128-ամեակ Խանասորի յաղթական արշաւանքին

Խանասորի արշաւանքը հայ յեղափոխութեան արդարահատոյց բազուկին խորհրդանիշն է: Անիկա նաեւ հայ ազատագրական շարժման եւ ֆեդայական ռազմական արւեստի լաւագոյն եւ ոգեւորիչ դրւագներէն է, որ խանդավառած է հայ ժողովուրդը եւ սարսափ տարածած հայութեան թշնամիներուն մօտ:
Հայ ժողովուրդը համիդեան 1895-1896-ի կոտորածներու եւ քրդական ցեղախումբերու սանձարձակ յարձակումներու ու կեղեքումներու պայմաններուն տակ յուսալքութեան մատնւած էր:
Համիդեան համատարած ջարդերու ժամանակ վանեցիք ինքնապաշտպանութեան դիմեցին: Աւետիսեանի, Մարտիկի եւ Պետոյի գլխաւորութեամբ վանեցի շուրջ 900 երիտասարդներ, 518 հրացաններով 1896 յունիս 3-էն 11 դիմադրեցին Օսմանեան 10 հազարանոց զօրքին: Անոնք յաջողութեամբ ետ մղեցին թուրքերու բոլոր յարձակումները, բայց յետոյ, զէնքի եւ զինամթերքի պակասը ստիպեց զանոնք ընդունելու բրիտանական հիւպատոսին երաշխաւորութիւնը եւ անզէն ճամբայ ելան դէպի Պարսկաստան: Սահմանին մօտ անոնք պաշարւեցան ու կոտորւեցան քրդական Մազրիկ ցեղին կողմէ:
Թիֆլիսի մէջ 1897-ի տարեսկիզբին գումարւած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Շրջանային ժողովը որոշեց, ժողովուրդին ոգին բարձրացնելու եւ թուրքական կառավարութեան ձեռքը լծակ դարձան քուրդերը զգաստացնելու եւ հարիւրաւոր նահատակ երիտասարդներուն վրէժը լուծելու համար հակահարւած տալ եւ պատժական արշաւանք կազմակերպել:
Արշաւանքին շուրջ քննարկումները շարունակւեցան մինչեւ 1897 յունիս: Տարակարծութիւններ կային արշաւանքի նպատակայարմարութեան եւ յաջողութեան հաւանականութեան նկատմամբ: Վարդան, Վազգէն, Իշխան Յովսէփ Արղութեան եւ այլք համաձայն չէին արշաւանքի գաղափարին. անոնք կը նախընտրէին մարտական ուժերը կեդրոնացնել Շատախի ու այլ լեռնային շրջաններու մէջ եւ նոր թափ տալ զինման աշխատանքներուն:
Ատրպատական հաւաքւած էր ֆեդայական շարժման ամբողջ սերունցքը: Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյին կողմէ Թաւրիզ առաքւեցաւ Յարութիւն Շահրիկեան: Նիկոլ Դումանի Մազրիկ ցեղին դէմ պատժական արշաւանք կատարելու գաղափարը հաւանութեան արժանացաւ Բիւրոյի լիազօրին կողմէ:
Արշաւախումբը կազմւեցաւ 253 հոգիէ, որոնց 40-ը` ձիաւոր: Ընդհանուր հրամանատար նշանակւեցաւ Վարդան, օգնական` իշխան Յովսէփ Արղութեան, հարիւրապետներ` Փոխիկ եւ Ախպէր, յիսնապետ` Նիկոլ Դուման, ձիաւոր խումբի հրամանատար` Սեւքարեցի Սաքօ:
Հայ ֆեդայիները Սալմաստի Հաֆթւան գիւղէն ճամբայ ելան եւ Դերիկի վանքին մօտէն թուրք-պարսկական սահմանը հատելով հասան Խանասոր, ուր փռւած էին Մազրիկ ցեղին վրանները:
Յուլիս 25-ի արեւածագէն առաջ հայ ֆեդայիները շրջապատեցին Խանասորի դաշտը եւ շեշտակի համազարկերէ ետք գրոհի անցան: Մազրիկցի տղամարդիկը անխնայ սուրի քաշւեցան: Բայց ֆեդայիները ձեռք չերկարեցին կիներուն եւ մանուկներուն վրայ: Ցեղապետ Շարաֆ բէկ կանացի հագուստներով յաջողեցաւ խոյս տալ: Հայ ֆեդայիները տւին 19 նահատակ:
Խանասորի արշաւանքը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան առաջին ամենէն ծաւալուն ձեռնարկը եղաւ: Արշաւանքը ուժգնօրէն ցնցեց թէ՛ հայկական, թէ՛ քրդական եւ թէ՛ թուրքական շրջանակները: Դարերու ստրկութենէ ետք, անիկա աննախընթաց էր իր տարողութեամբ եւ ազդեցութեամբ: Անոր ձգած տպաւորութիւնը մեծ եղաւ: Հայը հաւատքով եւ հիացումով լեցւեցաւ յեղափոխութեան սուրբ գործին նկատմամբ: Իսկ քուրդ ցեղախումբերը դարձան աւելի շրջահայեաց եւ սկսան յարգանքով վերաբերիլ ջան ֆեդայիներու նկատմամբ:
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Հորիզոն