Ակնարկ. Սահմանադրութիւն եւ ԵԱՀԿ
Ադրբեջանի նախագահը իրարայաջորդ երկու յայտարարութիւններ կատարած է՝ ուղերձ յղելով Երեւանին: Առաջինը այն է, որ Բաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքումը առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան անկարելի է:
Ի դէպ, հայկական կողմը կը յայտնէր, որ Սահմանադրութեան փոփոխութեան հարց չի քննարկւիր խաղաղութեան համաձայնագիրի կէտերու շուրջ ընթացող բանակցութիւններուն ընթացքին: Անուղղակի պատասխանելով այս հրապարակումին, Ադրբեջանի արտաքին գործոց նախարարը կը հաստատէր, որ ճիշտ չէ, որ Հայաստանը Ադրբեջանի սահմանադրութեան որոշ դրոյթներու փոփոխութիւն պահանջէ, մեր համանման պահանջին դիմաց:
Հիմա այս ձեւով Բաքուն կը բացարձակացնէ այդ պահանջը՝ ընդգծելով, որ առանց սահմանադրական փոփոխութեան խաղաղութեան հասնիլը անկարելի է:
Դժւար բացատրելի կը դառնան հետեւաբար այն «լաւատեսական» յայտարարութիւնները, որոնք խաղաղութեան համաձայնութեան մօտալուտ ըլլալուն մասին կը խօսին: Երեւանը, արտաքին գործոց նախարարութեան ճամբով պատրաստակամութիւն կը յայտնէր Ադրբեջանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը յառաջիկայ մէկ ամսւան ընթացքին ամբողջացնելու եւ ստորագրելու:
Ադրբեջանի նախագահին այս բացարձակ մօտեցումէն ետք խիստ տարակուսելի կը դառնայ Երեւանի պատրաստակամութեան առարկայացումը: Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը հաստատեց, որ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին հարցն է եւ թէ Ադրբեջանի նախագահին նման յայտարարութիւնը կասկածի տակ կառնէ խաղաղութեան հասնելու գործընթացը:
Անցնինք երկրորդ միաժամանակ կատարւած յայտարարութեան: Յանկերգը կը կրկնւի: Այս անգամ սակայն որոշ փակագիծեր կը բացւին: Արդէն քանիերորդ անգամն է, որ Բաքուն կը պահանջէ չեղեալ նկատել ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը: Ասիկա միջազգային լիազօրութիւն ունեցող միջնորդական այն խումբն է, որուն գործառոյթը արցախեան հակամարտութեան կարգաւորումն է: Այստեղ երկու երանգային նորութիւն կայ: Ադրբեջանը նախապէս ակնարկութիւն կատարած էր, որ Երեւանն ալ համաձայն ըլլայ այս պահանջին: Հիմա կոչը այն է, որ համատեղ կողմերը դիմեն, որպէսզի լուծարւի Մինսկի խմբակը:
Ադրբեջանական դժգոհութիւնները միջազգային այս խմբակին նկատմամբ ամէն առիթի կը դրսեւորւէին: Յայտարարւածը այն էր, որ այս խմբակը արդիւնաւէտ չաշխատիր, կը ձգձգէ գործընթացը եւ կը սառեցնէ հակամարտութիւնը: Կառարկւէր նաեւ, որ հակամարտութիւնը կօգտագործէ տարածաշրջանին մէջ ազդեցութեան գօտի ստեղծելու նպատակով: Հետզհետէ այդ յայտարարութիւնները կը սլաքաւորւէին դէպի Վաշինգտոնն ու Ֆրանսան:
Այս յայտարարութիւններուն առընթեր, այս անգամ Մոսկւայի ներկայացուցիչը կը յայտարարէր, որ եւրոպացի դիտորդները կաշխատին հարւածել Ռուսիոյ, Ադրբեջանի եւ Իրանի շահերը: Այստեղ շահերու հաւասարեցումը կընդգծւէր երեք պետութիւններու համար: Իրանն ու Ռուսիան տարբեր առիթներու նոյն գիծին վրայ ներկայացւած էին թէ՛ իրանեան, եւ թէ՛ ռուսական պետական շրջանակներու կողմէ: Նորութիւնը այս պարագային Ռուսիոյ կողմէ Ադրբեջանի համալրումն է:
ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակը վերացնելու համար Երեւանին ուղղւած կոչը նոր հիմնաւորում ունի: Ձգձգումին, սառեցումին եւ խուսանաւումներուն վրայ կար լուռ պատճառ մը. ԵԱՀԿ-ի հելսինկեան եզրափակիչ ակտի հիմնադրոյթներէն էր ինքնորոշման իրաւունքը, որ բնականաբար ուղղակի հակադրւած էր Ադրբեջանի մօտեցումներուն: Հիմա Ալիեւը աւելի եւս կը բանայ փակագիծը: Ալիեւի խօսքով՝ եթէ Հայաստանը նախընտրէ Մինսկի խմբակին պահպանումը, ապա այդ կը նշանակէ, որ անոր տարածքային պահանջները՝ Ադրբեջանի նկատմամբ, կը շարունակւին:
Առաջին անգամն է, որ Մինսկի խմբակի պահպանման մէջ Ադրբեջանը տարածքային ամբողջականութեան ընդունման խնդիր կը տեսնէ եւ Սահմանադրութեան փոփոխութեան պահանջին նման Երեւանէն կը պահանջէ միասին դիմել, որպէսզի լուծարւի Մինսկի խմբակը:
ԵԱՀԿ-ը Հայաստանի եւ Ադրբեջանի միջեւ ճանչցած էր 1994-ի հրադադարով սահմանւած իրողական սահմանը: Այդ սահմանի կամ միջազգայնօրէն ընդունւած շփման գիծի շրջանցում է այսօր սահմանազատման համար խորհրդային օրերու քարտէզներուն օգտագործումը:
Երեւանը այս առարկութիւնը կամ այլընտրանքային սահմանային մեկնակէտը անուշադրութեան մատնած է եւ ընդառաջ գացած Ադրբեջանի թելադրած սահմանազատման կանոններուն:
Հիմա աւելի պարզ կը դառնայ, որ ԵԱՀԿ-ին յղում կատարելը Երեւանին կողմէ հրամայական էր եւ կը շարունակէ մնալ:
ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմբակի լուծարումը համազօր է միջազգային ընտանիքին կողմէ արցախեան հակամարտութեան լուծւած ըլլալուն:
ԵԱՀԿ-ի ինքնորոշման հիմնադրոյթին հիման վրայ պէտք է կառուցել Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքը: Ժողովուրդ, որ ենթարկւեցաւ ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ որ ցեղասպանական վտանգի չէզոքացման համար միջնորդական նոր երաշխիքներու պէտք ունի: Երաշխաւորման այդ գործիքակազմի ամենէն հաւանական ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ին կապուած կառոյցը կրնայ ըլլալ:
Ահա թէ ո՛ւր կը տեսնէ Ալիեւը ԵԱՀԿ-ի հովանաւորած կառոյցներու վերագործարկման վտանգը եւ կը պահանջէ լուծարել Մինսկի խմբակը: Պատահական չէ, որ թէ՛ Սահմանադրութեան, եւ թէ՛ ԵԱՀԿ-ին մէջ Ալիեւ տեսնէ Ադրբեջանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնալիք:
ԵԱՀԿ-ին կապւած կառոյցի գոյութեամբ՝
Ա.- Արցախեան հակամարտութիւնը լուծւած չի նկատուիր,
Բ.- Օրակարգ կը վերադարձնէ ինքնորոշման իրաւունքը,
Գ.- Հեռանկար ցոյց կու տայ Արցախի ժողովուրդի վերադարձի իրաւունքի իրականացման համար միջազգային երաշխիքներու գործիքակազմերու առարկայացման:
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը անորոշ ձեւակերպումով արձագանգեց Մինսկի խմբակը լուծարելու դիմումի կոչին, ըսելով, որ պարզապէս խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքումէն ետք պէտք է քննարկել Մինսկի խմբակին լուծարման հարցը:
Այս ուղղութիւնները դժբախտաբար չեն երեւիր Երեւանի մօտ ո՛չ բանակցային գործընթացներուն եւ ո՛չ ալ պաշտօնական յայտարարութիւններուն մէջ:
«Ա.»
«Ազդակ»