Արամ Ա-ն եւ Հռոմի Պապը քննարկել են Արցախի հայերի վերադարձի իրաւունքը

Երկու հոգեւոր պետերու միջեւ տեղի ունեցած առանձին հանդիպումին յաջորդեց պաշտօնական խօսքերու փոխանակումը՝ Վեհափառ Հայրապետին պատւիրակութեան անդամներուն եւ Վատիկանի ներկայացուցիչներուն ներկայութեան:
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ եկեղեցւոյ ու Վատիկանի միջեւ գոյութիւն ունեցող պատմական յարաբերութեան, որ աւելի լայն ծաւալ ստացած է Կիլիկեան թագաւորութեան շրջանին, 11-րդ դարէն ետք: Այս յարաբերութիւնը աւելի զարգացաւ միջեկեղեցկան շարժումի յառաջացումով եւ իր արտայայտութիւնը գտաւ աստւածաբանական երկխօսութիւններու եւ միջեկեղեցական հանդիպումներու ու գործակցութեանց ճամբով: Արամ Ա Սրբազնագոյն Կաթողիկոս ապա անդրադարձաւ երկու կարեւոր կէտերու.-
ա) Ան իր ջերմ շնորհակալութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման գծով Վատիկանի ցուցաբերած նեցուկին, ինչպէս նաեւ Արցախ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին զօրակցութեան գծով:
բ) Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց Վատիկանի զօրակցութիւնը Լիբանանի գծով՝ յիշեցնելով, թէ Լիբանանը ողջ հայութեան կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ ան եղած է Ցեղասպանութենէն ետք հայ ժողովուրդին վերազարթօնքի կենտրոնը: Հայրապետը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը իբրեւ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան երկիր:
Ապա, շեշտելով միջեկեղեցական յարաբերութեանց յատուկ կարեւորութիւնը՝ Արամ Ա Կաթողիկոս ըսաւ, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը նո՛յն ոգիով ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակէ իր սերտ գործակցութիւնը Վատիկանի եւ ընդհանրապէս կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ:
Լեւոն ԺԴ. Սրբազան քահանայապետը իր պատգամին մէջ դարձեալ անդրադարձաւ յատկապէս կիլիկեան շրջանին հայ եկեղեցւոյ ու կաթոլիկ եկեղեցւոյ յարաբերութեան եւ ապա անոր զարգացման, երբ Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը փոխադրւեցաւ Անթիլիաս, Լիբանան: Այս ծիրէն ներս ան նաեւ ողջունեց Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին կարեւոր դերը միջեկեղեցական շարժումի ծիրէն ներս, յատկապէս Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդին ճամբով եւ կաթոլիկ եկեղեցւոյ հետ գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու առումով: Իր խօսքին մէջ ան նաեւ յիշեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հայրապետը՝ որպէս ախոյեան միջեկեղեցական յարաբերութեանց, եւ Վեհափառ Հայրապետին այցելութեան առիթով, առաջին անգամ ըլլալով յայտարարեց, թէ կաթոլիկ եկեղեցին, Սուրբ Ներսէս Շնորհալի մեծ հայրապետը ներառած է հռոմէական եկեղեցւոյ Յայսմաւուրքին մէջ եւ այսուհետեւ անոր յիշատակութիւնը պիտի կատարւի կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ եւս։ Պապը նաեւ ընդգծեց Լիբանանի կարեւորութիւնը թէ՛ շրջանի քրիստոնէութեան համար եւ թէ՛ քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան իմաստով:
Պաշտօնական խօսքերու փոխանակումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը ներկայացուց պատւիրակութեան անդամ սրբազան հայրերը։ Ապա, տեղի ունեցաւ նւէրներու փոխանակում: Հայրապետը Պապին նւիրեց Բարձրբերդի Աւետարանի կրկնօրինակը, որ պատրաստւած է Կաթողիկոսարանին կողմէ, իսկ Պապը՝ Նիկիոյ Ա Տիեզերական ժողովը ներկայացնող պղինձէ քանդակ:
Յաջորդիւ, Առաքելական Ապարանքի Ուրբանոս Ը. մատրան մէջ (Urban VIII Chapel), Լեւոն ԺԴ. Պապին եւ Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ միացեալ եկեղեցական արարողութիւն մը, որ պատրաստւած էր յատկապէս հայ եկեղեցւոյ ծէսէն առնւած աղօթքներով ու շարականներով:



