քաղաքացիական պատերազմի կրակի տակ եւ դարձեալ տեղահանումի վախ կայ։
Կոչ կընենք միջազգային հանրութեան, պետութիւններուն, կրօնական կազմակերպութիւններուն, մարդասիրական մարմիններուն եւ անհատներուն, անյապաղ իրենց ուշադրութիւնը կենտրոնացնել ՍԻՐԻՈՅ ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ պաշտպանութեան եւ պահպանման վրայ։ Այս համայնքները պարզապէս ազգային փոքրամասնութիւններ չեն, այլ Մերձաւոր Արեւելեքի մէջ քրիստոնէական ներկայութեան կենսական մասն են․ ներկայութիւն մը, որ գոյատեւած է դարեր շարունակ։ Սիրիոյ մեր քրիստոնեայ եղբայրներու եւ քոյրերու անվտանգութիւնը պէտք չէ անտեսւի կամ դիտարկւի որպէս երկրորդական խնդիր տարածաշրջանի քաղաքական տեղաշարժերու ֆոնին։
Թող Աստւած օրհնէ հայ ժողովուրդը եւ Սիրիոյ բոլոր քրիստոնեայ համայնքները, եւ թող անոր ողորմութիւնը խաղաղութիւն եւ պաշտպանութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք կը տառապին Սիրիոյ մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս։ Կաղօթենք այն օրւան համար, երբ փոքրամասնութիւն կազմող բոլոր քրիստոնեաները, անկախ իրենց դաւանանքէն, կը կարողանան ապրել իրենց համայնքներու մէջ ներդաշնակ եւ ապահով՝ առանց կրօնական հալածանքներու»։