Գաղափարական

ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու Բիւրոյի ժողովին

ՀՅԴ Երիտասարդականը մասնակցեցաւ Եւրոպայի Երիտասարդ Ընկերվարներու (YES) Բիւրոյի ժողովին, որ տեղի ունեցաւ Բրիւսէլի մէջ՝ Դեկտեմբեր 12-էն 14-ին։ Մեր պատւիրակութիւնը ներկայացուց Արփիար Մելիքճեան, ՀՅԴ Նիդեռլանդներու «Գարեգին Նժդեհ» Երիտասարդական միութեան անդամ։

Ժողովի ընթացքին, մեր ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ քաղաքական ընդդիմութեան գործունէութեան սահմանափակման, ներկայ վարչակարգին կողմէ իրականացւող քաղաքական հետապնդման, ինչպէս նաեւ մեր ընկերներու բանտարկութեան հարցերուն։ Երկրի զեկոյցին մէջ, ան շեշտեց Ադրբեջանի բանտերուն մէջ աբօրինաբար պահուող 23 հայ պատանդներու շարունակւող կալանքը՝ կոչ ուղղելով անոնց անհապաղ եւ անվերապահ ազատ արձակման։

Աւելին, զեկոյցը վերահաստատեց Արցախի բնիկ հայ բնակչութեան իրենց հայրենիք վերադառնալու անժամանցելի իրաւունքը եւ ինքնորոշման իրաւունքը։ Մեր ներկայացուցիչը ընդգծեց Ադրբեջանը պատասխանատւութեան ենթարկելու անհրաժեշտութիւնը՝ 2023 թւականի ցեղային զտման, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բռնագրաււած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան համակարգւած ոչնչացման համար։

ՀՅԴ Երիտասարդականը կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը՝ շարունակելու ըլլալ YES-ի կառուցողական, ներգրաււած եւ գործունեայ լիիրաւ անդամ, համագործակցելով՝ արդարութեան, ժողովրդավարութեան եւ հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, Եւրոպական Միութեան մէջ եւ Եւրոպայի հարեւան տարածաշրջաններուն մէջ։

Մեր երախտագիտութիւնը կը յայտնենք YES-ին՝ ցուցաբերած աջակցութեան եւ կառուցողական Բիւրոյի ժողովին համար, ինչպէս նաեւ շնորհակալ ենք հիւրընկալ կազմակերպութեան՝ JS Belgium-ին, իրենց նւիրւած աշխատանքին համար։

Arfd.am

Related Articles

Back to top button