ԳաղափարականԹեհրանՍփիւռք

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Միջին Արեւելքի Պատանեկան միութիւնների խորհրդաժողովին

Ապրիլի 12-ից 14-ը, Թեհրանի մէջ, ՀՅԴ Բ.-ի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ գումարւեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու պատանիներու յատուկ խորհրադաժողովը, որուն կը մասնակցէին Հայաստանի, Արցախի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Սիրիոյ եւ Լիբանանի պատանեան միութիւններէն 23 պատանիներ ու վարիչներ, ՀՅԴ Բ.-ի Երիտասարդական խորհուրդէն անդամներ եւ հիւրընկալող շրջանէն ներկայացուցիչներ:

Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները քննարկեցին ազգային ինքնութեան ու արժեհամակարգին, հայրենասիրական ու ազգային դաստիարակութեան, միութենական կեանքի եւ պատանիի տիպարին ու առաքելութեան առնչւած օրակարգեր: Պատանիները իրազեկ դարձան նաեւ անցնող հնգամեակին Արցախի քաղաքական անցուդարձերուն եւ արցախցիներուն հայրենի տուն վերադառնալու անկոտրում կամքին: Պատանիները հաստատեցին, որ Արցախի հարցը փակւած կարելի չէ համարել մինչեւ անոր արդար լուծումը:

Միջին Արեւելքի քաղաքական, ապահովական, հասարակական թէ այլ բազմաբնոյթ կացութիւններու, իրավիճակներու ու մթնոլորտի մէջ հասունցած պատանիները` դրսեւորեցին լրջախոհ կեցւածք եւ որպէս դաշնակցական պատանի իրենց կոչումը արդարացուցին:

Մարդուժի պատրաստութեան շրջագծէն ներս կազմակերպւած այս գործունէութիւնը հիմնականօրէն կը նպատակադրէր պատանիներու ներկազմակերպական տեղեկութիւններու, գիտելիքներու ու հմտութիւններու տարածքը ընդարձակել ընդգրկելով՝ (ա.) տարածաշրջանի ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններուն վերաբերող կազմակերպական քննարկումներ ու սերտողութիւններ, (բ.) ծանօթանալ տարածաշրջանի պատանիներու մտահոգութիւններուն, ազգային ու միութենական հարցերու մօտեցումներուն, մտահորիզոնին եւ հեռանկարներուն, (գ.) նպաստել պատանիներու կազմակերպական փորձառութեան ձեռքբերման եւ տարածաշրջանի պատանեկան միութիւններու ու պատանիներու միջեւ հասարակական յարաբերութիւններու սերտացման:

Խորհրդաժողովը նաեւ կը միտէր խորացնել ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնները մէկ ընտանիքի պատկանելու գաղափարը եւ մեր գաղափարական դաստիարակութիւնը ներթափանցելի դարձնել պատանիներու կրթութեան մէջ, միաժամանակ պատրաստելով ապագայ մարդուժի տուեալներու անձնադարան:

Այս օրերուն, մեր ազգին ու հայրենիքին դիմագրաւած դժւար պայմաններուն մէջ, խորհրդաժողովը պատանիներու ազգային ու հայրենասիրական դաստիարակութեան վերաբերող ծրագիրներ քննարկեց, կենտրոնանալով նորարար, պատանիները հետաքրքրող եւ միաժամանակ ազգային արժէքները գերագոյն արժէքները համարող ու անոնց դրսեւորումը պատանիներու առօրեային մէջ զգալի դարձնող նախագիծերու վրայ:

Նկատառելով, որ նմանօրինակ գործունէութիւններ մեծապէս կը նպաստեն պատանիներու փորձառութեան կրկնապատկման, աշխարհայեացքի ընդլայնման եւ նոր տեսլականներու ձեւաւորման` խորհրդաժողովը կարեւորեց անոնց յաճախակի կազմակերպումը: Քարոզչական բնագաւառի մէջ ժողովը հաստատեց ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու աշխատանքները լուսարձակի ներքեւ պահելը եւ համացանցի ընձեռած հնարաւորութիւններէն օգտւելով յարաբերական ու քարոզչական աշխատանք ծաւալելը: Արցախի պատանեկան միութեան գործունէութեան սատար հանդիսանալու համար խորհրդաժողովը սերտեց եւ առաջարկեց տարածաշրջանային թէ համահայկական նախաձեռնութիւններու տարբերակներ:

Խորհրդաժողովի օրակարգերու քննարկման եղանակը, որ կը յատկանշւէր բծախնդրութեամբ եւ խորքայնութեամբ, ցուցանիշ էր, որ Միջին Արեւելքի ՀՅԴ Պատանեկան միւթիւնները տասնամեակներու ընթացքին իրենց ծաւալած գործունէութեամբ` իրենց հիմնադրութեան թիրախը նւաճած են:

Խորհրդաժողովը հիւրընկալող Թեհրանի կազմակերպական շրջանը իր ցուցաբերած ջերմ մօտեցումով ու ընդունելութեան հարազատութեամբ վերահաստատեց Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու միահամռութիւնը:

Յառաջիկայ ամիսներուն պիտի կազմակերպւի Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու պատանեկան միութիւններու նմանաբնոյթ խորհրդաժողովներ:

ՀՅԴ Բ.-Ի ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button