Սփիւռք

Լոյս է տեսել Արամ Վեհափառի գիրքը

Լոյս է տեսել Արամ Վեհափառի գիրքը, յայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնից.

«Հայ եկեղեցւոյ պատմութեան հոլովոյթը ուսումնասիրած ատեն կը հանդիպինք դէմքերու, որոնց հեղինակաւոր ներկայութիւնն ու դերակատարութիւնը դարաշրջանը կը լեցնեն եւ նոյնիսկ անդին կանցնին: Անզուգական առաքեալներէն մինչեւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, Ներսէս մեծ ու Սահակ Պարթեւ հայրապետներէն եւ հայ գիրի անկրկնելի ճարտարապետ՝ Մեսրոպ Մաշտոցէն մինչեւ Յովհան իմաստասէր Օձնեցի եւ Շնորհալի Ներսէս կաթողիկոսներ, Խրիմեան Հայրիկ ու Խապայեան Սահակ վեհափառներէն մինչեւ մեր օրերուն ապրող ու գործող Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Սրբազնագոյն Կաթողիկոս, անոնք ձեւակերպեցին մեր հաւաքական ինքնութիւնը եւ մարմնաւորեցին մեր իղձերը, երազներն ու իտէալները: Դարերու վկայագրութիւնները՝ վարք, ներբող կամ կենսագրութիւն, անկասկած արդար հպարտութիւն կը պատճառեն մեզի եւ կը հարստացնեն մեր միտքերը, մատենադարանները կամ գրադարանները:

Ա՛յս գիտակցութեամբ եւ ըմբռնումով կը նայինք մեր պատմութեան, եւ ուրախութիւնը ունինք մեր ժողովուրդին ներկայացնել ծննդոցը նոր հրատարակութեան մը՝ «Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, Տարեգրութիւն եւ Կենսամատենագիտութիւն, Հատոր Ա., (1947-1995)», որ մէկ կողմէ ձօնւած է Արամ Վեհափառի հայրապետական 30-ամեայ առաքելութեան, միւս կողմէ, աղբիւրագիտական հսկայ հիմքի վրայ, կը նախապատրաստէ հայ եկեղեցւոյ Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին վերջին 50 տարիներու համազգային առաքելութեան պատմութեան մշակումին:

Վեհափառ Հայրապետին 30-ամեակին ընդառաջ, տարբեր մտածումներու եւ բազում ծրագիրներու շրջագիծին մէջ, 2024-ին՝ օգոստոս ամսու սկիզբը, Պիքֆայա, Սուրբ Աստւածածին Վանքի հայրապետական հովոցին մէջ Ն. Ս. Օծութեան հանդիպեցայ եւ ներկայացուցի սոյն աշխատասիրութեան պատկերացումը, նպատակը եւ իրագործման միջոցները: Վեհափառը, իրեն յատուկ ոճով եւ փորձառութեամբ, առաջարկեց քանի մը օր խորհիլ եւ իր ցուցմունքները տալ, ինչ որ ալ կատարւեցաւ եւ անցանք աշխատանքի: Երեւանի մէջ, տարբեր անձնաւորութեանց կենսամատենագիտութիւններ պատրաստւած են, հետեւաբար, հոն պէտք էր գտնել մասնագէտը: Օգոստոս ամսու վերջը հանդիպեցայ Ազգային Ակադեմիայի Հիմնարար Գրադարանի նորանշանակ տնօրէն Մայա Գրիգորեանին, որ նման աշխատանքի փորձ ունէր՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի 20 ամեակին պատրաստւած հատորով: Քննարկումներ, պատկերացումներ, աշխատակիցներ, ժամանակամիջոց, մէկ խօսքով նախապատրաստական աշխատանքները աւարտեցինք նոյն տարւան Հոկտեմբեր ամսուն: Բնականաբար տարիներու, նիւթի անհաւատալի հսկայածաւալութեան, սփիւռքեան ողջ մամուլը եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մամուլի էջերը աստիճանաբար կը յորդէին Արամ Վեհափառի մասին տարաբնոյթ գրութիւններով:

Վեհափառը յաճախակի կերպով ո՛չ միայն իրազեկւեցաւ, այլ էական խնդիրներուն տւաւ համապատասխան լուծումներ: Աշխատանքային մեր խումբը երկու տեսակ էր: Հիմնական դերակատարներ. պատասխանատու խմբագիր՝ Շահան արք. Սարգսեան («Կիլիկիա» Մատենադարան, Անթիլիաս), մատենագիտական խմբագիր՝ Մայա Գրիգորեան, կազմողներ՝ Գոհար Սարգսեան եւ Անուշ Մակարեան (Հիմնարար Գրադարան, Երեւան), Սօսի Սագայեան («Կիլիկիա» Մատենադարան, Անթիլիաս): Աջակցող կամ օժանդակող անձեր, հայ մամուլի կենտրոններ եւ հաստատութիւններ (Լիբանան եւ Պոլսոյ պատրիարքութիւն): Հաւաքական աշխատանքով արձանագրւած նիւթերը եւ տարիներու վրայ երկարաձգւող կեանքի մը պատմութիւնը, պարտաւորեցնող տրամաբանութեամբ, ծրագիրը վերջնական կերպով բաժնեցին երեք հատորներու, պարփակւած չորս գիրքերու մէջ: Ա. հատորը 1947-էն 1995: Բ. հատորի առաջին գիրքը՝ 30-ամեայ գահակալութեան առաջին 15 տարիները (1995-2010): Բ. հատորի երկրորդ գիրքը՝ գահակալութեան յաջորդ 15 տարիները (2011-2025): Վերջապէս՝ Գ. հատորը, ուր ընդգրկւած պիտի ըլլան օտարալեզու նիւթերը: Այս կոթողական հատորներու առաջինին հրատարակութեան մեկենասութիւնը ազնւօրէն ստանձնեց տիկին Սրբուհի Մսրլեան, իր սիրեցեալ ծնողաց՝ Նահապետի եւ Կիւլիզարի անթառամ յիշատակին: Յաջորդող հատորները մշակման ընթացքին մէջ են: Նախատեսւած է, որ Բ. հատորի Ա. եւ Բ. գիրքերը լոյս ընծայւին ներկայ տարւան մինչեւ Դեկտեմբեր ամիսը: Վերջին հատորը՝ 2027-ի ընթացքին: Գեղատիպ ու բարձրորակ հրատարակութիւնը կատարւած է Երեւան, «Զանգակ» հրատարակչատան մէջ:

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Կենսամատենագիտութիւնը Վեհափառ Հօր տնօրինումով պիտի նւիրւին հոգեւոր-ազգային պաշտօնական անձնաւորութեանց, աշխարհասփիւռ հայկական կենտրոններուն եւ յատկապէս գրադարաններուն, որպէս հանդիսադրում անսակարկ նւիրումին ու ծառայութեան անզուգական Հայրապետին եւ ի վայելումն հայ եկեղեցւոյ, հայ պատմութեան եւ Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի պատմական երթը ուսումնասիրող մտաւորականութեան:

Այս առթիւ, նախ կը շնորհաւորենք Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան յիսնամեայ փայլուն առաքելութեան համար, մաղթելով արեւշատ բազում տարիներ: Ապա՝ գիրքի պատրաստութեան ու հրատարակութեան նպաստող բոլոր սպասաւորները:

Գիրքի խորքին մօտէն ծանօթ դարձնելու նպատակով կը կցենք բովանդակութեան համառօտ ցանկը:

ՇԱՀԱՆ ԱՐՔ. ՍԱՐԳՍԵԱՆ

(«Կիլիկիա» Մատենադարանի տնօրէն)

Related Articles

Back to top button