ՀՅԴ Մամուլ

Անհեթեթի թատրո՞ն, թէ՞ խամաճիկ դատավարութիւն

«Արդարադատութեան սրահներուն մէջ, միակ արդարադատութիւնը սրահներուն մէջն է»:

Լենի Պրուս (Lenny Bruce ամերիկացի դերասան, քննադատ եւ վերլուծաբան, 1925-1966)

 

Լսւած ու տեսնւած բան չէ այն խեղկատակութիւնը, որ տեղի կունենայ Բաքւի դատարաններուն մէջ։ Արցախէն բռնի ուժով ձերբակալւած, այսինքն՝ առեւանգւա՛ծ եւ Բաքու փոխադրւած հայ քաղաքական եւ զինւորական անձնաւորութիւններու, նաեւ պարզ քաղաքայիններու դատավարութիւնը կը ցուցահանւի արտառոց պայմաններու մէջ։

Միջազգային դատավարական ամենաթոյզն օրէնքներն անգամ մէկդի դրւած են, փաստօրէն, միակողմանի դատավարութեան մը բեմագրութիւնն է ներկայացւողը:

Միջազգային դէ՞տ, պատշաճ օրէնքներու ճամբով գործող պաշտպան փաստաբաննե՞ր… Նման բաներ չկան ալիեւեան Ադրբեջանի բառարաններուն մէջ:

Ո՞վ է հարցնողը։ Նժարը համահաւասար չէ։ Թեքած է մէկ կողմ։ Թեքած եւ ամրօրէն փակցւած։ Կրնանք ըսել, որ նժար չկայ, այլ մէկ ափով «կշիռք»: Իսկ արդարութեան մուրճը միայն ու միայն ի սկզբանէ անհիմն կերպով «դատապարտեալ»-ը հարւածելու համար ի գործ դրւած է։

Փաստաբան, պաշտպան փաստաբան, դատախազ, ներկաներ, հրաւիրեալ ներկաներ… Բոլորն ալ եկած են մէկ կողմէն։ Պարզ ու մeկին. մեր հայրենի բանտարկեալները որբ են։

Մեծ հմայք վայելող Լենի Պրուս իր օրերուն քմծիծաղով խօսած է իր երկրին մէջ տիրող (եւ դժբախտաբար մինչեւ օրս շարունակւող) անարդար արդարադատութեան մասին։ Արդեօք, որքա՞ն զայրացած պիտի ըլլար ան, ի տես Բաքւի մէջ սարքւած նւաստացուցիչ խեղկատակութեան:

Բաքւի մէջ պատահածը դիպուկ կերպով կը յիշեցնէ 70-ականներուն սկիզբներուն մեծ ցնցում յառաջացուցած՝ իտալացի ծայրայեղ ձախակողմեան բեմադրիչ Էլիօ Փեթրիի մէկ յիշատակելի ժապաւէնը՝ «Հետազօտութիւն՝ Կասկածէ վեր քաղաքացիի մը» (Investigation of a Citizen Above Suspicion – Indagine su un cittadino al di sopra di ogni sospetto): Հոն, բարձրաստիճան ոստիկանապետի մը պարտականութիւն տրւած է ոճիրի մը թղթածրարը հետազօտելու։ Ոճրագործը՝ նոյնինքն… ոստիկանն է, իսկ զոհը՝ իր տարփածուն։

Ժապաւէնին մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ փոխանցելով եւ մանրամասնութիւններ տեղեկացնելով, նիւթէն շեղած եւ քիչ մըն ալ ճապաղած պիտի ըլլանք, սակայն յար եւ նման կացութեան մը առջեւ կը գտնւինք։ Այլ խօսքով, ականատես ենք բեմադրութեան մը, ուր ոճրագործը զոհեր դատելու ելած է…

Փիեթրի գործը ներշնչում առած է՝ այդ օրերու Միլանոյի մէջ տեղի ունեցած պետական, ապահովական եւ ոստիկանական բնագաւառներէն ներս անհասկնալի եւ առեղծւածային դէպքերէ: Բաքւի մէջ պատահածը՝ Իտալիոյ այդ օրերու շարժապատկերի աշխարհի՝ «Չինէ Չիթա»-ի անցուդարձերէն շատ աւելի իրապաշտ «լուռ ցաւ» է։ Երեւակայական ժապաւէն մը չէ, որ կը բեմադրւի, այլ դաժան ու դժնդակ «կեանքը ինչպէս որ է Բաքւի դատարաններէն ու բանտերէն ներս»։

Փեթրիի գործի աւարտին, Ֆրանց Քաֆքայի մէկ տպաւորիչ խօսքը կը յիշւի.- «(Դատապարտողը) ինչ տպաւորութիւն ալ որ ձգէ մեր վրայ, ան օրէնքի ծառան է, հետեւաբար օրէնքին կը պատկանի եւ խոյս կու տայ մարդկային դատաստանէ»։

Հարցը շատ աւելի կը ծանրանայ եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ, երբ անարդարօրէն բանտարկւած ու ամբաստանւած հայորդիներուն թիկունք չեն կանգնիր հարազատ նկատւող՝ 19 Բաղրամեան պողոտայի բազմած անձնաւորութիւնները, որոնք այլապէս կը նպաստեն ազերիներու «յաղթարշաւներուն» ու ցնորական կերպով զբաղւած են մոգական գաւազան շարժելով, կը կարծեն, թէ փոքր հպումով «խաղաղութեան խաչմերուկ» պիտի ստեղծեն:

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button