Միականի դատավարութիւն
Այն պահուն, երբ Միջին Արեւելքի կաթսան ահաւոր եռք կապրի, մէկ կողմէ՝ Գազայի մօտաւորապէս մէկ տարւան պատերազմին հետեւանքով, միւս կողմէ՝ Իսրայէլ-Լիբանան ճակատին վրայ բախումներու եւ հռթիռներու փոխանակման սաստկացումով ու ցամաքային թափանցումով, իսկ զուգահեռ գիծի մը վրայ, Իսրայէլ-Իրան ուղղակի ճակատումներու բացումով եւ Ուկրաինայի անաւարտ պատերազմով, ահաւասիկ այս վտանգաւոր զարգացումներուն ստեղծած մտահոգութիւններուն «լուսանցքին» վրայ, հոկտեմբերի առաջին օրերուն, Բաքուի մէջ նախատեսւած՝ կենսոլորտի պաշտպանութեան նւիրւած ու ՄԱԿ-ի կազմակերպած խամաճիկ եւ ընդվզեցուցիչ COP29 ժողովէն շաբաթներ առաջ, Ադրբեջանի դատական ատեանը հաստատեց, որ Արցախի բանտարկւած ղեկավարներուն հասցէին նոր ամբաստանութիւններ կան։ Անոնց կալանաւորման տարեդարձի նւէ՞ր մը արդեօք…
Ամիս մը առաջ, պատանդները մեղադրւած էին, թէ՝ ապօրինի զինեալ խմբաւորումներ կազմաւորած ու մարզած են եւ ահաբեկչութիւն կատարած։ Իսկ ամիս մը ետք, ահա դարձեալ շինծու մեղադրանք մը, թէ բանտարկւած ղեկավարները… պատմամշակութային յուշարձաններ ոչնչացուցած են։
Այս լուրը իմացողը, առանց շունչ առնելու՝ անմիջապէս պիտի ըսէր․ «Տե՛ս, թէ ո՞վ է խօսողը»:
Այո՛, Look who’s talking! Շէյքսփիրեան լեզւով աւելի հարազատ կը հնչէ այս կարճ ու կտրուկ հակազդեցութիւնը։
Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ – Ղազանչեցոց – եկեղեցին մզկիթի վերածւած է։ Այդ գեղեցիկ սրբատեղիէն ոչ շատ հեռու, իր իւրայատուկ կառոյցով Կանաչ Ժամ կամ Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին ոչնչացւած է։ Դադիվանքը աղւանական կը հռչակւի…
Բերձորի Սուրբ Համբարձման եկեղեցին հիմնայատակ եղած եւ անոր տեղը մզկիթ կը կառուցւի:
Հատրութի եւ այլ շրջաններու մէջ, հաստատ փաստերը ցոյց կու տան, թէ բազմաթիւ եկեղեցիներ, մատուռներ, խաչքարեր, յուշարձաններ եւ նոյնիսկ գերեզմաններ ո՛չ միայն քանդւած են, այլ հիմնայատակ եղած են ու ջնջւած՝ երկրի երեսէն։ Կը սրբւին հերոս նահատակները ոգեկոչող կառոյցներ:
Ի՞նչ պիտի ըլլայ Գանձասարի, Ամարասի եւ այլ սրբատեղիներու ճակատագիրը։
Ափսո՛ս, ափսո՛ս եւ հազար ափսո՛ս։
Դեռ կայ աւելին, շաբաթներ առաջ, արցախահայութեան կոթողական կառոյցն ալ՝ «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» կամ «Տատիկ-Պապիկ» դիմափոխման եւ փաստացի սրբապղծման ենթարկւեցաւ։
Ուրեմն այս բոլոր պատմամշակութային յուշարձանները ոչնչացնողները, փոխանակ միջազգային դատարան ներկայանալու, կամբաստանեն բանտարկւած Արցախի ութ ղեկավարները` նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, հրամանատարի նախկին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեանը, Ազգային ժողովի նախագահ Դաւիթ Իշխանեանն ու նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանը, իբրեւ մշակութային կոթողներ քանդողներ…: Դատավարութիւն ալ պիտի ըլլայ միականի, ԱՆ-արդար դատարանի մը մէջ: Եթէ դարձեալ դիմենք Շէյքսփիրի լեզւին, զայն պիտի կոչենք «ագեվազի դատարան» (kangaroo court), ու կը նշանակէ ագեվազի նման ցատկել ճշմարտութիւններու եւ այսպէս կոչւած՝ ամբաստանեալներու իրաւունքներուն վրայէն:
Ձեւական է ամէն բան, եւ այդ ալ՝ ինչպէ՜ս։ Միակողմանի դատավարութիւն մը պիտի ըլլայ, ուր ոչ մէկ միջազգային չափանիշ ի զօրու պիտի ըլլայ։
Անտառի օրէնքներն է, որ կը կիրակւին։
Որքա՜ն բոպիկցած ու խեղճացած ենք։ Մեր «ազգընտիր վարչապետ»-ը, ՄԱԿ-ի բեմահարթակէն ո՛չ մէկ խօսք արտասանեց մեր գերիներուն, պատանդներուն, Արցախի եւ Հայաստանի գրաւեալ շրջաններուն մասին։ ԱՐՑԱԽ բառն իսկ չգործածեց։ Նշաձողը այնքա՛ն մը իջեցուցած է, որ… գետնին տակ անցած է, ա՛լ գոյութիւն չունի։ Դժբախտաբար, նոյնն էր պատկերը այդ բեմահարթակին վրայ, Երեւանի մէջ քանի մը օր առաջ տեղի ունեցած համաշխարհային հայկական գագաթնաժողովին, ուր ամէն երկրորդական եւ գերերազային հարցերու մասին խօսւեցաւ, բացի ԱՐՑԱԽ-էն։
Ըստ երեւոյթին, իր իսկ բնութագրած՝ «Տնային խօսակցութիւններ»-ուն հետ երբեք կապ չունին ԱՐՑԱԽՆ ՈՒ ԱՆՏՈՒՆ ԱՐՑԱԽՑԻՆ։
Բաքուի մէջ, աղաղակող կերպով եւ ամէնայն կոպիտ ձեւով՝ ափ աշքարա խախտած են մարդու իրաւունքները։ Այդպէ՛ս կը վկայեն նաեւ միջազգային շրջանակներ: Թուրքիոյ «գորշ գալեր»-ն ալ հոս-հոն կը յիշեցնեն իրենց ներկայութիւնը, իսկ Երեւանի վարիչները ուրիշ կողմ կը նային, հոն՝ ուր իրենց ցոյց կը տրւի Բաքւէն, Անկարայէն ու անոնց հովանաւորներէն:
Ո՛չ ոք արդարութիւն եւ հաշիւ կը պահանջէ Ադրբեջանէն:
…Եւ այս բոլորը, Բաքւի մէջ կայանալիք COP29-ի սեմին, երբ Հայաստանի շրջակայ գօտին ալ կը գտնւի Միջին Արեւելքը եռքի հասցուցած կաթսային դրացնութեան մէջ։ Դաժան իրականութիւններ՝ որոնք մեր ժողովուրդը, ամբողջ ազգը կը դնեն հայրենիքի շահերուն պաշտպան իշխանութիւն մը երկրի ղեկին նստեցնելու հրամայականին դիմաց:
«Հայրենիք» – Բոստոն
Խմբագրական