Հ.Մ.Ը.Մ.-ի միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան կազմակերպութեամբ, ուրբաթ, նոյեմբերի 15-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, միութեան միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին բացումը կատարւեցաւ Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնէն, ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի, Արսէն Համբարձումեանի, ՀՅԴ Արցախի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջդիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու։
Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն հասնելով, մասնակիցները ուղղւեցան Եռաբլուրի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցի, ուր դիմաւորւեցան Դադիվանքի վանահայր Յովհաննէս քհնյ. Յովհաննէսեանի կողմէ։
Յովհաննէս Քհնյ. կարճ խօսքով մը յայտնեց, որ Եռաբլուրը նաեւ հերոսաբլուր է։ Այստեղ կը հանգչին հայրենիքին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած հերոսները, որոնց պարտաւոր ենք միշտ յիշել։ Չվախնանք հերոսին հերոս ըսելու, արցախցիին արցախցի ըսելու։ Չվախնանք Արցախը Հայաստան է ըսելու։ Եթէ չըսենք այդ բոլորը, մենք անտեսած կըլլանք մեր հերոսներուն թափած արեան արժէքը։
Շարունակելով, Յովհաննէս քհնյ. ըսաւ. «Միանանք, զօրանանք եւ չհամակերպինք այս իրավիճակին հետ, այլ՝ պայքարինք, որպէսզի հասնինք մեր նպատակին։ Ոտքի կանգնինք եւ դառնանք հպարտ հայեր, ոչ թէ ծնկաչոք հայեր, այլ՝ գլուխը բարձր հպարտ հայեր, որպէսզի աշխարհին ապացուցենք, որ մենք իսկապէս հզօր ազգ ենք։ Եկէք անձերու չվերագրենք Հայաստանը։ Հայաստանը ամբողջութեամբ Հայաստան է։ Հայաստանը մեզմով Հայաստան է եւ մենք պարտաւոր ենք մեր պատիւը, մեր քաջութիւնը փոխանցել գալիք սերունդներուն»։
Քահանայ հօր խօսքին յաջորդեց հոգեհանգստեան աղօթք, որմէ ետք ներկաները դրօշակակիրներու առաջնորդութեամբ ուղղւեցան Եռաբլուրի նահատակաց յուշապատ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կենտրոնական վարչութեան ատենապետը արտասանեց խորհրդաժողովի բացման խօսքը՝ ըսելով. «Երբ Եռաբլուր ենք՝ հայոց աշխարհի սրբագոյն վայրը, պէտք է լուռ մնալ։ Հոս՝ մենք ուխտաւորներս ըսելիք չունինք։ Մենք կրնանք ամփոփւիլ եւ ինքնաքննութիւն ընել, հարց տալով, որ արդեօք մեր նպատակային ուղղութիւնը նո՞յնն է եւ զայն տակաւին միասին կը կտրե՞նք, մենք կենդանի, իսկ իրենք սաւառնող հոգիներ, մեզի հովանի ու պահապան»։
Ապա, հարցումներու շարքը շարունակելով, եղբ. Խաչերեան նշեց. «Հաւատարի՞մ ենք մէկուկէս միլիոն ցեղասպանւած նահատակ ու սրբադասւած մեր զոհերու արեան կանչին։ Պահանջատէ՞ր ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումին։ Եւ դեռ, ազատ, անկախ, միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի իրագործումին հաւատացող ու ձգտող աննահանջ երդւեալներու կամաւոր բանա՞կ ենք»։ Ու եզրակացնելով, ան հաստատեց. «Եթէ հաստատ ենք մեր ուխտին, եւ մեր նպատակը անփոփոխ կը մնայ, աննենգ ենք սերունդներու կանչին, մեկնարկենք խորհրդաժողովը մեր քայլերգին կատարումով»։
Կենտրոնական վարչութեան ատենապետին խօսքին աւարտով ներկաները խմբերգեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Յառաջ նահատակ» քայլերգը։ Ապա, բոլորը լուռ ու յամրաքայլ քայլերով շրջեցան Եռաբլուրի մէջ իրենց յաւիտենական հանգիստը գտած նահատակներու շիրիմներուն շուրջ եւ ծաղիկներ խոնարհեցին Արցախեան առաջին եւ երկրորդ պատերազմներուն զոհ գացած Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու յիշատակին։
Խորհրդաժողովի նիստերուն մեկարկը
Միջդիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի նիստերը ընթացք առին ուրբաթ, նոյեմբերի 15-ի կէսօրին եւ երկարեցան մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, օրակարգի վրայ ունենալով կազմակերպական, սկաուտական, մարզական, ՀՄԸՄ-ի «Արցախ հիմնադրամ»-ի աշխատանքները:
Հանդիպում հայրենի լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ
Միջդիւանական խորհրդաժողովի մասնակիցներու Երեւան ներկայութենէն օգտւելով` ՀՄԸՄ-ի Կենտրոնական վարչութեան հանրային կապերու մարմինը նոյն օրը, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ծանօթացման հանդիպում մը կազմակերպեց հայրենի լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչներու հետ: Հանդիպումին ցուցադրւեցան ՀՄԸՄ-ը եւ անոր հանրային կապերու կառոյցը ծանօթացնող տեսանիւթեր: Հանրային կապերու մարմինին անունով խօսք առաւ Նժդեհ Մկրտիչեան, իսկ Կենտրոնական վարչութեան կողմէ՝ Վիգէն Աւագեան:
Խօսքերուն յաջորդեցին զրոյցներ` հայրենի լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ աշխարհի զանազան երկիրներէն Հայաստան ժամանած ՀՄԸՄ-ական պատասխանատուներուն միջեւ: