ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնների պատանիների տարածաշրջանային յատուկ խորհրդաժողովի հիմնական նպատակն էր «Մարդուժի պատրաստութիւնը»
Օրեր առաջ Թեհրանում գումարւեց ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնների պատանիների տարածաշրջանային յատուկ խորհրդաժողով «Պատանիի ինքնութեան կերտումը» խորագրով, որին իրենց մասնացկութիւնն էին բերել Հայաստանի, Արցախի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Սիրիայի եւ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններից 23 պատանիներ եւ վարիչներ, ՀՅԴ Բ.-ի Երիտասարդական խորհրդից անդամներ եւ ներկայացուցիչներ: Առիթը պատեհ համարելով հարցազրոյց ենք ունեցել ՀՅԴ Բ.-ի Երիտասարդական խորհրդի անդամ Մարիա Գաբրիէլեանի հետ, ով անդրադարձաւ խորհրդաժողովի նպատակների մասի:
Նա ընդգծեց. «Նախաձեռնութեան նպատակը ուղղակի պատանիի հետ գործակցութիւնն է: Մօտաւորապէս 6 տարի է, ինչ որ պատանեկան ծրագիրներով կաշխատինք: Մենք միշտ կը հրաւիրենք ընդհանուր Վարիչ մարմիններ, Վարիչ պատասխանատուները, կը լսենք իրենց բայց մենք ուզեցինք պատանուն լսել: Սկզբնապէս առցանց քանի մը գործունէութիւն կազմակերպեցինք, պզտիկ խորհրդաժողով եւ մրցոյթներ եւ տեսանք, որ պատանիները շատ լաւ միտքեր ունին: Պատանիներու աշխարհը մեր աշխարհեն շատ տարբերէ, եւ տեսանք, որ պիտի պատանիի խօսքն ալ լսել: Ուրեմն միտքը կամաց-կամաց բիւրեղացաւ, հասունացաւ եւ մենք որոշեցինք տարածաշրջանային խորհրդաժողով, որովհետեւ եթէ մեծահասակներու համար մտայնութեան տարբերութիւն կայ ուրեմն պատանիներուն համար հաստատ:
Որոշեցինք տարածաշրջանային պատանիներու յատուկ խորհրդաժողով կազմակերպել եւ առաջինը Միջին Արեւելքի: Ուրեմն այս խորհրդաժողովը կազմւեցաւ համագործակցաբար շրջանի մարմնին հետ եւ Միջին Արեւելքի երկրները հրաւիրեցինք, մասնակցեցին Հայաստանը, Արցախը, Սիրիան, Լիբանանը, Թեհրանը, եւ Ջուղան, ու պատանիները մասնակցեցան խորհրդաժողովին: Անշուշտ հրաւիրեցինք պատասխանատու Վարիչ մրամին կամ Վարիչ ընկերներ:
Նիւթերը, որ մենք քննարկեցինք եռօրեայ խորհրդաժողովին ընդհանրապէս պատանիներու գաղափարական դաստիարակութեան մօտեցումներուն, եւ դաստիարակչական ծրագիրներուն կառնչւէր:
Խորհրդաժողովի գլխաւոր նպատակն հետեւեալն է՝ նախ պատանիներու թէ՛ կազմակերպական, եւ թէ՛ գաղափարական փորձառութիւնը, գիտելիքները, հմութիւնները եւ տեղեկութիւնները աւելացնել:
Երկրորդ կարեւոր նպատակը փորձառութիւնների փոխանակումն է պատանիներու միջեւ: Նշեմ, որ իրենք այս տարիքին, որ կը մասնակցին չեն մոռանալ այս յուշերը եւ միշտ պիտի յիշեն Թեհրան իրենց այցելութիւնները եւ յուսամ կը շարունակւի ծրագիրը:
Երրորդ կարեւոր նպատակը հետեւեալն է, որ կուզենք թափանցել այս գաղափարը եւ ընդհանրացնել, որ պատանին մաս կը կազմի մեծ ընտանիքին, որը ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնն է, այսինքն սիրիացի պատանին գիտէ որ ինքը Ջուղայի մէջ ընկեր ունի: Իրապէս պատանիները շատ լաւ մտքեր արտայայտւեցան:
Նշեմ, որ այս ծրագրի լայն նպատակը մարդուժի պատրաստութիւնն է: Մենք, ամէն մէկս պէտք ունիքն մարդուժի, ամէն կառոյցներու մէջ, թէ՛ դաստիարակչական, թէ՛ քարոզչական, եւ թէ՛ կազմակերպչական, հետեւաբար ես կը կարծեմ, որ այս ծրագիրը ինչ որ տեղ կը նպաստէ այս շատ շատ կարեւոր գործին»:
Անդրադառնալով Թեհրանում եւ Ջուղայում իրանահայ պատանիների մօտեցումների մասին, Մարիա Գաբրիէլեանը այսպէս ասաց. «Նախ ըսեմ, որ թէ՛ Թեհրանից, եւ թէ՛ Ջուղայից մասնակցած պատանիները շատ լաւ են իրենց արտայայտած միտքերով եւ ընդհանուր առմամբ պատանիներու մէջ հասունութիւն կայ եւ մենք խորքին մէջ այսքան չէինք ակնկալեր եւ չէինք սպասում, որ պատանիները այսքան լուրջ մօտեցում կունենան խնդիրներուն: Մի խօսքով այսքան տարւայ մեր աշխատանքը իզուր տեղ չէ գացած եւ Թեհրանի ու Ջուղայի պատանիները շատ պատրաստւած պատանիներ են»:
Խօսելով պատանիների մէջ գաղափարական գիտակցութիւնը ամրապնդելու համար հեռակայ շփումները շարունակելու անհրաժեշտութեան մասին Մարիա Գաբրիէլեանը նշեց. «Կորոնավիրուսի օրերից սկսած առցանց հանդիպումները սկսեցան եւ մօտաւորապէս չորս տարի է ինչ նման ծրագիրներ կիրականացնենք, Վարիչներ կը պատրաստենք, վերաորակաւորման դասընթացներ կընենք, մրցոյթներ կընենք: Ինչպէս օրինակ «Պատանի ախոյեան» մրցոյթը կազմակերպեցինք վեց բնագաւառներում, որը շատ յաջող էր, իհարկէ կար մի քանի բնագաւառ որոնց իբր ծանօթ չէին պատանիները՝ ճարտասանութիւն եւ թէզերու ներկայացում եւ չէք պատկերացնել թէ՝ պատանիները մեզ հիացրին եւ այս գաղափարէն ծնաւ մէկ այլ գաղափար՝ ընդհանուր ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու թերթ հրատարակել, որը արդէն ձեւաւորման ընթացքի մէջ է եւ շուտով լոյս կըտեսնէ:
Ես վերջում ցանկանում եմ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել շրջանի Գերագոյն մարմնին, այսքան հեզասահ կազմակերպական գործ կատարելու համար»:
Հարցազրոյցը կազմեց ԿԱՐԻՆԷ ԴԱՒԹԵԱՆԸ