Սփիւռք

Վիեննայի մէջ կատարւեցաւ «Համազգային»-ի Եւրոպայի Ուսանողական հաւաքը (Իւթլինքս)

«Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան կազմակերպած Եւրոպայի ուսանողական հաւաքը տեղի ունեցաւ 2-4 մայիս 2025-ին: Աշխարհի զանազան կողմերէն 20 երիտասարդ ուսանողներ հաւաքւեցան Վիեննայի մէջ եւ եռօրեայ աշխատանոցներու ու պտոյտներու ընդմէջէն ծանօթացան իրարու, լսեցին հայ մշակոյթի զանազան բնագաւառներու մասին դասախօսութիւններ եւ ունեցան աշխատանոցներ: Անոնք նաեւ այցելեցին Վիեննայի հայ գաղութի զանազան կենտրոններն ու տեսարժան վայրերը:

Հաւաքին բացումը կատարւեցաւ ուրբաթ, 2 մայիս 2025-ին: Հաւաքի պատասխանատու Արա Բարսեղեան բարի գալուստ մաղթեց ուսանողներուն եւ բացատրութիւններ տւաւ եռօրեայ ծրագիրի ու հաւաքին վերաբերող իրադարձութիւններուն մասին: Ապա հաւաքի Վիեննայի կազմակերպական աշխատանքներու պատասխանատու (ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի շրջանի վարչութեան անդամ) Յակոբ Սահակեան գործնական ցուցմունքներ տւաւ մասնակիցներուն:

Խօսք առաւ «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան Բէյրութի գրասենեակի պատասխանատու Արին Գալուստեան եւ հակիրճ ակնարկով ներկայացուց Համազգայինի զանազան ծրագիրները` յատկապէս, երիտասարդական, պատանեկան եւ մանկական ծրագիրներն ու նախաձեռնութիւնները:

Նոյն օրը Շաղիկ Շատոյեան ներկայացուց Վիեննայի հայկական գաղութի ստեղծման պատմութիւնը, որմէ ետք մասնակիցները այցելեցին Սուրբ Հռիփսիմէ եկեղեցի, ինչպէս նաեւ եկեղեցիին բակին մէջ զետեղւած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը:

Մելանի Գլըճեան հեռակապով միացաւ եւ խօսեցաւ «փոտքասթ»-ի ծրագիրին պատրաստութեան մասին: Ապա 4 խումբերու բաժնւած մասնակիցները սկսան զանազան նիւթերու մասին «փոտքասթ»-ի պատրաստութեան աշխատանքներուն:

Թենի Մաթեան պարի աշխատանոցի ընթացքին բացատրեց հայկական պարի իւրայատկութիւններու, տեսակներու, զանազան շարժումներու եւ տարազներու մասին: Հաւաքին մասնակիցները առիթը ունեցան հագնելու  «Տէրեան մշակութային կենտրոն»-ին կողմէ աւանդական պարային գեղեցիկ տարազներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը պատմէ իր պատմութիւնը: Սենեակը լեցւեցաւ հպարտութեամբ եւ յուզումով, երբ անոնք փորձեցին զանոնք եւ նկարւեցան:

Ապա միասնաբար քանի մը պար սորվեցան ու պարեցին:

ՀՄԸՄ-ի Վիեննայի մեկուսի մասնաճիւղի վարչութեան հիւրասիրութեամբ ճաշը տեղի ունեցաւ ակումբէն ներս:

Երեկոյեան խումբը այցելեց «Time travel Vienna» եւ ծանօթացաւ Վիեննայի պատմութեան:

Երեկոյեան ընթրիքով փակւեցաւ առաջին օրւան յայտագիրը:

Եւրոպայի ուսանողական հաւաքի երկրորդ օրը Սերուժ Յոփսէփեան ներկայացուց հայկական շարժապատկերի մասին հետաքրքրական տեղեկութիւններ: Ան ցուցադրեց զանազան բաժիններ «Նամուսը», «Կտոր մը երկինք» եւ «Նռան գոյնը» ժապաւէններէն եւ խօսեցաւ անոնց իւրայատկութիւններուն մասին:

Վիեննայի քաղաքապետարանի ճաշարանին մէջ` Rathaus Keller, որ իւրայատուկ է իր շքեղութեամբ եւ հարուստ պատմութեամբ, ճաշակելէ ետք Աւստրիոյ խոհանոցի շնիցել ճաշը, խումբը ուղղւեցաւ Ֆրանց Վերֆելի յիշատակին զետեղւած յուշարձանին մօտ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ռազմիկ Թամրազեանին (Հայ աւստրիական մշակութային միութեան հիմնադիր ղեկավար) հետ, որ յուշակոթողի զետեղման մտայղացողն է եւ պետական մակարդակի արտօնութիւն ստանալու հարցը հետապնդողը: Ան ներկայացուց յուշարձանի զետեղման պատմութիւնը:

Ապա խումբը գնումներու եւ շրջապտոյտի առիթ ունեցաւ ու Վիեննայի խաղավայրին մէջ կարուսելի ընդմէջէն երկինքէն կրցան դիտել ամբողջ Վիեննան:

Երեկոյեան ժամերուն յունական To Ellinkon ճաշարանին մէջ հայկական տոհմիկ ջերմ մթնոլորին մէջ շարունակւեցաւ ուրախ մթնոլորտը մինչեւ ուշ ժամեր:

Իւթլինքսի երրորդ օրը մասնակիցները դիտեցին Սերուժ Յովսէփեանին կողմէ պատրաստւած «Նահապետ» կարճ շարժապատկերը, որ գեղարւեստական եւ խորհրդանշական ոճով կանդրադառնար հայ երիտասարդի մը ներքին պայքարին եւ անոր տալիք բարդ որոշումին, նոր պատահած ցեղասպանութենէ մը ետք:

Ապա Վիեննայի տեսարժան վայրերէ անցնելով եւ ճաշելէ ետք խումբը այցելեց Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցի, կենտրոնն ու թանգարանը, ուր դիմաւորւեցաւ Վահան վրդ. Յովակիմեանին կողմէ, որ ներկայացուց Մխիթարեան կենտրոնի մշակութային արժէքն ու հարստութիւնը: Միաբանութեան կենտրոնը չափազանց մեծ տպաւորութիւն ձգեց մասնակցողներուն վրայ, անոնք հիացմունքով արժեւորեցին կենտրոնին հարստութիւնն ու մշակութային հսկայական ժառանգութիւնը:

«Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան Իւթլինքսի ներկայացուցիչ Յասմիկ Շահինեան Իւթլինքսի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիր մը յանձնեց Վարդան վրդ. Յովակիմեանին, եւ կենտրոնին նւիրւեցաւ «Համազգային»-ի Երեւանի գրասենեակի հրատարակութիւններէն` «Վտանգւած ժառանգութիւն» Ա հատորը:

Դարձեալ հաւաքի յանձնախումբին անունով շնորհակալագիրներ եւ յիշատակելի նւէրներ յանձնւեցան բոլոր դասախօսներուն եւ կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր մասնակից ստացաւ հաստատագիր մը` իր մասնակցութեան համար:

Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ հրաժեշտի ընթրիք:

«Համազգային»-ի Եւրոպայի ուսանողական հաւաքին փակումը կատարւեցաւ կիրակի, 5 մայիս 2025-ին: Վիեննայի մէջ հաւաքւած 20 երիտասարդ ուսանողներ եռօրեայ աշխատանոցներով, մշակութային դասախօսութիւններով տրւած գիտելիքներով, պտոյտներով եւ ընկերային մթնոլոտով յագեցած բաժնւեցան իրարմէ:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button