ՀՅԴ Մամուլ

Ակնարկ. 3+3-ը՝ Վրաստանի ընտրութիւններէն ետք

Ռուսիոյ դաշնութեան նախագահին այցելութիւնը Բաքու իր քաղաքական շարունակականութիւնը ունի: Այս պարագային հայկական հայեցակէտը կը կենտրոնանայ Մոսկւա-Բաքու առեւտրատնտեսական համագործակցութենէն բացի հայ-ադրբեջանական հանգոյցներուն ուղղութեամբ Մոսկւայի որդեգրած մօտեցումներուն վրայ:

Բնականաբար նշւած ուղղութիւններուն առումով փոխառնչութիւն կայ: Խորապատկերը մեկուսացւող Ռուսիոյ համար Ադրբեջանի ներկայացուցած դերով կը գծագրւի. այդ պատճառով ալ Մոսկւան Բաքւի պահանջներուն հետ հաշւի նստելու հիմնաւորումներ ունի:

Հիւսիս-հարաւի նոր նախագիծեր կը յայտնւին առնչւած կողմերու մամլոյ վերլուծական նիւթերուն մէջ, որոնք կը խօսին Ռուսիոյ Ադրբեջանի միջոցով ապաշրջափակման այլընտրանքներուն մասին: Խօսքը մասնաւորաբար Տոն-Վոլգա գետերուն վրայով ռուսական ուժանիւթի, ցորենի եւ ապրանքատեսակներու Ադրբեջանի մատակարարման մասին է: Աւելի ճիշտը՝ Ադրբեջանի միջոցով վերարտահանման:

Պուտինի Բաքու այցելութեան մեկնաբանութիւնները առաւելաբար նման օրակարգերուն վրայ կենտրոնացած են: Այդ կէտերուն մաս կը կազմեն անշուշտ ռուսական վերահսկողութեամբ Թուրքիա-Նախիջեւան-Հայաստան-Ադրբեջան ցամաքային եւ երկաթուղային ուղիները:

Այս շրջածիրին մէջ պէտք է դիտարկել այդ այցելութեան առիթով Մոսկւայէն եւ Բաքւէն հնչած յայտարարութիւնները առ այն, որ նախկին պայմանաւորւածութիւնները պէտք է յարգւին, եւ թէ Ադրբեջանը համաձայն է ռուսական միջնորդական հարթակին:

Նախկին պայմանաւորւածութիւններու փակագիծերը բացաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը, յայտարարելով, որ եռակողմ համաձայնութիւնները տակաւին ի զօրու են, եւ թէ զանոնք կասկածի տակ դնելու փորձերը չափազանց վտանգաւոր են:

Խօսքը հիմնականին մէջ նոյեմբերեան յայտարարութեան մասին է: Զայն բաղկացնող կէտերէն (ընդամէնը՝ 9) կարելի է արձանագրել, որ ըստ էութեան 8-ը իրողապէս չեղարկւած են: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հրադադար հաստատելու ժամկէտը, Աղտամը Ադրբեջանի վերադարձնելը, շփման գիծի եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով ռուսական զօրքերու տեղակայումը, հայկական ուժերու դուրս բերումը, խաղաղապահներու հնգամեայ ժամկէտը, վերահսկիչ կենտրոնի հաստատումը, Քելբաջարի եւ Լաչինի անցումային կարգավիճակներու ճշտումը, տեղահանւածներու եւ գաղթականներու վերադարձի հետ կապւած ՄԱԿ-ի համապատասխան վերահսկողութեան յանձնառութիւնը բոլո՛րը ժամանակավրէպ եւ գործնապէս օրակարգէ դուրս եկած, չեղարկւած կէտեր են:

Առկախ մնացած է միայն 9-րդ կէտը՝ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը ռուսական վերահսկողութեան ներքեւ:

Պարզ է, որ այստեղ միայն հայկական կողմի անհամաձայնութիւնը չէ: Թեհրանը մէկ անգամ չէ, որ վճռականութիւն յայտնած է Հայաստանի հետ իր սահմանային կարգավիճակի դէմ փոփոխութեան մասին:

Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին յայտարարութիւնը կարեւոր բաղադրիչ ունէր:

Ան խօսած էր իրանեան կողմի մտահոգութիւններուն մասին «Զանգեզուրեան միջանցք»-ին նկատմամբ եւ աւելցուցած, որ պէտք է դիմել Թեհրանին՝ բացատրութիւններու համար, պարզաբանելով, որ Մոսկւայի դիրքորոշումը պայմանաւորւած է այս ծրագիրին շուրջ Հայաստանի, Ադրբեջանի եւ շրջանային այլ պետութիւններու ընդունելիութեամբ:

Այս ձեւակերպումը կը ներառէ Հայաստանը, Ադրբեջանը, Վրաստանը, Ռուսիան, Թուրքիան եւ Իրանը: Այլ խօսքով՝ 3+3-ը:

Պատահական չէ ուրեմն այն, որ Բաքւի մէջ Ռուսիոյ դեսպանը կը յայտարարէր, որ ներկայիս կը համաձայնեցւի արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով «3+3» ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումի ժամկէտը:

Միջանցքի օրակարգը այս ձեւով կը տեղափոխւի 3+3 հարթակ:

Թէական է տակաւին, թէ մինչ այդ չկայացած այս ձեւաչափը կը գործարկւի՞, թէ՞ ոչ:

Կարեւոր հանգամանք մըն ալ ինքզինք զգալի կը դարձնէ այս բոլորին մէջ: 3+3-ին ներառւած կամ չներառւած Վրաստանի ընտրութիւնները սարերու ետեւ չեն:

Յայտնաբար Վրաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք է, որ պիտի ճշտւի 3+3-ի գումարման ժամկէտը:

Այդ ընտրութիւններուն արդիւնքը կրնայ լոյս սփռել տարածաշրջանային առաջադրւող հարթակի գործարկման կարելիութիւններուն վրայ:

«Ա.»

Ազդակ

Related Articles

Back to top button