Գաղափարական

Հայկական ինքնութեան եւ հայրենի պետականութեան պահպանման օրակարգի շուրջ ձեւաւորել համահայկական զօրաշարժ

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի ելոյթը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 35-րդ Ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումին

Գերաշնորհ Սրբազան Հայրեր, պատւարժան հիւրեր, սիրելի հայրենակիցներ, ընկերներ,

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը կը գումարենք Հայաստանի մէջ տագնապահար հայութեան եւ վտանգւած հայրենիքի այս բախտորոշ օրերուն: Ակնյայտ է, որ աշխարհաքաղաքական, ռազմաքաղաքական եւ ներազգային խորքային վերափոխումներու ներկայ հանգրւանին Հայաստանը եւ ողջ հայութիւնը կանգնած են ճգնաժամի եւ լրջագոյն մարտահրաւէրներու առջեւ։

Արտաքին ճակատի վրայ Հայաստանը յայտնւած է բարդ ու դժւարին կացութեան մէջ, ուր արտաքին ազդակները լարւած են իր դէմ. ամերիկեան նոր նախագահի կողմնորոշումներուն եւ շարք մը երկիրներու ամբոխավարական ղեկավարութիւններու իշխանութեան գալու պատճառաւ սկսած է հիմնայատակ քանդւիլ համաշխարհային համակարգը, միջազգային օրէնքը եւ անհատի ու հաւաքական իրաւունքներու 20-րդ դարու կէսերուն ամրագրւած հասկացողութիւնը:

Թուրքիա եւ Ադրբեջան դարձած են ինքնավստահ, ամբարտաւան եւ ինչպէս միշտ անզիջող մեր նկատմամբ. Ռուսիայ տակաւին կլանւած է Ուկրանական պատերազմով, որ սակայն իր աւարտին կրնայ հասնիլ ուժերու նոր դասաւորումով եւ հնարաւորութիւն ընձեռել Ռուսիոյ իր ուշադրութիւնը կրկին դարձնելու դէպի Հարաւային Կովկաս: Իսկ Իրանը այն իւրայատուկ պետութիւններէն է, որ պատրաստ է գործնականապէս աջակցիլ Հայաստանի գերիշխանութեան եւ հողային ամբողջականութեան ապահովման համար. մէկ խօսքով Հարաւային Կովկասի մէջ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային գերուժերը մեծապէս ակտիւացած են ու մրցակցական հեւքի են դիմած. իրադրութիւն մը, որ մեր հայրենիքը անգամ մը եւս կը դարձնէ միջազգային կռւախնձոր:

Այս արտաքին իրադրութիւնը սակայն ոչ մէկ ձեւով կարդարացնէ ՀՀ իշխանութիւններու քաղաքական եւ ներազգային այն ահաւոր բացթողումները, որոնք համազգային տարողութեամբ գոյութենական ներազգային վտանգներ կը յառաջացնեն եւ կը վտանգեն Հայաստանի լինելիութիւնն անգամ: Որեւէ արտաքին խոչընդոտ հնարաւոր չէ յաղթահարել առանց դիմակայելու ներազգային մարտահրաւէրներուն, որոնք լոկ ներքին խնդիրներ չեն, այլ անոնք վաղուց արտաքին ատաղձ ունին։

Հայութեան եւ Հայաստանի 1990-ականներու յաղթանակները 2020-ի աշունէն ի վեր կը նսեմացւին շարունակական պարտութիւններու եւ զիջումներու շղթայով. Արցախեան պատերազմի արհաւիրքը եւ հայաթափումը, ՀՀ արտաքին ձախող քաղաքականութիւնը եւ ներազգային պառակտումը կը հանդիսանան մեր պատմութեան նորագոյն հնգամեակի ՀՀ իշխանութիւններու աղիտալի ձեռքբերումները:

Վերջին երեսնամեակի յաղթական Հայաստանը այսօր աշխարհին կը ներկայանայ որպէս պարտւած ու իր ազգային էութենէն դատարկւած պետութիւն, որուն իշխանութիւնները պատրաստ են թշնամիին շնորհելու շարունակական միակողմանի զիջումներ:

Արցախը, որ պաշտպանողական դարպասն էր նոյնիքն Հայաստանի Հանրապետութեան, այսօր իր բնիկ ժողովուրդէն դատարկւած՝ զրկւած է պաշտպանելէ մայր հայրենիքի սահմանները, որոնք յարձակումի եւ բռնաբարումի կենթարկւին թուրք-ազերիական ուժերու կողմէ:

Այսօր, հզօր ու ինքնավստահ հայրենիքի փոխարէն, ՀՀ իշխանութիւնները հայ ժողովուրդին կը մատուցանեն գոյութենական սպառնալիքի ենթակայ Հայաստան մը, որու անկախութեան հռչակագիրն ու սահմանադրութիւնը թշնամիին պահանջով թուլամորթաբար փոփոխութեան ենթարկելու աշխատանքին է լծւած Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայ վարչակարգի ղեկավարը։

Եւ փոխանակ համահայկական կարողականութիւնը համախմբելու այս ճգնաժամային օրերուն, Հայաստանի ներկայ վարչակարգը տակաւին լծւած է հայութեան մէջ սեւի ու սպիտակի բաժանարար գիծեր ստեղծելու, բանակի որակին եւ մարտական ոգիին հարւածելու, ՀՀ-ի մէջ ոստիկանական բռնատիրութիւն հաստատելու, Արցախի Հանրապետութիւնը կազմալուծելու, արցախահայութեան իրաւունքները անտեսելու, Հայաստանի մէջ Արցախի հիմնահարցին դէմ քարոզչութիւն ծաւալելու, ժողովուրդին եւ մանաւանդ երիտասարդութեան մօտ քաղքենիացում եւ ազգային առումով անտարբերութիւն սերմանելու, ազգային արժէքները նսեմացնելու, Հայ Դատի համաշխարհային պայքարը թերագնահատելու եւ Սփիւռքի մէջ հաստատւած կառոյցները քայքայելու սեւ գործին: Այս բազմամակարդակ գրոհին համար ՀՀ իշխանութիւնները լայնօրէն ի գործ կը դնէն խորհրդարանական մեծամասնութեան եւ գործադիր իշխանութեան տրամադրութեան տակ գտնւող պետական բոլոր լծակները: Իրենց համար չեն մնացած ազգային սրբութիւն, ազգային գերխնդիր, իսկական ժողովրդավարութեան միտում, արդարութեան ձգտում, այլ միայն ամէն գնով իշխանութիւնը պահելու մտասեւեռում:

Աւելին՝ ներազգային տագնապը յաւելեալ խորացումի տանելով ներկայ վարչախումբի ղեկավարը յաւելեալ պառակտումի սերմեր ցանեց սփիւռքահայ փոքրաթիւ խումբերու հետ Արեւմտեան երկիրներու մէջ կայացած իր հանդիպումներուն ընթացքին. թրքական եւ ազերիական օրակարգին սպասարկող սահմռկեցուցիչ յայտարարութիւններով ան իր սահմանած «իրական» Հայաստանը կրկին հակադրեց Պատմական Հայաստանին, արհամարհեց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համահայկական արշաւը, ոտնահարեց հայկական արժէքներն ու հայութեան անժամանցելի իրաւունքները եւ Հայաստանի փրկութիւնը ներկայացուց բացառաբար Արեւմտեան արեւելումի մէջ անտեսելով տարածաշրջանի ուժերը եւ անոնց հետ համընկնող Հայաստանի շահերը: Ազգային եւ պետական հիմնարար արժէքները ձեւախեղելու, պատմութիւնն ու պատմական իրողութիւնները վերաքննութեան ենթարկելու ճղճիմ փորձերը ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու քաղաքական սնանկութեան վկայութիւնն են եւ թուրք-ադրբեջանական թեզերու քօղարկւած վերարտադրութիւնը։

Ազգակործան անհեթեթութիւն է ազգային եւ պետական գաղափարախօսութիւնները իրար հակադրելը։ Պետութիւնը կը ստեղծւի ազգային գաղափարախօսութիւնը եւ ռազմավարական նպատակադրումները իրականացնելու համար։

Այս բոլորը հայրենի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան մօտ կը յառաջացնէ հիասթափութիւն, յաւելեալ ընկճւածութիւն, նոյնիսկ Հայաստան-Սփիւռք կապերու խզում, ինչ որ անշուշտ անընդունելի երեւոյթ է, բայց նաեւ դժբախտ իրողութիւն:

ՀՅԴ-ն կը մերժէ որեւէ յուսահատութիւն եւ յանձնւողական տրամադրութիւն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ հայութիւնը իր մէջ ունի ուժականութիւնը պարտութիւններէ յաղթանակ կերտելու եւ իր ազգային արժանապատւութիւնը վերականգնելու: Մեզի համար վերջին կորուստները ժամանակաւոր են, 2020-ի աղէտը պարզապէս ճակատամարտի մը պարտութիւն էր եւ Հայաստանի թշնամիներուն դէմ աննկուն պայքարը կը շարունակւի բոլոր ճակատներու վրայ: Այս համոզումով է, որ մենք փարած ենք Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան դատի հետապնդման գործին թէ՛ հայրենի, եւ թէ՛ համաշխարհային մակարդակներով:

Ստեղծւած իրավիճակին մէջ իբրեւ համահայկական ընդգրկում եւ փորձառութիւն ունեցող կազմակերպութիւն ՀՅԴ-ն կանգնած է ներկազմակերպական ամբողջական զօրաշարժի ու արտակարգ պայմաններու մէջ գործելու անհրաժեշտութեան առջեւ։ ՀՅԴ-ն իր առաքելութեանը հաւատարիմ պարտաւոր է առաւելագոյն ջանք գործադրել ճգնաժամը կասեցնելու համար։

Մեր ռազմավարական նպատակներէն բխող այս հանգրւանի հայրենի հիմնական առաջնահերթութիւնները ըստ էութեան հետեւեալներն են՝

1) Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան վերականգնում՝ Անկախութեան հռչակագրի տառին եւ ոգիին համապատասխան,

2) Արցախի ժողովրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքի ապահովում եւ իր սեփական հայրենիքի մէջ ինքնիշխան ու անվտանգ ապրելու իրաւունքը երաշխաւորող պայմաններու ստեղծում։

Առ այդ՝ Հայաստանի պարագային անհրաժեշտ է

ա) Հայկական ինքնութեան եւ հայրենի պետականութեան պահպանման օրակարգի շուրջ ձեւաւորել համահայկական զօրաշարժ:

Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական ժխտողականութեան նպաստելը, Արցախի ժողովրդի էթնիկ զտումները ու հայրենազրկումը անհետեւանք թողնելը՝ գոյութենական ապառնալիք են հայկական ինքնութեանը եւ Հայաստանի գերիշխանութեանը եւ կը վաւերացնէ ուժի միջոցով հարցեր «լուծելու» նախադէպը:

բ) Հայոց բանակի եւ հայրենիքի պաշտպանութեան ու անվտանգութեան համակարգերու հրատապ վերակառուցումը համաժողովրդական մասնակցութեամբ եւ առկայ մարտահրաւէրներու հաշւառումով:

գ) Որդեգրել անվտանգային նոր ճարտարապետութեան ձեւաւորման եւ դիւանագիտական դիրքերու վերականգնման միտող որակապէս այլ բովանդակութիւն ունեցող ինքնավստահ արտաքին քաղաքականութիւն, ինչ որ կենթադրէ ռազմավարական յարաբերութիւններու հաստատում ընդհանուր աշխարհաքաղաքական նպատակներ հետապնդող այն երկիրներու եւ դաշինքներու հետ, որոնց անմիջական շահերէն կը բխի հայկական կենսունակ պետութեան գոյութիւնն ու գոյատեւումը: Այս մօտեցումով՝ դադրեցնել պաշտօնական Երեւանի ռուսատեաց տրամադրութիւններու հրահրումը եւ ամրապնդել Ռուսիոյ հետ ռազմավարական դաշնակցային յարաբերութիւնները փոխադարձ շահերու վրայ հիմնւած. իսկ Իրանի հետ կնքել ռազմաքաղաքական դաշինք եւ սերտ յարաբերութիւններ. Ինչպէս նաեւ՝ զարգացնել տարածաշրջանէն դուրս այլ ուժային կենտրոններու եւ Արեւմուտքի հետ փոխլրացնող յարաբերութիւնները առանց որդեգրելու բացարձակ արեւելում բացառաբար այս կամ այն ուժային կենտրոնին հետ: Պետական ռազմավարութիւնը պարտի փխիլ հայկական արեւելումէ միայն:

դ) նպաստել Հայաստանի մէջ իրաւ ժողովրդավար, արդար ու հաւասարութեան համակարգի վրայ հիմնւած ընկերութեան ստեղծումին՝ հեռու ոստիկանապետական ձգտումներէ եւ օրինախախտումներէ: Անխնայ պայքարիլ ամէն անօրինականութիւններու դէմ: Տալ առաջնահերթութիւն ընկերայ-տնտեսական զարգացման իրաւ հնարաւորութիւններու հաստատման եւ պաշտպանել ժողովրդային ցածր ու միջին խաւի իրաւունքներն ու շահերը:

ե) արդիականացնել արտադրական միջոցները, միջազգային առեւտուրի անխափան ու օրէնքով համակարգւած հնարաւորութիւնը եւ վերացնել իշխանութեան մօտ շրջանակներու առանձնաշնորհեալ եւ նեպոտութեան սանձարձակութիւնները:

Իսկ Արցախի պարագային՝

  • Ապահովել արցախցիներու հնարաւորինս համախումբ բնակեցումը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ. ընկերա-իրաւական արդիւնաւէտ քաղաքականութեամբ կանխել անոնց արտագաղթը.
  • Շարունակել համահայկական օժանդակութիւններն ու ծրագիրները Հայաստանաբնակ Արցախցիներուն կարիքներուն հասնելու համար.
  • Ապահովել Արցախի ժողովրդի ընտրութեամբ ձեւաւորած իշխանութեան մարմիններու, ինչպէս նաեւ գիտական եւ կրթա-մշակութային հաստատութիւններու եւ Արցախի թեմի գործունէութիւնը.
  • Բոլոր հարթակներու մէջ բարձրացնել արցախցիներու հաւաքական վերադարձի իրաւունքը միջանկեալ կարգավիճակով եւ անվտանգութեան միջազգային երաշխիքներով որոնք կապահովէն արցախցիներու անխոչընդոտ ինքնակառավարման իրաւունքը, արժանապատիւ կեանքի հնարաւորութիւնը եւ Հայաստանի հետ անխոչնդոտ կապը.
  • Շարունակել քօղազերծել Արցախի գրաւումին ու հայաթափումին համար Ադրբեջանի կատարած բռնարարքը եւ զայն ճանաչել տալ որպէս ցեղասպանութիւն, բռնի տեղահանման եւ էթնիկ զտման փաստերով։

Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան դատավարական ֆարսը Ադրբեջանի յանցաւոր ռեժիմի հերթական աղաղակող ապօրինութիւնն է եւ հեռայար նպատակներ ունի։ Այդ ղեկավարներն առեւանգելու եւ կեղծ մեղադրանքներով դատավարութիւններ բեմադրելու Ադրբեջանի գործելաոճը չի կրնար անարձագանգ մնալ եւ պէտք է արժանանայ զօրաւոր հակազդեցութեան։ Հայաստանի Հանրապետութեան պատկան մարմիններու պարտականութիւնն է այս ուղղութեամբ գործադրել իրաւական, քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր միջոցները, ինչը ցայսօր չի կատարւիր, այլեւ կը ցուցաբերւի յանցաւոր անգործութիւն։

Իսկ մենք, իբրեւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն, պիտի շարունակէնք հետապնդել Արցախի գերեւարւած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու եւ այլ գերիներու ազատ արձակման խնդիրը համաշխարհային մակարդակով եւ գործադրելով քաղաքական եւ դիւանագիտական բոլոր հնարաւորութիւնները՝ Ադրբեջանի վրայ ճնշումը սաստկացնելու համար։

Իսկ Սփիւռքի պարագային՝

ա) վերացնել ընկճւածութեան, հայրենիքէն օտարացման եւ մեկուսացման ամէն հանգամանք եւ վերակառուցել Հայրենիք-Սփիւռք կապերը. պայքարիլ ՀՀ իշխանութեան Սփիւռքը պառակտելու ամէն փորձի դէմ: Սատարել այն հասկացողութեան, որ Հայաստան եւ Սփիւռք մէկ ամբողջութիւն է:

բ) վերաթարմացնել եւ արդիականացնել Սփիւռքի կառոյցներն ու բարձրացնել կազմակերպւածութիւնը նւիրեալ զանգւածներուն՝ անոնց նոր աւիշ ներարկելով եւ յաւելեալ վճռականութեան մղելով. միաժամանակ պարտինք զգոյշ ըլլալ Սփիւռքը «վերակառուցելու» կամ «վերակազմակերպելու» այն սին կոչերէն, որոնք կը միտին հիմնայատակ քանդել Սփիւռքի ներկայ կառոյցները եւ ասոր կամ անոր շահերուն հպատակեցնելով անձեւ քաոս ու կամակատար հետեւորդներ ստեղծել:

Սփիւռքեան համահայկական թէ տեղական կազմակերպ կառոյցները աւելի քան հարիւրամեակէ մը ի վեր իրենց ունեցած գործունէութեամբ փաստած են հայանւէր ու հայրենանւէր պատրաստակամութիւն. անշուշտ միշտ կարելի է աւելիին ձգտիլ առանց սակայն հիմերը խարխլելու. ինչպէս շարունակաբար հաստատած ենք, յանձնառու Սփիւռքը կարեւորագոյն գրաւականն է հզօր հարենիքի եւ փոխադարձաբար՝ ազգային նկարագրով հայրենի պետութիւնը լաւագոյն երաշխիքն է Սփիւռքի կենսունակութեան եւ հայկական նկարագրի ամրապնդման:

գ) ստեղծել ներգաղթի լուրջ հնարաւորութիւն պետական մակարդակի մանրամասն ծրագիրով եւ համահայկական նեցուկով. այդ ծրագիրը զուտ զգացական ֆոնով պէտք չէ կառուցւի, այլ հիմնւի որոշակի, յստակ նախաձեռնութիւններու եւ իրապաշտ հաշւարկներու վրայ:

դ) ՀՀ իշխանութիւններու կողմէ չխոչընդոտել Հայ Դատի համաշխարհային պայքարը, որ կը նպատակադրէ առաւելութիւններ ձեռք ձգել Հայաստանի համար, պաշպտանել Արցախահայութեան իրաւունքները, շարունակել Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործընթացը եւ հայութեան անժամանցելի իրաւունքներու հետապնդումը, տարբեր երկիրներու մէջ նւիրականացած հայ համայնքներու իրաւունքներու պահպանումն ու խթանումը եւ հայ երիտասարդութեան քաղաքականացումը: Իդէալ պայմաններու մէջ՝ աշխարհով մէկ տարածւած հայկական մեր լաբբիներն ու Հայաստանը պէտք է գործեն համահունչ, ինչ որ շատ հեռու է այսօրւան իրողութենէն:

Սիրելի հայրենակիցներ,

Հակառակ ներքին ու արտաքին դաւադիր ծրագիրներուն, հայութեան արժանապատւութեան եւ լինելիութեան պայքարը պէտք է անխափան շարունակւի: Արդարութեան, արժանապատւութեան եւ հաւասարութեան արժյհամակարգերու վրայ հիմնւած մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը պէտք է հռչակւի ազգային ռազմավարական նպատակ։

Մեզի համար անկախ պետականութիւնը բացարձակ արժէք է: Սեփական հայրենիքի մէջ հայորդիներու ազատ ապրելու եւ ստեղծագործելու հնարաւորութեան ստեղծումը՝ անխախտելի իրաւունք: Իսկ աշխարհասփիւռ հայութիւնը՝ հայրենիքով տոգորւած մէկ ազգ ու մէկ դատ հետապնդող անքակտելի եւ անսակարկելի հաւաքականութիւն է:

Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը պատրաստակամ է համագործակցիլ բոլոր անոնց հետ, որոնք կը կիսէն այս մօտեցումները եւ պատրաստ են պայքարիլ յանուն արժանապատիւ եւ անվտանգ Հայաստանի ու Արցախի:

Արդ՝ անգամ մը եւս կոչ կուղղենք ազգային ուղղւածութիւն ունեցող ուժերուն միաւորելու իրենց ջանքերը՝ ՀՀ ապազգային իշխանութիունները հեռացնելու, հայ ժողովուրդին ու մեր պետականութեանը սպառնացող վտանգները չէզոքացնելու, նոր որակի ազգային իշխանութիւն ձեւաւորելու եւ համահայկական կարողականութեամբ արժանապատիւ, կայուն եւ ուժեղ Հայաստան կերտելու համար:

Միաժամանակ շարունակելու ենք վերաթարմացնել սփիւռքեան կառոյցները, զանօնք դարձնել առաւել նպատակասլաց եւ աշխոյժ, վերացնել Սփիւռքահայութիւնը հայրենիքէն օտարացնելու որեւէ փորձ եւ նպաստել Հայաստան-Սփիւռք կամուրջներու վերահաստատման: Որովհետեւ քաջ կը գիտակցինք, որ յանձնառու Սփիւռքը լաւագոյն գրաւականներէն է հզօր, ապահով եւ զարգացող հայրենիքի:

Շնորհակալութիւն՝

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան

Related Articles

Back to top button